Միքայէլ Արք. Աջապահեանի Տնային Կալանքը Վերացաւ

Վերաքննիչ քրէական դատարանը երէկ հրապարակեց Միքայէլ արք. Աջապահեանի դատավճիռը:

Սրբազանի տնային կալանքը վերցուեցաւ, սակայն բացակայելու արգելքը մնաց անփոփոխ:

Նշենք, որ երէկ Վերաքննիչ քրէական դատարանին մէջ տեղի ունեցաւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանի գործով վերջին դատական նիստը:

Պաշտպանները վերաքննիչ բողոքով պահանջած էին ամբողջութեամբ բեկանել առաջին ատեանի դատաւոր Արմինէ Մելիքսէթեանի կայացուցած դատավճիռը եւ կայացնել նոր դատական վճիռ` ճանչնալով եւ հռչակելով Միքայէլ արք. Աջապահեանի անմեղութիւնը:

 

Leave a Comment