
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն
ԳՐԻԳՈՐ Յ. ՎԱՐԴԱՊԵՏԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 19 յունիս 2026-ին:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Ս. Փրկիչ Հայ կաթողիկէ բարեսիրական միութիւնը կը գուժէ իր վաստակաշատ անդամներէն
ԳՐԻԳՈՐ Յ. ՎԱՐԴԱՊԵՏԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 19 յունիս 2026-ին:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին տոքթ. Տիգրան եւ Սիրուն Վարդապետեան եւ դստերք` Էլզա եւ Ռիթա
Օրիորդ Մարալ Վարդապետեան
Տիկին Թամար Վարդապետեան եւ դստերք` Էլոտի եւ Էլլա-Մարիա
Հանգուցեալ Ճորճ Վարդապետեանի ընտանիք
Տիկին Սիրանուշ Փօլատեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Ալիս Ճէրէճեանի ընտանիք
Տեարք Զաքար եւ Զոհրապ Պալեան եւ ընտանիքներ
Վարդապետեան եւ Պալեան ընտանիքներ
Խօշաֆեան եւ Կուաչիօ ընտանիքներ
Դարբինեան եւ Խտրլարեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, աներոջ եւ հարազատին`
ԳՐԻԳՈՐ Յ. ՎԱՐԴԱՊԵՏԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1938-ին)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 19 յունիս 2026-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 22 յունիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ՀԿՄ-ի «Նիրվա եւ Վարուժ Ներկիզեան» սրահին մէջ: Ինչպէս նաեւ երեքշաբթի, 23 յունիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ: