Մարդկութիւնը հիմնական երկու խումբերու բաժնուած է: Սոյն գաղափարը նախ շատ դժուար է ըմբռնել, ինչպէս նաեւ` այս մասին բացատրութիւն տալը: Մէկը կրնայ հարցնել. «Հապա այսքան մարդու տեսակներ, բնաւորութեան տարբերութիւններ, խառնուածքի տեսականի, ինչպէ՞ս կարելի է այսքան զանազանութիւնը երկու խումբի վերածել»: Համաձայն ենք այս հարցումի հեղինակներուն եւ նման մտածողութեան տէր մարդոց:
Հարցումին պատասխանը, սակայն, միայն իրենց տուած հարցումին ծիրին մէջ չի՛ սահմանափակուիր: Անհատական տարբերութիւններէն բացի` ի՞նչ ըսել մարդկային բազմամիլիոն խմբակցութիւններուն, ընկերային կառոյցներուն եւ այն բոլոր հաւաքական կեանքի դասաւորում ունեցող խումբերուն, որոնք հասարակաց ըմբռնումներ ունին եւ ատոնցմով կ՛առաջնորդուին: Օրինակ` բարեսիրական միութիւններ, ընկերային հարցերով զբաղող կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ անհաշիւ թիւով քաղաքական կառոյցներ, կրօնական ըմբռնողութեանց տարբերութիւններ, եկեղեցական բազմաթիւ դասակարգումներ եւ դեռ որքա՜ն խմբակներ, որոնք ներքին ու փակ միջավայրի մէջ կը գործեն` անծանօթ մնալով հանրութեան:
Վերոյիշեալ ծանօթ ու անծանօթ բոլոր խմբաւորումները խտացնելու ստիպուած է մարդկային ընկերութիւնը կարգաւորելու կոչուած բարձր մտածողութիւնը: Ուրեմն մարդու տեսակը, ի՛նչ շրջապատի մէջ ալ գտնուի, կարելի է երկու խումբերէն մէկուն մէջ տեղադրել: Ամբողջ մարդկութիւնը երկու խումբի պէտք է վերածել, որպէսզի կարելի ըլլայ յստակացնել մարդ էակին ինքնութիւնը.
– Ա՞յս խումբին կը պատկանիս, թէ՞ միւս խումբին:
Առաջին խումբին պատկանողները ուղղութիւն տուողներն են, իսկ երկրորդ խումբին մաս կազմողները` անոնց հետեւորդները: Ուրեմն մարդկութեան շարքերուն մէջ կան ղեկավարներ, եւ կան անոնց խօսքերը լսողներ ու գործադրողներ:
Ղեկավար դասակարգին անդամակցողները կրնա՛ն նախապէս կազմաւորուած ըլլալ, եւ երբեմն ալ` բախտով այդ դիրքին հասած անորակ մարդիկ: Այս պարագային, անոնք եւ իրենց հետեւորդները «բախտաւորներ» կը համարուին, որոնք պատմութեան մէկ անակնկալ վայրկեանին կը յայտնուին եւ իրենց «իմաստութեամբ» կը յեղաշրջեն մարդկութեան կեանքը:
Ոմանց գրաւած դիրքերը կրնան մէկ օրուան մէջ միլիոնաւոր հետեւորդներ ապահովել, իրենց մտացածին` սուտ ծրագրերուն համար: Գիշերը երեւակայուած, երազի մէջ ամրապնդուած եւ խմիչքի սեղանի շուրջ հաստատուած ռազմական ծրագիրներ, յանկարծ աշխարհասփիւռ տեղեկութիւններով, քաջալերական ուղերձներ կը ստանան: Ո՞վ կը հարցնէ, թէ ինչպէ՞ս որոշուեցաւ նման քայլ: Ո՛չ ոք: Առաջին խումբին պատկանողին հետեւորդները փակ աչքերով կը կնքեն անոր առաջադրած պաշտօնական «թուղթ»-ը եւ կը զօրակցին նոյնիսկ անոր կործանարար ծրագիրներուն:
Միամտութիւնը աւելի մեծաքանակ ամբոխի յատուկ կարգավիճակ է, որուն շահագործողները կ՛ըլլան խորամանկները: Ուրեմն, առաջին խումբին առաւելութիւններէն մէկն է խորամանկութիւնը, իսկ երկրորդ խումբին պատկանողներուն «անշնորհքութիւն»ը` միամտութիւնը: Այս պարագային, անշնորհքութիւն բառը իր բարոյական ծանրագոյն իմաստէն փարսախներով հեռու է: Այստեղ անիկա կապ ունի անգիտութեան, անգրագիտութեան, տգիտութեան եւ միայն ու միայն հաւաքականապէս երկրորդ խումբին բնական` ի ծնէ անդամակցութեան հետ: Երկրորդ խումբին կողմէ տարածում գտնող անմակարդակ կացութիւն մը, ըլլայ ատիկա հասարակական կեանքի մէջ պատահած դէպք մը, եւ կամ պատերազմական դրութիւն մը, չի տարբերիր անհատի մը ապուշութենէն բխած կեցուածքէն, որ առաջին խումբին պատկանողի մը կրնայ ըլլալ: Ահա այն փաստը, որ առաջին խումբին պատկանողները անպայման իմաստուն ու ղեկավարի դիրքին արժանի անձեր կրնան չըլլալ: Մէկ խօսքով, անոնք Աստուծմէ ընտրուած մարդիկ չեն, այսինքն երկնային «ընտրեալ»-ներ չեն, այլ պատահական անցորդներ` այս կեանքի մայթերուն վրայէն, որոնք իրենց ճարտարութեամբ յանկարծ կը հասնին ղեկավարի դիրքին…
Ապուշներու ծրագիրը ընդունողներու եւ անոնց հետեւողներու արագ բազմապատկումը կապ ունի ապուշներուն ստեղծած հեղինակութենէն, ինչպէս նաեւ` հեղինակաւոր խօսելաձեւէն: Նոյնիսկ անոնց մտքի փոփոխականութիւնը չի՛ շփոթեցներ հետեւորդները, որոնք կոյր զկուրայն կը զօրակցին` լոզունգներով կրկնաբանութիւններէն առանց յոգնելու: Այսպէս է, որ ապուշներուն ամէն վայրկեան յայտարարած փոփոխուող հրահանգները կը հմայեն հետեւորդները, որոնք պարզապէս քաջագործութիւն կը համարեն անոնց անմիտ խօսքերը: Ապուշները իրենց մտածումները առատօրէն կ՛արտաբերեն, ամէն անգամ երբ իրենց բերանը բանան, իսկ ունկնդիրները, որոնք երկրորդ խումբի մարդիկն են, կախուած կը մնան անոնց շրթներէն…
Ինքզինք ներկայացնելը, նոյնիսկ` զօրեղ անձի պարագային, միայն նկարագրային գիծերու բարեմասնութիւններով ընդունելի կ՛ըլլայ, այլապէս մեծամիտի հոգեբանութեան մէկ արտայայտութիւնը իբրեւ` կը պարտադրուի այլոց: Խոնարհութիւնը, ուրիշներու նկատմամբ հակառակութեան կեցուածքներ ճշդելէ զգուշացումը եւ ընկերային կեանքի մէջ հաւասարութեան սկզբունքը մեծապէս կը նպաստեն նոյնիսկ զօրեղ անձին, որպէսզի բոլորին կողմէ յարգանքի արժանի մարդ դառնայ: Ան, որ չի՛ բարկանար, երբեմն անմիտ ու անզգամ մարդ կը կարծեն, սակայն տրամաբանութիւն ունեցող եւ իմաստուն մարդն է, որ բարկութիւնը կ՛անդրանցնի եւ խաղաղութեամբ կը լուծէ խնդիրները: Ընդհանրական օրէնքը կ՛ըսէ. «Անզսպելի բարկութեան մէջ եղող մարդն է, որ իր սխալներուն դուռը կը բանայ ու ձախորդութեան կը մատնուի»:
Իմաստունը պիտի ըսէր.
– Երանի՜ իմացողին ու այս օրէնքը գործադրողին:
Ջղայնութեան ու ինքնահաւանութեան համատեղ գործակցութիւնը ուժ կու տայ լեզուին, որ մեծամեծ հրահանգներով կը տպաւորէ միամիտներու շրջանակը եւ իրենց կ՛ենթարկէ զանոնք:
Մարդոց կեանքը կառավարելու ընտրուած անձերը երբ խենթեր են, հետեւորդ ժողովուրդին շարքերուն մէջ երբեմն յայտնուող խելացիներ կը յուսան, որ անոնք որոշ ժամանակ ետք պիտի փոխուին, դրական քայլեր վերցնեն եւ իրենց վստահուած գործը ճիշդ ուղղութեամբ կառավարեն: Դժբախտաբար յուսալից չէ այս կացութիւնը սպասողներուն մտածողութիւնը, որովհետեւ խենթն ու մեռելը երբեք իրենց կեցուածքը չեն փոխեր: Խենթը մեռած մարդ պիտի հաշուես, եւ ո՛չ թէ` փոփոխական մտքի տէր:
Ամէն մարդ սխալներ կրնայ գործել, սակայն խենթը իր ծրագրաւորած խենթութիւնները միշտ ի գործ կը դնէ: Ուրեմն ապուշներու դաստիարակութեան լծուելու անիմաստ ծառայութեան ժամ յատկացնելը ի զուր է:
Անձնական ուժերով ու տեղական մակարդակի վրայ սեփական աշխատանք տանիլը շատ աւելի դրական գործ է, քան` ընդհանրական փոփոխութիւն յառաջացնելու ճիգը, համամարդկային առումով: Երկրորդ խումբին հետեւորդ մարդոց կը մնայ մաղթել բարին, որպէսզի գէթ ժամանակաւոր դադար ունենայ ապուշներու ծրագրին հեզասահ ընթացքը:
