ՏՈՔԹ. ՓԱՕԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ
Համալսարանական տարիներուս, 1972-ի շրջանին, երբ ամուսնացայ կնոջս` Լուսին Չամիչեանի հետ, ան որոշեց իր դեղագործութեան մասնագիտութիւնը շարունակել Իտալիոյ մէջ, ուր ես բժշկութիւն կ՛ուսանէի: Այդ որոշումին հիման վրայ իր 2 տարուան ծրագիրը Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն փոխադրեց Իտալիոյ Պոլոնիայի համալսարան:
Այն ժամանակ ես Փարմա քաղաքը կ՛ուսանէի, իսկ Պոլոնիա քաղաքը մօտ 90 քմ հեռու էր. սկիզբը կնոջս հետ քանի մը անգամ Պոլոնիա քաղաքը եւ համալսարանը գացի պարզապէս լեզուի եւ ճամբու գծով օգտակար ըլլալու նպատակով, մինչեւ որ լեզուին ընտելանայ եւ ճամբաներուն վարժուի:
Կինս դեղագործութիւն կ՛ուսանէր, եւ երբ Պոլոնիա համալսարանի քիմիագիտութեան հիմնարկին մօտեցանք, զարմանալիօրէն անակնկալի եկանք, երբ պողոտային եւ հիմնարկին վրայ կարդացինք` «Յակոբ Չամիչեան հիմնարկ» (Ciamician Giacomo institute):
Առաջին հարցումը, որ մենք մեզի հարցուցինք, այն էր, թէ ի՞նչ գործ ունէր այդ անունը այդ հսկայ համալսարանին շէնքին վրայ, եւ այդ մէկը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց մեր մտքերուն մէջ…
Օրերը անցան, եւ երբ կնոջս քննութեան օրերը հասան, ան շատ մտահոգ վիճակ ունէր, որովհետեւ Իտալիոյ քննութիւնները տեղի կ՛ունենան մեծ սրահի մէջ, ուր մօտ 200-300 ուսանողներ նստած` կ՛ունկնդրեն մասնագէտ փրոֆեսէօրներուն հարցումները եւ կը պատասխանեն:
Ամէն ինչ այդ հսկայ սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ, իսկ եթէ զգայուն կամ ամչկոտ ըլլաս, գիտցածդ ալ կը մոռնաս:
Կինս` Լուսինը, վարժուած էր ամերիկեան համալսարանի քննութիւններուն, ուր անկիւն մը նստած A-B-C-ի վրայ x մը դնելով` հարցումներուն ճիշդ պատասխանը կը տրուէր:
Գիշերը վախէն չկրցաւ քնանալ` մտածելով, թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենար խորհրդարանի նմանող այդ հսկայ սրահին մէջ իր դիմաց կանգնած 3 կամ 4 փրոֆեսէօրներուն հարցումներուն ճիշդ պատասխան տալ: Զինք քաջալերելու համար ըսի, թէ իր զգացածը այդ 200-300 ուսանողները եւս պիտի զգային, «Իտալիա վարժուած են այդպիսի քննութիւններու», «Մի՛ վախնար», «Ես ալ հետդ ներկայ կ՛ըլլամ այդ սրահին մէջ» եւ այլն, եւ այլն:
Այդ ձեւով քաջութիւն տալով եւ բարոյականը բարձր պահելով գացինք Պոլոնիա` քննութեան, երբ վերջապէս կնոջս կարգը եկաւ եւ իր անունը տրուեցաւ, շատ զարմանալի բան մը պատահեցաւ: 3 փրոֆեսէօրները, որոնք իր անունը լսեցին, ստուգեցին, թէ իրա՞ւ հայ է, եւ իրա՞ւ Չամիչեան է: Կինս, որ մարելիք աստիճանի հասած էր, շատ ազդուած ըլլալով, զգայուն վիճակով իտալերէն «Si» բառը գործածեց, որ «այո՛» կը նշանակէ:
Հոն շատ տարօրինակ եւ անհաւատալի բան մը պատահեցաւ. ի յայտ եկաւ, որ այդ տարիքոտ մասնագէտ փրոֆէսէօրը, որ դեղագործութեան բաժնին տնօրէնն էր, աշակերտը եղած էր Չամիչեանին… Ան ոտքի ելաւ, իրեն հետեւեցան միւս 2 փրոֆէսէօրները, ապա ան բարձր ձայնով յայտարարեց, որ ինք տարիներով Յակոբ Չամիչեանի ուսանողը եղած է եւ` շատ հպարտ զգացած, այժմ ուրախ է, որ դարձեալ Չամիչեան մականունով ուսանող մը ներկայացած է: Ապա խնդրեց ներկաներէն, որ 1 վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեն այդ հայ մեծ մասնագէտ փրոֆեսէօրին յիշատակը: Ես եւ ամբողջ սրահը ոտքի ելանք եւ 1 վայրկեան քար լռութիւն տիրեց այդ հսկայ սրահին մէջ:
Երբ քննութիւնը ընթացք առաւ, փրոֆեսէօրը շատ պարզ եւ դիւրին հարցումներ ուղղեց կնոջս. յստակ էր, որ հոգեկան վիճակը նկատելով` մտադրած էր անպայման յաջողցնել այդ Չամիչեան մականունով ուսանողը. ամփոփելու համար ըսեմ, որ քննութիւնը շատ յաջող անցաւ` լաւ նիշերով, եւ երբ կինս ոտքի ելաւ, որ սրահէն դուրս գայ, դժուար կը քալէր: Սակայն անշուշտ այս նիւթը կնոջս մասին չէ, այլ` Յակոբ Չամիչեանին, որ Իտալիոյ մէջ մեծ եւ հռչակաւոր անձ մը եղած է` իբրեւ հայ/իտալացի քիմիագէտ:
Ո՞վ է Յակոբ Չամիչեան (Giacomo Ciamician)
Յակոբ Չամիչեան ծնած է 27 օգոստոս 1857 թուականին, Իտալիոյ Թրիեսթ քաղաքին մէջ, որ այն ատեն մաս կը կազմէր Աւստրիական կայսրութեան. հայ ընտանիքէ մը, որ վաճառականութեամբ կը զբաղէր եւ գաղթած էր Կոստանդնուպոլիսէն 1850-ականներուն:
Չամիչեան յաճախած է Վիեննայի GIESSEN համալսարանը, ապա փոխադրուած` Հռոմ, ուր աշխատած է տեղւոյն քիմիական համալսարանը, ապա փոխադրուած է Փատովա 1887 թուականներուն եւ վերջնականապէս հաստատուած` Պոլոնիայի համալսարանը, ուր շարունակած է իր գործը եւ նշանակուած` քիմիական համալսարանի տնօրէն մինչեւ իր մահը:
Չամիչեան իր աշխատանքին մէջ, կեդրոնացած է մանաւանդ ֆոթոքիմիա գիտութեան վրայ (Photochemistry) եւ մօտ 40 հրատարակութիւններ ղրկած` «Science» նշանաւոր գիտութեան թերթին եւ համագումարներու ներկայանալով բացատրած` ուժի փոխանցումը (energy transition), որ կը նշանակէ, թէ ինչպէ՛ս արեւու ճառագայթէն կրնանք ուժ (energy) արտադրել եւ խնայողութեամբ` երկիրներու տնտեսութիւնը զօրացնել. ան շինած էր մարտկոց մը, որ իր աշխատած տարրալուծարանին լոյսերը կը վառէր:
Մէկ խօսքով, Չամիչեան եղած էր առաջին անձը, որ արեգակնային ուժը (solar energy) օգտագործելու գծով աշխատած է եւ գիտցած անոր արժէքը: Ան իր յաջողութիւնները եւ սերտողութիւնները կրցած է տարածել եւ մօտ 4000 գրութիւններ բաժնելով ամբողջ աշխարհին` բացատրած է իր ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքը:
Իտալական կառավարութիւնը, որ այն ատեն թագաւորութիւն էր, 1901 թուականին զինք նշանակեց ծերակուտական, եւ նոյն տարին Պոլոնիայի քիմիական համալսարանը կրեց անոր անունը:
Չամիչեան 9 անգամ ստացաւ քիմիագիտութեան Նոպէլեան մրցանակ (Chemistry-Nobel Prize)` 1905-1907-1908-1911-1912-1914-1916-1919 եւ 1921 թուականներուն եւ եղաւ արեգակնային ուժանիւթի գաղափարին ռահվիրան (THE PIONEER OF SOLAR ENERGY IDEA):
Եւրոպայի զանազան համալսարաններէն հրաւիրուեցաւ եւ մեծ պաշտօնական վկայականներ ստացաւ, ան նոյնիսկ սկսաւ սերտել հիւլէական ուժին (Atomic energy) մասին:
Իր գլուխ գործոց աշխատանքներէն ամէնէն նշանաւորը եղած է բոյսի քիմիագիտութիւնը (plant chemistry), ուր Chlorophyll – Caffeine -Norobromine (chocolate+caffeine) կոչուած նիւթերը կ՛աճեցնէին ծառերն ու բոյսերը… Իր հեռատեսութիւնը այն էր, որ արեւի ճառագայթները եւ յատուկ նիւթերը կ՛օգտագործուէին արդիւնաբերութեան եւ աշխարհի մարդկութեան յառաջդիմութեան համար:
Երբ 2 յունուար 1922 թուականին Չամիչեան մահացաւ Պոլոնիա քաղաքին մէջ, ամբողջ քաղաքը սուգ պահեց այդ օրը… Իսկ Թրիեսթ եւ Պոլոնիա քաղաքները զինք պատուելու եւ իր յիշատակը անմար պահելու համար մեծ պողոտաներ իր անունով կոչեցին` Giacomo Ciamician street:
Պոլոնիայի համալսարանի շէնքը եւս կրեց իր անունը: Իսկ 1997-ին Երեւանի Քիմիական քոլեճը եւս իր անունով կոչուեցաւ:
Ապագայի մասին Չամիչեանի կարեւոր խօսքերէն մէկը եղած է. «Քաղաքակրթութիւնը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ արեւը պիտի փայլի»: