Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Պըն Մոհամետ Անսարի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` քաթարցի եւ փաքիստանցի միջնորդներու Տոհայի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի հետ անջատ ժողովներու աւարտը յայտարարեց` նշելով, որ Լիւսերնի լիճի վեհաժողովի արդիւնքներուն հիմամբ Իսլամապատի մէջ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրին առնչուած հարցերու շուրջ դրական յառաջընթաց արձանագրուած է:
Անսարի ըսաւ, որ կողմերը համաձայնած են յառաջիկային շարունակելու քննարկումները այն նախատեսութեամբ, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր նախկին պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի յուղարկաւորութեան արարողութեան աւարտէն ետք ամէնէն մօտ ժամանակին յառաջիկայ ժողովի թուականը ճշդուի:
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպ Ապատի յայտնեց, որ Տոհայի մէջ բանակցութիւնները սահմանափակուած են Քաթարի եւ Փաքիստանի պատուիրակութիւններուն հետ հանդիպումներով, եւ իրանեան պատուիրակութիւնը ամերիկեան պատուիրակութեան հետ որեւէ հանդիպում չէ ունեցած:
«Հորմուզի նեղուցը իրանեան ղեկավարութեան ենթակայ է եւ ոչ թէ ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան»: