Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանը, որ Պէյրութ կ՛այցելէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ 150 հազար տոլար արժողութեամբ մարդասիրական օժանդակութիւնը յանձնելու համար:
Կոստանեան յայտնեց, որ թէեւ այս աջակցութիւնը համեստ է, սակայն Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին նկատմամբ Հայաստանի գնահատանքը կ՛արտայայտէ` շեշտելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը տեւաբար կը կանգնի Լիբանանի գերիշխանութեան կողքին եւ անհամբեր կը սպասէ երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր ոլորտներուն մէջ գործակցութեան ու համակարգումի ամրապնդման:
Ռաժժի իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան` անոր նախաձեռնութեան համար, եւ բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան Լիբանանի մէջ տեւաբար ունեցած դրական ու կառուցողական դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ տարբեր ոլորտներու մէջ անոր բերած նպաստը:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանանը հաստատօրէն կը կանգնի իր գերիշխանութեան իրագործման Հայաստանի պայքարին, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի դիմադրողականութեան եւ անկախութեան ու ազատութեան համար անոր մղած պայքարի կողքին: