Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Անգարայի մէջ լրագրողներուն յայտնեց. «Կրնանք Սուրիոյ անունը դուրս բերել ահաբեկչութեան հովանաւոր երկիրներու ցուցակէն, եւ Սուրիան կրնայ Հըզպալլայի հարցով մեզի օգնել»:
«Կը կարծեմ, որ Իսրայէլ իր ուժերը Հարաւային Լիբանանէն պիտի հեռացնէ», ըսաւ ան:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ նշեց. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ բարեկամ չէ, սակայն Թուրքիան մեզի դաշնակից է եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ, եւ մենք Նեթանիահուին հետ սերտ կերպով կ՛աշխատինք եւ միասնաբար շատ բան իրագործեցինք»:
«Եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ուրիշ մէկը ըլլար Իսրայէլ դադրած կ՛ըլլար գոյութիւն ունենալէ», ըսաւ Թրամփ: