Վաղը երեկոյեան ժամը 21:30-ին Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի հիւրընկալէ Ռիատին` Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումին:
Երկու խումբերն ալ իրար լաւ գիտեն եւ վերջին տարիներուն եղած են սուր մրցակիցներ:
Վերջին երկու տարիներու ախոյեան Ռիատի բնական ախոյեանութեան երթին պարտութեան մատնած էր ՀՄԸՄ Անթիլիասը 77-80 արդիւնքով, վերջինս սակայն 86-94 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Մանարայի դաշտին վրայ` խլելով առաջին դիրքը:
Անցեալ տարուան աւարտականին Ռիատի 3-1 ճակատումներու արդիւնքով պարտութեան մատնած էր ՀՄԸՄ Անթիլիասը, որուն լիբանանցի աստղերէն Տանիելլա Ֆայյատ վիրաւոր վիճակով խաղցած էր: Աւելի՛ն, անցեալ տարուան օտարներէն Ճիլիըն Արչըր մրցումի մը ընթացքին վիրաւորուած էր, եւ այս պզտիկ մանրամասնութիւններով Ռիատի կրցած էր յաղթել:
Այս տարի սակայն պատկերը փոխուած է, եւ նոյնիսկ Տանիելլայի կամ Սթեֆանի Հատտատի բացակայութիւնը պատճառ պէտք չէ դառնայ, որ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները կորսնցնեն այս տարուան առիթը:
Մեղրի Թորոսեանի եւ Ռիմ Ղալիի, ինչպէս նաեւ Ամար Մանսուրի, Էլիսա Ապու Ժաուտէի եւ Թալա Շամմասի միացումով ՀՄԸՄ Անթիլիաս շատ լաւ խումբի մը վերածուեցաւ եւ դարձաւ ախոյեանութեան թիւ 1 թեկնածուն:
Այժմ կարեւոր են օտար զոյգ Քրիսթին Անիկուէի ու Ալեքսիս Փրինսի հետ շաղուիլը եւ կեդրոնացած խաղը: Պէտք չէ մոռնալ, որ համակիրներու ներկայութեան խումբը շատ աւելի լաւ կրնայ ելոյթ ունենալ:
Ուրեմն համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով մեկնիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը, որ 2018-էն ի վեր չէ կրցած ախոյեան դառնալ: