Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Կոչ Ուղղած Են Բանակցութիւններու Սեղան Վերադառնալու

Միացեալ Նահանգները հանդէս կու գան զինադադարի շուտափոյթ հաստատման եւ Ռուսիոյ ու Ուքրանիոյ միջեւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման օգտին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչի տեղակալ Տեն Նեկրիան:

«Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ են զինադադարի հաստատման եւ բանակցութիւններու միջոցով կարգաւորման, որպէսզի կարելի եղածին չափ շուտ վերջ  տրուի Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմին:

«Անյապաղ զինադադարի ժամանակն է: Այժմ ժամանակն է, որ Ռուսիան եւ Ուքրանիան վերադառնան բանակցութիւններու սեղան եւ կնքեն խաղաղութեան համաձայնագիր», ըսած է ամերիկացի դիւանագէտը` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ուքրանիոյ հարցով նիստի ժամանակ, որ կատարուած է արեւմտեան երկիրներու խնդրանքով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ օտար դեսպաններու առջեւ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգները այլեւս չեն ջանար Ուքրանիոյ մէջ 2022 թուականի սկիզբէն ի վեր շարունակուող պատերազմին վերջ տալու անկողմնակալ միջնորդ ըլլալ»:

Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգները անկողմնակալ միջնորդի դեր կատարելու փոխարէն Ռուսիոյ վրայ պատժամիջոցներու ճնշումը բարձրացնելու գործելաոճին կը հետեւին:

Լաւրով նաեւ նշեց, որ Եւրոպան Ուքրանիոյ տրամադրած իր զինուորական աջակցութեան ճամբով «դարձեալ միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան սպառնալիքի կը վերածուի»:

Leave a Comment