Ռէալ Մատրիտ պաշտօնական յայտարարութիւն կատարած էր` հերքելով Պայերն Միւնիխի յառաջապահ Մայքըլ Օլիսէի հետ կապ կապելու փորձերը:
Ըստ «Մունտօ Տեփորթիւօ»-ի, Ռէալ Մատրիտի այս քայլին յստակ նպատակը ՖԻՖԱ-ի կողմէ կարգապահական պատժամիջոցի կիրարկումի կասկածն է:
ՖԻՖԱ-ն յստակ օրէնք ունի, եւ ֆրանսացի Օլիսէի պայմանագիրը Պայերն Միւնիխի հետ մինչեւ 2029 թուական կ՛երկարի: Խումբ մը մարզիկի մը հետ կապի մէջ կրնայ մտնել, եթէ պատահի, որ մարզիկին պայմանագիրը աւարտած է կամ տակաւին 6 ամիսներ ունի աւարտելու: Այսքան չէ միայն, կապը պէտք է հաստատուի ակումբին հետ ուղղակիօրէն եւ ոչ թէ մարզիկին հետ:
Պէտք է նշել, որ Ֆլորենթինօ Փերես Ռէալ Մատրիտի ընտրութիւններուն ժամանակ թուած էր բազմաթիւ առաջնակարգ մարզիկներու անուններ, որոնց կարգին Օլիսէի անունը, որ իբրեւ թէ ձեռք պիտի ձգէր, եթէ նախագահ ընտրուէր:
Այժմ Փերես ստիպուած է հերքել ամէն ինչ, ՖԻՖԱ-ի կողմէ պատիժներու չենթարկուելու համար: