Հայ Պատմական Եղափոխութեան Եւ Պատմագիտութեան Մասին Նոր Եւ Գիւտարարական Աշխատութիւն Մը

Քննական Նախաբան Արեւմտեան Հայաշխարհի Հազարամեայ Պատմութեան
Թագաւորութիւններէ մինչեւ Զարթօնք
Քաղաքականութիւն եւ Մշակոյթ
Առաջին Հանգրուանը Տասներորդէն Տասնհինգերորդ Դարեր

Prolegomenon to the Millennial History of the Western Armenian World –
From ‘Kingdoms’ to an Awakening
Politics and Culture
The First Phase Tenth to Fifteenth Centuries

Հեղինակ`
ՓՐՈՖ. ՍԵԴԱ Պ. ՏԱՏՈՅԵԱՆ

Տատոյեան կը կատարէ յարացոյցներու այլ յեղաշրջում մը (paradigm shift)` ենթադրուած «հայկական գաղափարաբանութենէ» մը «հայկական ռէալփոլիթիք»-ի: Իրենց միջնաշխարհեան կացութեան մէջ, այսինքն` հակամարտ ու հզօր կայսրութեանց եւ ուժերու միջեւ, արեւմտեան հայաշխարհին մէջ հայոց եւ Եկեղեցւոյ պայմանները չէին արտօներ անկախ ընտրութիւններ եւ համապատասխան գործունէութիւն: Այսինքն չունէին առանձնաշնորհեալ վիճակ մը` հակառակ ամէն բանի հետեւելու «ազգային գաղափարաբանութեան» մը, որ տեսականօրէն իսկ վերացական յարացոյց  մըն է` որոշ պարագաներու բերմամբ: Տատոյեան կը բացատրէ, թէ իբրեւ գործօն տարրեր իրենց գտնուած վայրերուն մէջ, իրենց հոգեւոր եւ աշխարհական առաջնորդներով եւ հաստատութիւններով, հայերը կը գտնուէին ահաւոր ճնշումներու եւ վտանգներու տակ, եւ պէտք էր որ գոյատեւէին: Հոսկէ` հայկական ռէալփոլիթիքը:

Թէեւ հայկական ռէալփոլիթիքի տեսութիւնը կը փոխարինէ մնայուն եւ շարունակական գաղափարաբանութեան յարացոյցը, բայց եւ այնպէս, անիկա միաժամանակ կը պահէ ազգային ինքնութեան մը սկզբունքայնութեան կեդրոնական դերը արեւմտահայ աշխարհին պարագային: Այլապէս,  այսօր գոյութիւն պիտի չունենային հայեր: Այս ուղղութեամբ կան բազմաթիւ դրուագներ Փրոլեկոմենոնին մէջ:

Իրողապէս այս հայկական ռէալփոլիթիքի յարացոյցը միակն է, որ կը բացատրէ արեւմտեան հայաշխարհին տակաւին անգիր պատմութիւնը: Սակայն աւանդական պատմագրութեան, նաեւ, այսպէս կոչուած, «առարկայական» պատմաբաններուն համար այս յարացոյցը խնդրական է, որովհետեւ ամբողջովին կը ջրէ ցարդ առաջարկուած հայկական «ինքնուրոյն» գաղափարաբանութեան մը, մտածելակերպի եւ գործելակերպի մասին առկայ պարզաբանական տեսանկիւններն ու պատումները:  Տատոյեան կ’ըսէ, թէ բոլոր մակարդակներու եւ մարզերու մէջ հայերու կարծր գործնապաշտութիւնը, ներառեալ` Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու պարագային, կը հերքէ վերացական եւ քարացած գաղափարը  վաւերական ու մնայուն հայկական ինքնութեան եւ գաղափարաբանութեանց: Փոխարէնը, բացատրելու համար արեւմտեան հայաշխարհի հազարամեայ պատմական եղափոխութիւնը, Տատոյեան կ’առաջարկէ նկատի առնել` փոխյարաբերութեանց ուժական կերպերը, գոյատեւման շարժուն եւ եռանդուն միջոցները, յարատեւ գաղթի եւ մշակութային զարգացումի գործընթացները:

Արեւմտեան հայաշխարհը գոյացաւ եւ զարգացաւ Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն փոթորկոտ, սակայն հարուստ, բաղձալի եւ գեղեցիկ մասերուն մէջ ու տարբեր ժողովուրդներու, մշակոյթներու եւ հաւատքներու միջեւ հայոց ռէալփոլիթիքի՛ն շնորհիւ, ոչ թէ` միջնադարեան ենթադրեալ գաղափարաբանութեան մը:  Հայեր եւ իրենց հաստատութիւնները պէտք էր որ դաշնակցէին կամ պայքարէին տարբեր կողմերու հետ` միաժամանակ որդեգրելով կամ մերժելով այն, ինչ որ նպաստաւոր էր կամ չէր իրենց գոյատեւման համար: Արեւմտեան հայաշխարհին ամբողջ պատմութեան մէջ դժուար է գտնել պարագայ մը, ուր գոյատեւումը եւ իշխանութիւնը զոհուած են գաղափարի համար: Միշտ ալ գտնուած են խուսափելու եւ շրջանցելու կերպեր ու դիւանագիտութիւն: Շնորհալին օրինակ մըն է: Սակայն, ինչպէս Տատոյեան կը շեշտէ ուղղակի պարագաներով, երբեք չեն կորսուած ազգային աւանդութիւնները եւ հաւատքը, մանաւանդ ինքնագիտակցութիւնը` ամէնէն աննպաստ միջավայրերու մէջ անգամ:

Արեւմտեան հայաշխարհն էր դաշտը եւ ենթական տասնիններորդ դարու երկրորդ կէսէն մինչեւ յաջորդ դարու առաջին քսանականները եղերական դէպքերուն: Սակայն, հակառակ ամէն բանի,  անիկա ոչ միայն չանհետացաւ, այլ գոյատեւեց, մեծցաւ ու համաշխարհայնացաւ: Հոս է Տատոյեանի պատմագիտական վերլուծումին ուղղակի կարեւորութիւնը: Դժբախտաբար, կը գրէ ան, եղեռնային դէպքերու ուղղակի եւ անխուսափելի հետեւանքներէն մէկը այն էր, որ «մահուան եւ յարութեան» դասականացած պատկերները ոչ միայն նորոգուեցան, այլ նաեւ ստացան զանգուածային համեմատութիւններ: Ջարդերը, տեղահանութիւնները եւ աքսորը անխուսափելիօրէն թարգմանուեցան տարբեր արուեստներուն մէջ: Ազգային ողբերգութեան պատումներու շրջանակը  եղաւ վաւերականութեան չափանիշը: Պատմագրութիւնը, իր կարգին, աւելի եւս յարեցաւ կեդրոն-շրջամասի յարացոյցին, որովհետեւ շրջամասը գրեթէ կորսուելու վտանգի մէջ էր, իսկ հայրենիքը 1918-ին յարութիւն առած` դարաւոր մթագնումէ ետք: Ուրեմն, աւելի քան դար մը ետք, եւ աւելի քան երբեք, հանրապետութիւնը ինքզինք կը նկատէ կորիզը հայկական ընդհանուր մեթափոլիսին, եւ միակ «գանձատունը»` անոր քաղաքական, մշակութային եւ նիւթական կարելիութիւններուն: Այս հասկացողութեան արտայայտութիւնները տառացիօրէն ամէն տեղ են: Հայրենիք-սփիւռք յարացոյցը պատմագիտական վերլուծումէ զերծ է այլեւս եւ եղած` դիւանագիտութիւն մը, ինքնին նոր մշակոյթ մը` իր բոլոր ժխտական ու դրական երեւոյթներով եւ հետեւանքներով:

Մատենաշարին Շնորհալիի նուիրուած հատորին առաջին էջին վրայ Տատոյեան կը գրէ. «Ինչպէս որ գիտութիւնը, նոյնպէս ալ անգիտութիւնը կարեւոր ազդակ է… Յաճախ մարդիկ կը կատարեն թիւր դատողութիւններ եւ արարքներ անգիտութեան պատճառով:  Ճիշդ գործունէութիւնը կը սկսի ճիշդ ինքնաճանաչումէ եւ գիտութենէ: Սեփական պատմութեան ճանաչողութիւնը անհրաժեշտ է անհատական ե՛ւ հաւաքական մակարդակներու վրայ: Այս հատորը… փորձ մըն է ինքնաճանաչումի, սակայն` նոր եւ տարբեր դիտանկիւնէ եւ մակարդակի վրայ: Նպատակն է, այսպէս կոչուած, ակադեմական նիւթեր ոչ միայն մատչելի դարձնել, այլ` իմաստալի եւ գործադրելի»:

Ամփոփում մը` հատորին չորս մասերուն բովանդակութեան եւ փաստարկումներուն

Առաջին մաս. «Սկզբնաւորութիւններ տասներորդ դարուն եւ անկիւնադարձներ» (The Beginnings in the Tenth Century and Turning Points)

Այս մասը համառօտ կերպով կը ներկայացնէ արեւմտեան հայաշխարհին կազմաւորման փուլերը տասներորդ դարու կէսէն ետք եւ յաջորդին ընթացքին: Նկատի կ’առնուի Հայաստանի արեւմտեան եւ հարաւային կողմի մեծ շրջանը, Կապադովկիոյ, Սեւ եւ Միջերկրական ծովերու միջեւ, ներառեալ` Կիլիկիան: Շրջանային եւ հայկական պայմանները ստեղծեցին նպաստաւոր միջավայր մը` նոր հայաշխարհի մը կազմաւորումին ի նպաստ: Տատոյեանի առաջին փաստարկումը` յառաջաբանին եւ առաջին մասին մէջ, հետեւեալն է. «Եթէ Հայոց պատմութիւնը պատմութիւնն է բոլո՛ր հայոց ամէն տեղ, ուր որ գտնուած են եւ կը գտնուին, անիկա պէտք է որ բացատրէ բոլո՛ր դրուագներն ու հարցերը ամէն տեղ եւ բոլոր ժամանակներու մէջ: Այս չէ կացութիւնը պատմագրութեան մէջ»: Իրողապէս, Տատոյեան ստուգած, յաճախ պեղած է արաբական աղբիւրներէ այնպիսի պարագաներ, որոնք արմատապէս կը հակադրուին եւ կը ջրեն ընդունուած ընթացիկ յարացոյցներն ու պատումները: Անիկա կը բացատրէ, թէ գոյութիւն ունին բազմաթիւ անհամեմատութիւններ, «սեւ խոռոչներ»  եւ պատմագիտական սխալներ: Ուրեմն, իբրեւ առաջին քայլ` Տատոյեան կ’առաջարկէ փոխարինել աւանդական ու ընթացիկ յարացոյցները, մանաւանդ` արեւմտեան եւ արեւելեան հայաշխարհներու, կեդրոնի եւ շրջամասի, ապա սկսիլ ուղղակի եւ հիմնաւորուած պարագաներէ` իբրեւ հակապարագաներ (counterpoints), հասնելու համար աւելի իրական-ապրուած պատմութեան մը:

Երկրորդ մաս. «Թագաւորական եռանկիւնը կամ երկրորդ թագաւորական դարը – Տասներկրորդէն տասնչորրորդ դարեր» (The Dynastic Triangle or the Second Age of Kingdoms – Twelfth to Fourteenth Centuries)

Այս մասին մէջ Տատոյեան կը ներկայացնէ իր գլխաւոր տեսութիւններէն` Հայկական միջնարարի տեսութիւնը (The Armenian Intermezzo): Միջնարարը երկու դարերու միջոցն է վերջին թագաւորութեան, Բագրատունեաց անկումին (1045) եւ Կիլիկիոյ մէջ թագաւորութեան մը հաստատումին (1199): Այս մասին մէջ է Տատոյեանի կարեւոր գիւտերէն եւ թեզերէն մէկը` «Կիլիկիան եւ թագաւորական եռանկիւնը կամ երկրորդ թագաւորական դարը» գլուխը (Cilicia and the Dynastic Triangle or the Second Age of Kingdoms, Twelfth to Fourteenth Centuries):

Հայկական միջնարարի տեսութիւնը Տատոյեանի պատմագիտական աշխատանքին մէջ կը վերաբերի շատ կարեւոր երեւոյթի մը թէ՛ Հայոց պատմութեան եւ թէ՛ մերձաւորարեւելեան պատմութեանց մէջ. «Ճիշդ է, որ հայեր կորսնցուցին իրենց ինքնիշխանութեան բոլոր հաստատութիւնները եւ հողերը, սակայն չկորսնցուցին իրենց քաղաքական հետաքրքրութիւնները եւ անշուշտ պահանջներն ու շահերը: Հակառակը ճիշդ է, որովհետեւ հոն էր իրենց գոյատեւման յոյսը ամբողջ շրջանին մէջ: Իրողապէս աւելցաւ հայոց քաղաքական ու զինուորական եռանդն ու հետաքրքրութիւնը իսլամական աշխարհին մէջ եւ ժողովուրդին բոլոր խաւերուն մասնակցութեամբ»: 1060-1080 Տատոյեան կը վերբերէ հինգ հայկական իշխանապետութիւններ, երեքը` արեւելեան Փոքր Ասիոյ մէջ, չորրորդը` Սուրիա  եւ Պաղեստին, հինգերորդ եւ ամէնէն նշանաւորը` ֆաթիմիական Եգիպտոս: Բազմաթիւ հայ զինուորական դէմքեր եւ ամբողջ համայնքներ գործօն էին շրջանին մէջ` յոյներու, լատին խաչակիրներու, արաբներու, քիւրտերու, սելճուքներու, մոնկոլներու եւ մամլուքներու հետ: Այսինքն միջնարարին երկու դարերը արեւմտեան հայաշխարհին ամէնէն գործօն ժամանակներն էին եւ, ինչպէս Տատոյեան կը շեշտէ, Հայկական Կիլիկիան (1080-1375)` արեւմտեան հայաշխարհի ամէնէն ուժեղ եւ երկարատեւ քաղաքական միաւորը, ա՛յս պայմաններուն արդիւնքն էր եւ ոչ թէ` աստուածային պարգեւ մը կամ հերոսական-առասպելական երեւոյթ մը:

Երրորդ մաս. «Ուղղափառութեան եւ ինքնութեան խնդրականութիւններ – Պետութիւն եւ Եկեղեցի Կիլիկիոյ մէջ» (Problematics of Sovereignty, Orthodoxy and Identity – The State and the Church in Cilicia)

Այս մասը կը կեդրոնանայ արեւմտեան հայաշխարհին մէջ գոյատեւման առնչուած հաստատութենական խնդրականութեանց (problematics): 1045-ին Անիէն աքսորուելէ աւելի քան դար մը ետք է, որ հայոց կաթողիկոսութիւնը հաստատուեցաւ Հռոմկլայ, Զանգի-Սելճուք հողի վրայ, Կիլիկիոյ արեւելեան սահմանին վրայ (մինչեւ մամլուքներու արշաւանքը եւ առումը 1293-ին, ապա` Սիս մինչեւ 1915): Տատոյեան կ՛ընդգծէ, որ Կիլիկիոյ մէջ երեք դարերու ընթացքին քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւնները կը գտնուէին քաղկեդոնական եւ լատին ծայրայեղ ճնշումներու տակ: Ուրեմն, պէտք էր հաւասարակշռել ինքնավարութիւնն ու ուղղափառութիւնը, նաեւ` համապատասխան հաստատութիւնները, այսինքն` կիլիկեան իշխանապետութիւնը, ապա` թագաւորութիւնը մէկ կողմէ, եւ Եկեղեցին` միւս կողմէ:

Հայկական Կիլիկիոյ երեք դարերուն ընթացքին (1080-1375) իշխեցին քսաներկու կաթողիկոսներ եւ նոյն թիւով քաղաքական առաջնորդներ` ինը Մեծ Իշխան, տասներեք թագաւոր: Տատոյեան կազմած է տախտակ մը ընդհանուր պատկերին: Կը խօսի կարեւոր դէպքերու մասին, նաեւ կապուած` եկեղեցական միութեան եւ ժողովներու: Կը վերլուծէ խնդրականութիւններ` կապուած Հայ եկեղեցւոյ եւ հաւատքին ուղղափառութեան եւ ազգային ինքնութեան ու գերիշխանութեան պահպանումին: Երրորդ մասին մէջ է նաեւ կարեւոր գլուխ մը «1441 շարժում»-ին մասին, ուր Տատոյեան կու տայ նոր եւ տարբեր տեսանկիւն մը դէպքին` ըստ պատմագիտական պայմաններուն, հեռու` հարցին քաղաքականացած եւ յաճախ թիւր հասկցուած տարբերակներէն:

Չորրորդ մաս. «Արեւմտեան հայաշխարհին միջնաշխարհեան մշակոյթը. Միջնադարէն դէպի կանուխ զարթօնք ուղին» (A Mesopolitan Culture in the Western Armenian World from the Middle Ages to the Early Awakening – The Path to an Awakening).

Այս մասը նուիրուած է արեւմտեան հայաշխարհին մէջ եւ անոր պայմաններուն շնորհիւ միջնաշխարհեան մշակոյթի զարգացումին, ապա արծաթէ դարուն` տասներկրորդ դարուն: Տատոյեան նաեւ բաւական լայն տեղ տուած է կիլիկեան մշակոյթի անմիջական ազդակ երկու դէմքերու` Գրիգոր Նարեկացիին եւ Գրիգոր Մագիստրոսին: Կայ գլուխ մը` նուիրուած Երզնկայի` այս ամէնէն միջնաշխարհեան հայկական միաւորին մշակոյթին տասներրորդ եւ տասնչորրորդ դարերուն: Տատոյեան շատ համառօտ կերպով կը գրէ Յովհաննէս Երզնկացիի (իր մասնագիտութիւններէն) եւ Կոստանդին Երզնկացիի մասին: Մշակութային այս երեւոյթներն են որ յառաջացուցին  կանուխ նախազարթօնքը արեւմտեան հայաշխարհին մէջ:

————

Բովանդակութիւն

Introduction. A Critique of the «Center-Periphery» Paradigm – The «Western and Eastern Armenian Worlds»
Historiographic Model
Part One. Formation of the Western Armenian World –
Chapter 1.  Beginnings in the Earlier Periods
Chapter 2.  The Armenian Intermezzo
Part Two. The Dynastic Triangle or the Second Age of Kingdoms – Twelfth to Fourteenth centuries
Chapter I. Cilicia. The first Body Politic in the Western Armenian World
Chapter II. The Zak‘arians at Ani
Chapter III. The City State of Erznka/Erzinjān
Part Three. Problematics of Sovereignty, Orthodoxy and Identity – The State and the Church in Cilicia
Chapter I. From the fall of Ani in 1045 to Prince Lewon II
Chapter II. The hundred years from 1080-1190s
Chapter III. From Lewon I’s realpolitik in 1190s, to the fall of Sis in 1375
Chapter IV. A different and novel perspective on the «1441 Movement»
A List of the Cilician Princes/Kings and their Contemporary Catholicoi
Part Four. A Mesopolitan Culture in the Western Armenian World  – The Path to the Awakening
Chapter I. Beginnings in the Tenth and Eleventh Centuries – Narekats‘i and Magistros as factors
Chapter II. The Silver Age in Cilicia – Twelfth to Fourteenth Centuries
Chapter III. Medieval Cosmopolitanism in the Western Armenian World – The Case of Erznka
Chapter IV. Poetry as Bridge to an Early Awakening
In Conclusion. The Arguments in the Four Parts

(Շար. 2 եւ վերջ)

 

Leave a Comment