Կրօնէն Ետք Ի՛նչ Գոյութիւն

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

1./ Անդունդի եզրին` իմաստի փնտռտուքը.
Ինչո՞ւ մեր հասարակութիւնը վերադարձի կարիք ունի

Ժամանակակից աշխարհը կը թեւակոխէ աննախադէպ փոխակերպում մը, ուր հոգեւոր հիմքերը կը սասանին, իսկ անոնց տեղը կը յայտնուի անորոշութիւն մը: Ֆրանսացի նշանաւոր ընկերաբան եւ մարդաբան Էմանուէլ Թոտ (Emmanuel Todd) իր ուսումնասիրութիւններով կը փորձէ բացատրել, թէ ինչպէ՛ս կրօնի նահանջը ոչ թէ կը հասցնէ մեզ «լուսաւորեալ» բանականութեան, այլ կը ստեղծէ ընկերային մեծ դատարկութիւն:

Թոտի վերլուծութեան առանցքը կը կազմէ «կրօնի երեք փուլերու» տեսութիւնը.

– Աքթիւ կրօն (Active Religion): Այն շրջանը, երբ կրօնը հասարակութեան կենսունակութեան եւ բարոյական նորմերու գլխաւոր աղբիւրն է: Այստեղ կրօնը կը ձեւաւորէ ընտանեկան կառուցուածքներն ու հաւաքական արժէքները:

– Զոմպի կրօն (Zombie Religion): Կրօնի այն փուլը, երբ հաւատքը կը մարի, բայց անոր ձեւերն ու սովորութիւնները կը շարունակեն գոյատեւել հասարակութեան մէջ: Մարդիկ այլեւս չեն հաւատար Աստուծոյ, սակայն կը պահպանեն իրենց նախնիներէն մնացած ընկերային վարքագիծն ու բարոյական կաղապարները:

– Զերօ կրօն (Zero Religion): Այն վիճակը, երբ կրօնական արժէքներն ու անոնց հիման վրայ ստեղծուած ընկերային կառոյցները լիովին կը վերանան: Թոտի համար ասիկա ամէնէն վտանգաւոր փուլն է:

Էմանուէլ Թոտ իր աշխատութիւններով մեզի կը յիշեցնէ մեր ժամանակներու ամէնէն ահաւոր սպառնալիքը` «զերօ կրօն»-ի վիճակը: Ան կը բացատրէ, որ երբ հասարակութիւն մը կը կորսնցնէ իր հոգեւոր յենարանները եւ աւանդական արժէքները, անիկա ոչ թէ կը դառնայ աւելի ազատ, այլ կը յայտնուի նիհիլիզմի (ոչնչապաշտութեան) եւ ընկերային հիւլէացման / աթոմացման մէջ:

Այսօր հայ հասարակութիւնը կը գտնուի յոգնածութեան եւ անորոշութեան խառնարանի մը մէջ: Մենք անընդհատ կը խօսինք տնտեսութեան, սահմաններու անվտանգութեան եւ քաղաքական դասաւորումներու մասին, սակայն մեր մեծագոյն վտանգը թերեւս այն է, որ մեր աչքէն կը վրիպի հոգեւոր եւ բարոյական դատարկութիւնը:

Հայաստանի մէջ, եւ` ոչ միայն, մենք այսօր կ՛ապրինք երկու իրականութեանց միջեւ: Մէկ կողմէ` մեր աւանդական հոգեւոր հաստատութիւնները, որոնք յաճախ կը թուին դարձած «զոմպի» արժէքներ` պահպանելով ծէսը, բայց` կորսնցնելով իրենց ազդեցութիւնը անհատի բարոյական ընտրութիւններուն վրայ: Միւս կողմէ` արդիականութեան ձգտող սերունդը, որ յաճախ, բանականութեան անունով, կը մերժէ ամէն ինչ, ինչ որ կու գայ անցեալէն, բայց փոխարէնը կ՛առաջարկէր ոչինչ` բացի անհատապաշտական սպառողականութենէն:

Այս ճգնաժամը սոսկ քաղաքական չէ, այլ` գոյութենական: Մարդիկ կը զգան, որ հինը այլեւս չի գործեր, իսկ նորը անհոգի է: Անոնք կը փնտռեն իմաստ, կը փնտռեն կապ` ոչ միայն իրարու, այլ նաեւ այն մեծ պատմութեան հետ, որ մեզ դարեր շարունակ պահած է:

Արդի հայ հասարակութեան համար ինքնապահպանման լուծումը չի կրնար ըլլալ միայն արտաքին փոփոխութիւններով: Անիկա կը պահանջէ «վերադարձ»` ոչ թէ դէպի անցեալ, այլ` դէպի սրբազան իմաստի վերագտնում: Մենք պէտք է հասկնանք, որ առանց բարոյական կողմնացոյցի, առանց այն գիտակցութեան, որ կեանքը աւելին է, քան` սեփական շահը կամ ժամանակաւոր հաճոյքը, մենք կը դառնանք աւելի խոցելի, աւելի թուլացած եւ աւելի հիւլէացուած:

Մեր նոր արժեհամակարգը պէտք է ըլլայ ոչ թէ հինի կոյր կրկնութիւն, այլ` գիտակցուած հոգեւորութիւն: Մեր հասարակութիւնը կարիքն ունի այնպիսի «սուրբ» արժէքներու, որոնք կը միաւորեն մեզ, կու տան պատասխանատուութեան զգացում, կ՛իմաստաւորեն մեր տառապանքն ու պայքարը:

Թոտի խօսքը մեզ կը զգուշացնէ. եթէ հայ հասարակութիւնը շարունակէ ապրիլ «զերօ»-ի մէջ, ուր ոչինչ սրբազան է, ապա մենք ինքնաբերաբար կը դառնանք ուրիշներու օրակարգերու զոհը: Մեր գոյատեւումը կախեալ է նոր հոգեւոր առանցքի ստեղծումէն: Այնպիսի առանցքի մը, որ կը յարգէ մեր արմատները, բայց իր դէմքը կը դարձնէ դէպի ապագայ` ապահովելով մեզի այն ամրութիւնը, որ միայն իմաստաւորուած գոյութիւնը կրնայ տալ:

Ատենն է, որ հասկնանք, թէ մեր հոգեւոր ինքնութիւնը մեր հզօրագոյն զէնքն է: Ժամանակն է կառուցելու այդ իմաստը, այնքան ատեն որ դեռ չենք կորսնցուցած մենք մեզ` անտարբերութեան եւ նիհիլիզմի ծովուն մէջ:

(Շար. 1)

Leave a Comment