Զուիցերիոյ մէջ աւարտեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմին վերջ տալու համար գումարուած Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններու առաջին փուլը:
Միջնորդներ Փաքիստանն ու Քաթարը միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին. «Զուիցերիոյ Պիւրկենսթոք հանգստեան վայրին մէջ Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագիրի ծիրին մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան, Միացեալ Նահանգներու եւ միջնորդ երկու կողմերու` Քաթարի եւ Փաքիստանի հանրապետութեան մասնակցութեամբ բարձր մակարդակով բանակցութիւններու առաջին նիստը աւարտեցաւ»:
Իրանն ու Միացեալ Նահանգները համաձայնութիւն գոյացուցած են պատերազմին 60 օրուան ընթացքին վերջ տալու վերջնական համաձայնութեան հասնելու ճամբու քարտէսի մը շուրջ, «ինչ որ անմիջապէս թեքնիք բանակցութիւններու սկսելու հիմը կը դնէ»:
Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը նաեւ յայտարարած են, թէ համաձայն են «հաղորդակցութեան կապ» ստեղծելու` Հորմուզի նեղուցին մէջ միջադէպերու արձանագրումէն խուսափելու համար:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի, Իրանն ու Միացեալ Նահանգները յայտարարեցին, թէ համաձայնած են զինուորական գործողութեան դադրեցման համար «մագլցումի մեղմացման բջիջ»-ի մը ստեղծման շուրջ: «Կողմերը համաձայնեցան կողմերուն եւ Լիբանանի Հանրապետութեան միջեւ մալգցումի մեղմացման բջիջի մը ստեղծման շուրջ` երաշխաւորելու համար Լիբանանի մէջ զինուորական գործողութիւններու դադրեցումը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Փաքիստանն ու Քաթարը նաեւ հաղորդեցին. «Բոլոր հարցերուն շուրջ թեքնիք բանակցութիւնները շաբթուան մնացեալ օրերուն ընթացքին պիտի շարունակուին Պիւրկենսթոք հանգստավայրին մէջ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններուն մէջ «մեծ յառաջընթաց»-ի արձանագրումը յայտարարեց:
Արաղչի «Էքս»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Փաքիստանեան եւ քաթարեան ժրաջան միջնորդութիւնը արձանագրեց մեծ յառաջընթաց Լիբանանի պատերազմը աւարտելու համար:
«Քարիւղի եւ նաւթամթերքի արտածումներու պատժամիջոցները ջնջուեցան, շրջափակումը վերցուեցաւ, կարգ մը սառեցուած հաշիւներ ապասառեցուեցան, եւ Իրանի վերաշինութեան ու զարգացման մեծ ծրագիրի մը մեկնարկը տրուեցաւ», նշեց ան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց. «Միջնորդներուն մասնակցութեամբ նոր մեքանիզմ մը ստեղծուեցաւ` Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալուն վերահսկելու համար»:
«Քարիւղ ծախելու արտօնագիրներու եւ սառեցուած հաշիւներու ապասառեցման հարցին մէջ լաւ յառաջընթաց արձանագրեցինք», ըսաւ ան:
«Զուիցերիոյ մէջ համաձայնեցանք վերջնական համաձայնութեան հասնելու կարեւոր քայլերու շուրջ», աւելցուց Պաղայի:
Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի ծիրին մէջ առաջին բարձր մակարդակի ժողովը յաջողութեամբ աւարտած է:
Ան նշեց, որ քննարկումներուն հիմամբ յառաջընթաց արձանագրուած է, այլ հարցերու կողքին 60 օրէն վերջնական համաձայնութեան ուղղութեամբ ճամբու քարտէսի շուրջ համաձայնութեամբ:
Շարիֆ բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի կառուցողական ներգրաւուածութիւնը` հոլովոյթին իրենց աջակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելով բարեկամ պետութիւններու, մասնաւորաբար Քաթարին` անոր այս բանակցութիւններու մեկնարկման անհրաժեշտ պայմաններու պատրաստման մէջ վճռական աջակցութեան համար:
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտնեց, որ Իրան առանց զիջումներու բանակցութիւններու ձեռնարկած է` աւելցնելով, որ Իրան ականատես դարձած է հակառակորդ կողմի բանակցութիւններու ընթացքին իրանեան դիրքորոշման պատճառով Լիբանանի վերաբերեալ զիջումներու:
«Լաւ բեկումներ տեսանք», նշեց Փեզեշքիան:
Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց «շինիչ յառաջընթացը, որ արձանագրուեցաւ միջնորդներուն, Իրանի եւ Ամերիկայի միջեւ դիւանագիտական բանակցութիւններուն ընթացքին»:
«Զուիցերիան պատրաստ կը մնայ այս հոլովոյթին աջակցելու», նշեց նախարարութիւնը:
Ամերիկացի դիւանագէտ մը «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին յայտնեց. «Իրանի հետ մեր բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց գոյութիւն ունի, ներառեալ Հորմուզի եւ Լիբանանի մէջ զինադադարի վերաբերեալ մեքանիզմներու ստեղծման վերաբերեալ»:
Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը, մեկնաբանելով գոյացած համաձայնութիւնը, գրեց. «Իսրայէլի անվտանգութիւնը չի կրնար չամբողջացած ամերիկեան-իրանեան դիւանագիտութենէն կախեալ ըլլալ»:
«Համաձայնութիւնը, որ նաւարկումի ուղիներ կը պաշտպանէ, սակայն Իսրայէլը զինուած Հըզպալլայի առջեւ ձեռնակապուած կը ձգէ, տակաւին շրջանային անվտանգութեան համաձայնագիր չի նկատուիր, այլ` թերի դիւանագիտութիւն», նշեց օրաթերթը` աւելցնելով. «Իսրայէլ պէտք է ապահովէ, որ իրմէ չխնդրեն ռիսքի դիմել, երբ հարցը կրնայ իրողական գետնի վրայ ձախողած ըլլալ»:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս յայտարարեց, թէ Զուիցերիոյ մէջ բանակցութիւնները յառաջընթաց արձանագրեցին` նշելով, որ համաձայնութիւն գոյացաւ Հորմուզի նեղուցը բաց պահելու, մագլցումէն խուսափելու եւ զինադադարի համար մեքանիզմ յառաջացնելու, ինչպէս նաեւ նեղուցին մէջ ականազերծում կատարելու մեքանիզմի շուրջ:
Վանս ըսաւ, որ իրանցիները համաձայն գտնուեցան միջազգային հետաքննիչները իրենց երկիր հրաւիրելու` ատիկա նկատելով «շատ կարեւոր քայլ մը»:
Ան ըսաւ, որ հիւլէական բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրուած է, թեքնիք բանակցութիւնները ամբողջ շաբթուան ընթացքին պիտի շարունակուին եւ «Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան քննիչներու հետ բանակցութիւնները այսօր Պիւրկենսթոքի մէջ կը սկսին»:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը նշեց, որ նոր հիմքեր մշակուած են վերջնական համաձայնութեան հասնելու` յոյս յայտնելով, որ վերջնական համաձայնութեան եւ տեւական կարգաւորման կարելի կ՛ըլլայ հասնիլ, եւ աւելցուց, որ մեծ յառաջընթաց արձանագրուած է, սակայն տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարելիք:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի թղթածրարին, ան ըսաւ, որ այդ առնչութեամբ 24 ժամ առաջուան բաղդատմամբ յառաջընթաց արձանագրուած է` ընդգծելով Իսրայէլի անվտանգութիւնը եւ միեւնոյն ժամանակ Լիբանանի գերիշխանութիւնը պաշտպանելու փափաքը:
«Իրան պէտք է ետ պահէ Հըզպալլան», ըսաւ Վանս` աւելցնելով, որ Իսրայէլ ինքզինք պաշտպանելու իրաւունքն ունի, սակայն հարցերու վերահսկողութենէն դուրս չգալը երաշխաւորող մեքանիզմի մը համաձայն:
«Լիբանանի վերաբերեալ կացութիւնը շարունակուող քննարկման նիւթ պիտի ըլլայ», շեշտեց Վանս:
Քաթարի վարչապետ Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանի իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ գոյացած փոխըմբռնման յուշագիրը նպաստեց պատերազմի դադրեցման եւ անիկա արդիւնք է շրջանային աջակցութեամբ Քաթարի` Փաքիստանի հետ թափած մեծ ջանքերուն:
Ան ըսաւ, որ Լիբանանին ու Հորմուզի նեղուցին վերաբերող բարդութիւնները լուծելու համար մեքանիզմներ մշակուած են, եւ անոնց կողքին մեքանիզմ մը` շրջանին մէջ որեւէ մագլցումէ խուսափելու եւ որեւէ դէպք արձանագրուելէ առաջ կարգաւորելու համար:
Քաթարի վարչապետը յայտնեց, որ Լիբանանի կամ շրջանին մէջ այլ վայրի մէջ որեւէ մագլցում բանակցութիւններուն վրայ պիտի ազդէ: Ան ըսաւ, որ լիբանանեան հողերու իսրայէլեան բռնագրաւումը պէտք է վերջ գտնէ եւ Լիբանանի գերիշխանութիւնը պէտք է յարգուի` աւելցնելով, որ զինադադարի ընթացքին Իսրայէլի քանի մը օրուան մէջ 100 լիբանանցիներ սպաննելը անընդունելի է, եւ Միացեալ Նահանգներ ճիշդ դեր կը կատարեն Լիբանանի մէջ իսրայէլեան վարմունքներուն նկատմամբ:
Ան ըսաւ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն, ոչ առաջին անգամ ըլլալով, շրջանին մէջ մագլցումի պատճառ դարձաւ:
Ինչ կը վերաբերի Իրանին, Քաթարի վարչապետը ըսաւ, որ պատերազմի ընթացքին Իրանի` Քաթարի եւ արաբ եղբայրներու նկատմամբ կատարածը անընդունելի է` նշելով, որ գոյութիւն ունի Ծոցի շրջանի պետութիւններու համաձայնութիւն մը` Իրանի հետ երկխօսութեան հասարակաց հայեցակարգի մը կիրարկման, եւ անոր Ծոցի երկիրներուն հետ վստահութեան բարձր մակարդակի հիմամբ գործակցիլը տեսնելու փափաքի շուրջ` աւելցնելով, որ յառաջիկայ փուլին շրջանային անվտանգութեան քննարկման համար Ծոցի երկիրներու ժողովներ կը պատրաստուին:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 15-րդ կայանը նշեց. «Ամերիկայի անձնատուութեան համաձայնագիրը Իրանը կը ներառէ Լիբանանի մէջ դիտարկման եւ վերահսկողութեան մեքանիզմին մէջ: Ատոր վրայ աւելցուցէք Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի.Վանսի յայտարարութիւնները, եւ դուք Իսրայէլի համար աղէտ պիտի ստանաք»: