ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
15 ապրիլ 2026-ին «ԹԱՅՄ» վեց խմբաւորումով` դիմանկարներ, արուեստագէտներ, ռահվիրաներ, տիտաններ, ղեկավարներ եւ նորարարներ, կը ներկայացնէր 2026 թուականի աշխարհի 100 ամէնէն ազդեցիկ մարդիկը:
Հոս, ամփոփելով, կ՛առանձնացնեմ ղեկավարները:
Լեւոն ԺԴ. քահանայապետ
Ֆրանչեսքոս քահանայապետի ընտրութիւնը դարձակէտ մը հանդիսացաւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ: Միջին դարերէն ի վեր ան առաջին պապն էր, որ Եւրոպայէն չէր գար եւ յիսուսեան միաբանութեան անդամ էր: Լեւոն ԺԴ. պապ առաջին հիւսիսային ամերիկացի եւ 500 տարուան մէջ օգոստինոսեան միաբանութեան պատկանող առաջին պապն է: Ան կը յատկանշուի իր արիութեամբ եւ բոլորին հանդէպ ջերմ վերաբերումով: Ան լաւ գիտէ, որ Քրիստոսի Եկեղեցին բարենորոգութեան կարիքը ունի, որպէսզի իր բարոյական ու հոգեւոր ուժականութիւնը վերագտնէ: Կաթողիկէ եկեղեցին տեսակաւոր սեռային շահագործումներու եւ տնտեսական խախտումներու ենթակայ է բաւական ժամանակէ ի վեր. առաւել` բազմաթիւ քրիստոնեաներ հեռացած են Եկեղեցիէն: Այսօր Եկեղեցին իր դէմ գտնուող մարտահրաւէրները յաղթահարելու հրաւիրուած է` իր աստուածատուր կոչումին վերադարձով: Ֆրանչեսքոս պապ յաճախ ընդգծեց, որ Եկեղեցին շէնք մը կամ խորհրդանշան մը չէ, այլ` Յիսուսի ուսուցումներուն հանրագումարը: Նոյն ուղիին կը հետեւի Լեւոն ԺԴ. պապ: Ան յանձնառու է աշխարհականներուն աւելի գործուն դեր շնորհելու քրիստոնէական հաւատքի առաջնորդութեան եւ սիրոյ մէջ: Ան վերջերս ներածութիւն մը գրեց 17-րդ դարու ֆրանսացի կարմեղեան միաբանութեան անդամ Յարութեան Լորընս եղբօր «Աստուծոյ ներկայութեան ապրումը» գիրքին նոր հրատարակութեան: Այս գիրքը մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ Աստուած գտնելու եւ Զայն Եկեղեցւոյ ֆիզիքական կառոյցէն դուրս բերելու սքանչելի ուղեցոյց մըն է: Այս ներածութեան մէջ Լեւոն ԺԴ. պապ կը հաստատէ. «Ամբողջ քրիստոնէական բարոյագիտութիւնը կը խտանայ այն ճշմարտութեան մէջ, որ Աստուած մի՛շտ ներկայ է մեր կեանքին մէջ: Ան հո՛ս է»: Այս խօսքերը իսկապէս յուսատու են:
Քլոտիա Շէյնպաում
Մեքսիքայի նախագահ Քլոտիա Շէյնպաում իր պաշտօնավարութիւնը սկսաւ ամէն կողմէ բազմաբնոյթ հարցերով ծանրաբեռնեալ: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ սպառնաց պատժիչ տուրքեր սահմանել եւ Մեքսիքայի վրայ յարձակիլ: Անկարգապահներու վայրագութիւնները աճեցան: Մեքսիքացի քննադատներ խստօրէն դատապարտեցին նոր նախագահը: Քլոտիա Շէյնպաում բոլոր հարցերը վարպետ դիւանագէտի պաղարիւնութեամբ յաղթահարեց: Ան Մեքսիքայի գերիշխանութիւնը պաշտպանեց` առանց առճակատումի դիմելու: Այսպիսով, ան մեծ ժողովրդականութիւն շահեցաւ եւ գործնական քայլերով բարելաւեց իր ժողովուրդին կեանքը: Անշուշտ ան տակաւին երկար եւ փշոտ ճանապարհ ունի անցնելիք, սակայն հաստատ քայլերով կը յառաջանայ դէպի աւելի փայլուն ապագայ:
Մարքօ Ռուպիօ
Ֆլորիտայի նախկին ծերակուտական ու ժամանակին Տանըլտ Թրամփի կատաղի մրցակիցն ու խիստ քննադատը` Մարքօ Ռուպիոն, Ուաշինկթընի մէջ երկու բանալի պաշտօն կը վարէ` արտաքին գործոց նախարար եւ ազգային անվտանգութեան խորհրդական: Այս կրկնակի պաշտօնները իշխանութեան մենաշնորհ կը պարգեւեն իրեն, ինչպէս նախապէս միայն մէկ անգամ պատահած էր Հենրի Քիսինճըրի պարագային: Ռուպիօ նախագահ Թրամփի կարեւորագոյն քայլերուն մէջ վճռական դերակատարութիւն ունի. օրինակ` Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյին ձերբակալութիւնը, Իրանի վրայ լայնածաւալ ռազմական յարձակումը, Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատումին համար շարունակուող բանակցութիւնները եւ ներգաղթի տնօրինումները:
Տանըլտ Թրամփ
Տանըլտ Թրամփի Միացեալ Նահանգներու նախագահական շրջանն ու բնոյթը կարելի չէ որեւէ պատմական փուլի հետ համեմատել: Օրինակ` միայն անցեալ տարուան ընթացքին ան հարկային բարեփոխումներու զանգուածային քայլերու դիմեց` նոյնիսկ հակառակ իր կուսակցութեան որոշ անդամներու առարկութիւններուն, լայնածաւալ տուրքեր սահմանեց տասնեակ երկիրներու վրայ եւ Միացեալ Նահանգներէն արտաքսումի բազում որոշումներ տուաւ` ռազմական նոր ստորաբաժանումներ տեղակայելով Միացեալ Նահանգներու մեծ քաղաքներուն մէջ. Միացեալ Նահանգներէն դուրս` Իրանի հիւլէակային կառոյցները հարուածեց եւ անոր դէմ պատերազմի սկսաւ, Քարայիպեան աշխարհագրական շրջանին մէջ թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան դէմ արշաւի ձեռնարկեց եւ մինչեւ իսկ Վենեզուելայի ներքին գործերուն միջամտելով` նախագահ Նիքոլաս Մատուրոն ձերբակալեց: Իր ղեկավարումի տարօրինակ եւ աննախատեսելի ոճով Թրամփ ցարդ տեղաշարժեց շուկաները, փոխեց դաշինքները եւ վերաձեւաւորեց պետական կառավարումի դասական սահմանները: Ահաւասիկ այս բոլորը եւ տակաւին ապագայի անակնկալ այլ տիպի արմատական որոշումներ կը տրուին ո՛չ թէ սահմանադրական պետական կառոյցներու կողմէ, այլ մէկ անձէ` Տանըլտ Թրամփէ:
Մարք Քառնի
Ժամանակին Քանատայի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը այսօր Քանատայի վարչապետն է: Մարք Քառնի առաջին անգամ միջազգային ճանաչում ստացաւ 2008-ի տնտեսական ճգնաժամի ատեն, երբ յաւակնոտ եւ բարձրորակ գործընկերներու փոքր խումբով սահմանեց եւ ամրապնդեց դրամատնային եւ տնտեսական ոլորտները: Ապա ան նաեւ ստանձնեց Անգլիոյ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնը: 2015-ին իր նշանաւոր «Հորիզոնի ողբերգութիւն» ելոյթով ընդգծեց կլիմայական փոփոխութեամբ տնտեսական կայունութեան սպառնացող վտանգերը: Անցեալ տարի, Քանատայի վարչապետ դառնալէն ետք, ան անմիջապէս հասկցաւ համաշխարհային բազմակողմանի կապերուն կենսականութիւնը եւ համագործակցութեան քայլեր առաւ ամբողջ մարդկութեան բարօրութեան համար:
Զոհրան Մամտանի
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեմոկրատական կուսակցութեան նոր թափ տուած եւ ազգային ուշադրութեան արժանացած Նիւ Եորքի քաղաքապետն է Զոհրան Մամտանին: Ան այս պաշտօնին տիրացաւ իր նախընտրական ծրագիրին մէջ վարձերու սառեցումը եւ հանրային փոխադրամիջոցներու ու մանուկներու խնամքի ձրի մատակարարումը ներառելով: Մամտանի անցեալ տարի «ԹԱՅՄ»-ին ըսած էր, թէ իր աշխատելաձեւը «ուղիղ քաղաքականութիւնն է», ուր մարդիկ կը տեսնեն, թէ քաղաքականութիւնը ինչպէ՛ս կը կիրարկուի իրենց կեանքին մէջ: Ամերիկայի մեծագոյն քաղաքին երկրորդ ամէնէն երիտասարդ քաղաքապետն է Մամտանի եւ շատ աշխատանք ունի կատարելիք: Մամտանիի քննադատները կը զգուշացնեն, որ անոր բնակարանային բարեկարգումի օրակարգը կրնայ ներդրումներու վրայ ազդել, մինչ անոր յարաբերութիւնները որոշադրիչ զանգուածներուն հետ, ինչպէս` հրեայ ազդեցիկ համայնքի մէկ մասին, եւ քաղաքի տնտեսական սահմանափակումները կը փորձարկեն անոր գաղափարները գործի վերածելու ունակութիւնը: Մինչեւ այսօր գործատէրերու եւ հարուստ բնակիչներու սարսափեցնող արտագաղթը չէ իրականացած: Մանուկներու խնամքի ծրագիրին շուրջ Մամտանի նաեւ կը համագործակցի նահանգապետ Քեթի Հոչուլի (Kathy Hochul) հետ` միաժամանակ բնակարանային վարկեր ստանալով եւ նոյնիսկ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հիացումին արժանանալով: Այս բոլորը կը վկայեն, որ յառաջիկայ տարիներուն Մամտանի կրնայ մեծ դերակատար մը դառնալ դեմոկրատական քաղաքականութեան մէջ:
Շի Ճինփինկ
2012-էն ի վեր Չինաստանի Համայնավար կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար եւ Համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական ռազմական յանձնաժողովի նախագահ, իսկ 2013-էն ի վեր Չինաստանի նախագահ եւ Պետական կեդրոնական ռազմական յանձնաժողովի նախագահ` Շի Ճինփինկ երկաթեայ վերահսկողութիւն հաստատած է աշխարհի երկրորդ տնտեսութեան վրայ` սանձելով դրամատիրական դրութիւնը եւ որպէս գերագոյն պետական մարմին ամրապնդելով Չինաստանի Համայնավար կուսակցութիւնը: Ան հիմա իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է Չինաստանի միջազգային դիրքի բարձրացումին` անոր համաշխարհային գործունէութեան վերաձեւակերպումը շեշտադրելով: Անցեալ տարի Չինաստանի գլխաւորած Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութիւնը բացայայտեց իր Զարգացումի դրամատան ծրագրերը եւ մեկնարկեց Ծայրագոյն Արեւելքի հարաւի ազդեցութիւնը առաւել զօրացնելու նախաձեռնութիւն մը` Ճինփինկի ղեկավարութեամբ: Միաժամանակ Ճինփինկ օգտագործեց Չինաստանի գերիշխանութիւնը հազուագիւտ մետաղներու մարզին մէջ` աշխարհաքաղաքական մրցակիցները վախցնելու համար, շահագործեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու սակագնային խառնակ վիճակը` նոր առեւտրային համաձայնագրեր կնքելու համար եւ աճեցուց չինական արժոյթի ազդեցութիւնը` որպէս տոլարի այլընտրանք, ո՛չ միայն այն երկիրներուն համար, որոնք Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներուն կը բախին: Ճինփինկ հետամուտ է իր հիմնական շահերուն` չինական ընկերութիւններուն համար նոր շուկաներ գտնելով եւ ինքնիշխան Թայուանի ներխուժումին առաջքը առնելով: «Աշխարհը փոթորկալից փոփոխութիւններու նոր շրջան մը թեւակոխած է, եւ համաշխարհային կառավարումը հասած է նոր խաչմերուկի», սեպտեմբերին ըսաւ ան: Չինաստան կը յաւակնի իր դիմաց գտնուող կարելիութիւններէն լաւագոյնս օգտուիլ Ճինփինկի ղեկավարութեամբ:
Հռոմ, 18 մայիս 2026
(Շար. 1)