«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափեն Կը Շարունակէ Ծիծաղիլ…

4 անգամ աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափեն վերջին կրան փրիին շատ յաջող ելոյթ մը ունեցած էր Աւստրիոյ մէջ` գրաւելով այս տարեշրջանի լաւագոյն դիրքը` հարթակի երկրորդ աստիճանին վրայ:

Տարեշրջանի 8-րդ մրցումին ան վերջապէս կրցաւ պայքարիլ առաջին դիրքին համար, երբ նախապէս կը գանգատէր այս տարեշրջանի նոր օրէնքներուն դէմ, որոնք ինքնաշարժները շատ դանդաղ դարձուցած էին:

Ինչպէս գիտէք, այս տարեշրջանի ինքնաշարժներու ուժը երկուքի բաժնուած էր` կէս վառելանիւթով եւ կէս բարդի ուժով: Բարդի ուժը կ՛օգտագործուէր, երբ վարորդը յաւելեալ ուժի պէտք կ՛ունենար գերազանցելու մրցակից մը:

Հետաքրքրականը այն է, որ այդ ուժը մէկ ձեւով կրնայ վերստին լեցուիլ, այդ ալ երբ վարորդը արգելակը կը գործածէ: Այսինքն` ամէն անգամ, երբ վարորդ մը կ՛ուզէ դանդաղիլ դառնալու ժամանակ, երբ արգեակը գործածէ անոր ուժ մղելիք բարդը կը լեցուի:

Այս շաբաթավերջին «Ֆորմիւլա 1»-ի 9-րդ կրան փրին պիտի հիւրընկալէ Բրիտանիոյ Սիլվըրսթոնը:

. «Սիլվըրսթոն շատ կը սիրեմ այս շրջավազքը, բայց հազիւ քանի մը շրջաններ կատարեցի, խնդալու սկսայ: Տարբեր շրջավազք մըն է իրականութեան մէջ: Գրեթէ բարդ չունիս: Սուր դարձուածքներ չկան, ուր պէտք ունիս արգելակի գործածութեան, եւ շատ տարբեր զգացում մըն է բաղդատմամբ այն ինչին, որ կ՛ընէինք այս շրջավազքին վրայ, անշուշտ շրջավազքի քարտէսին համաձայն: Աւստրիոյ մէջ երկար արագ ուղիղ բաժիններ կային, ուր ստիպուած պիտի գործածէի արգելակը` միեւնոյն ժամանակ լեցնելով բարդը: Սիլվըրսթոնը ունի երկար ուղիղ բաժիններ, բայց նաեւ արագ դարձուածքներ, ուր բարդը չի հասնիր լեցնելու, եւ յաջորդ ուղիղ բաժինը ինքնաբերաբար դանդաղ պիտի ըլլաս: Դժուար մրցում պիտի ըլլայ վարորդներուն համար», ըսաւ Վերշթափեն:

Ան վերջապէս գոհ էր ինքնաշարժէն, որ բարելաւուած էր վերջին փոփոխութիւններէն ետք:

 

Leave a Comment