Լիոնել Մեսսի Միրոսլաւ Քլոզէի Մոնտիալի կոլերու մրցանիշը բարելաւեց նշանակելէ ետք Արժանթինի երկու կոլերը` Աւստրիոյ դէմ մրցումին:
Անգամ մը եւս Լիոնել Մեսսի եղաւ Արժանթինի յաղթանակի կերտիչը: Հակառակ անոր որ ան 4-րդ վայրկեանին առիթ ունէր կոլ մը եւս նշանակելու, բայց անոր փենալթին վրիպեցաւ իր նպատակէն:
Մինչեւ ջուրի դադարը (23-րդ վայրկեանին), Աւստրիա ինքզինք գտած էր եւ աւելի լաւ կ՛աշխատէր դաշտին կեդրոնը: Սակայն Արժանթինի բերդը չվտանգուեցաւ, եւ հետզհետէ մտնելով մրցումի մթնոլորտին մէջ, Արժանթին սկսաւ տիրապետել, եւ Մեսսի նշանակեց իր 17-րդ կոլը` իր կատարած 28-րդ մրցումին:
Աւստրիա Բ. կիսախաղին աւելի լաւ սկսաւ, եւ Էմիլիանօ Մարթինես իր առաջին լուրջ առիթը զսպեց` աւելի ուշ Մարսել Սապիցըրի ազատ հարուածն ալ վարպետօրէն զսպելով: Աւստրիա բարձր թաքթիքով կը խաղար եւ ճիշդ տեղին ֆաուլերով կը փորձէր մրցումին ընթացքը փոխել:
72-րդ վայրկեանին Մեսսիի քոռնըրէն ետք Նիքօ Կոնսալեսի գլխու զօրաւոր հարուածը քիչ մը շեղեցաւ իր նպատակէն, եւ վերջին 15 վայրկեաններուն Աւստրիա սկսաւ աւելի կեդրոնանալ յարձակումներուն վրայ` նշանակելու հաւասարութեան կոլը: Այս մէկը անշուշտ խաղը «բացաւ», եւ Արժանթին աւելի յարձակելու սկսաւ:
90 վայրկեանները անցած էին, երբ յարձակումի մը վրայ գնդակը հասաւ Մեսսիին, որ 95-րդ վայրկեանին բաւական «խճողուած» Աւստրիոյ մեծ քառակուսիին մէջ նշանակեց իր եւ Արժանթինի 2-րդ կոլը` վերջին Մոնտիալի տիտղոսակիր խումբին Բ. հանգրուանի տոմսը ապահովելով:
Նոյն խմբակին մէջ, Ալճերիա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Յորդանանը: Հակառակ անոր որ Յորդանան առաջին կիսախաղին 1-0 արդիւնքով յառաջացած էր շնորհիւ Նիզար Ռաշտանի կոլին, Ալճերիա ինք էր, որ կը տիրապետէր, եւ Բ. կիսախաղին աւելի կազմակերպուած խաղալով Նատեր Պենպուալի եւ Ամին Կուիրի նշանակեցին Ալճերիոյ կոլերը:
Ֆրանսա բաւական «թաց» մրցումի մը ընթացքին 3-0 արդիւնքով յաղթեց Իրաքին: Մրցումին սկիզբէն յստակ էր, որ Քիլիան Էմպափէ անկարելին պիտի ընէր հասնելու Մեսսիի մրցանիշին:
Էմպափէ, որ 14 կոլեր նշանակած էր Մոնտիալներու ընթացքին, 14-րդ վայրկեանին իսկ բացաւ մրցումին հաշիւը, երբ փոխանցում մը ստացաւ Մայքըլ Օլիսէէն եւ քառակուսիին ծայրէն անզսպելի հարուածով գրաւեց Իրաքի բերդը:
Կը կարծուէր, որ կոլերու տարափ մը պիտի յաջորդէ այս կոլին, սակայն Իրաք լաւ ձեւով կազմակերպուած էր եւ… անձրեւի տարափ մը սկսաւ կիսախաղէն քիչ մը առաջ:
Իրաւարարը նկատելէ ետք օդերեւութաբանական վատ պայմանները, ստիպուեցաւ ուշացնել Բ. կիսախաղը… 2 ժամ, որպէսզի կայծակը, որոտումը եւ տեղատարափ անձրեւը հանդարտին:
Բ. կիսախաղին, Իրաքի բերդապահը` Ահմետ Քասեմի, որ փոխանցումը չկրցաւ լաւ ընդունիլ, եւ վրայ հասաւ Ուսման Տեմպելէ, որ Քասեմի թոյլ փոխանցումը ինք առնելով փոխանցեց Էմպափէի, որ դիւրութեամբ հասաւ իր 16-րդ կոլին` հաւասարելով Քլոզէի կոլերու հաշիւին:
Հետաքրքրականը այն է, որ Էմպափէ 16 մրցումներ կատարած է Մոնտիալի պատմութեան ընթացքին` նշանակելով 16 կոլ, Մեսսի կատարած է 28 մրցումներ եւ ունի 18 կոլ, մինչ Քլոզէ 24 մրցումներու ընթացքին նշանակած է 16 կոլ:
Ֆրանսայի 3-րդ կոլը նշանակեց Պալոն տ՛օրի անցեալ տարուան տիտղոսակիր Տեմպելէ, որ իր Մոնտիալի առաջին կոլը նշանակեց Օլիսէի փոխանցումէն ետք:
Օլիսէ բաւական անբախտ էր, երբ գեղեցիկ լոպով փորձեց գրաւել Իրաքի բերդը, բայց Իրաքի բերդին ձողը զսպեց անոր հարուածը:
Նորվեկիա 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սենեկալը, ուր անգամ մը եւս փայլեցաւ Էրլինկ Հաալանտ, որ Բ. կիսախաղին տուպլէ մը իրագործեց: Մարքուս Փետերսեն 43-րդ վայրկեանին նշանակած էր Նորվեկիոյ առաջին կոլը: Քրիսթըլ Փելեսի յառաջապահ Իսմայիլա Սարր նշանակեց Սենեկալի 2 կոլերը:
Այսօր գիշեր ժամը 11:00-ին Էքուատոր պիտի մրցի Գերմանիոյ դէմ, իսկ Քուրասաօ` Փղոսկրեայ Ափունքի դէմ: Մրցումները նոյն ժամուն տեղի պիտի ունենան` նկատի ունենալով, որ խմբակներու վերջին մրցումներն են:
Առաւօտեան ժամը 2:00-ին, Թունուզ պիտի մրցի Նետերլանտներու դէմ, իսկ Ճափոն` Շուէտի:
Վաղը առաւօտեան ժամը 5:00-ին Փարակուէյ պիտի մրցի Աւստրալիոյ դէմ, իսկ Թուրքիա` Ամերիկայի: