ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Հայրենի թատրոնի խաղացանկերուն երկու առիթներով անդրադարձած եմ յայտնաբերելու համար աղէտի անդրադարձը (1,2): Ներկայ ակնարկը հիմնուած է վերջին շուրջ մէկ տարուան ընթացքին համացանցի վրայ հրապարակած ծանուցումներու վրայ: Չփորձեցի դիմել թատրոնի ղեկավարներուն, որովհետեւ դառն փորձը ցոյց տուած էր, որ անոնց մեծ մասը կ՛անտեսէ դիմումը, ուրեմն եւ անիմաստ է մասնակի տեղեկութեան հիման վրայ վիճակագրութիւն կազմել: Կարելի չէ տեղեկանալ, թէ իւրաքանչիւր թատերգութիւն քանի՛ ելոյթ ունեցած է, եւ թէ` ի՛նչ եղած է հանդիսատեսի թիւը: Թատերական ակնարկները, որոնց ուշադիր կը հետեւիմ, ցաւօք անբաւարար էին, նուազ քան` 10, որոնց մեծ մասը` հպանցիկ: Հասանելի է «Թատերագէտ» կայքը, որ սակայն անաչառ չի թուիր:
Մօտաւոր պատկերը հետեւեալն է.
Մանկական (ներառեալ` տիկնիկային եւ խամաճիկներ)` 50-55,
Հայ թատերագիր կամ հայկական բներգով` մօտ 40,
Կատակերգութիւն` մօտ 40,
Աղէտի բներգով` 2,
ընդհանուր գումար` շուրջ 250:
Մնացեալը գործերը ընդհանրապէս ունին գլխաւորաբար սեւաթոյր-հոգեբանական բներգ, ինչպէս կողքի «Միզերի» (թշուառութիւն, տառապանք) եւ մաղկազերծումի որմազդները ցոյց կու տան: Թերեւս ամէնէն սեւաթոյրը «Թռիչք»-ն է: Վանդակէն անակնկալ ազատութեան մէջ յայտնուած թութակներ անկարող են ապրիլ ազատութեան մէջ, որովհետեւ կորսնցուցած են իրենց բնազդները: Կ՛ապրին վանդակի կարօտախտով: Հազիւ քողարկուած այլաբանութիւն` Հայաստանի անկախութեան եւ ամբողջատիրութենէ «ազատագրուած» հաւաքականութեան:
Քանակական առումով, առաջին տեղը կը գրաւէ մանկական թատրոնը իր տիկնիկային (17), խամաճիկային (7), խաղարկային-երաժշտական (27) տարբերակներով: Ոչ զարմանալիօրէն առաջնակարգ տեղ կը գրաւեն թումանեանական եւ ռուսական ժառանգ հեքիաթները: Մանուկներ այդտեղ անհամեմատ աւելի որակաւոր գեղարուեստական դաստիարակութիւն կը ստանան, քան` սփիւռքի գաղութներուն մէջ: Այդ շնորհակալ աւանդը շարունակութիւնն է վարժարաններու մէջ գեղարուեստական զարգացման մեծ բաժինին: Ժառանգուած են նաեւ երկու պետութեան կողմէ հովանաւորուած մանկական թատրոններ Երեւանի մէջ: Նաեւ մէկ Գիւմրիի, հաւանաբար նաեւ` այլուր: Հայ հեղինակներու գործերու նախորդ «Եղանակի տեսութեան» մէջ կը կազմէին շուրջ 37 առ հարիւր, իսկ այստեղ` նուազ քան 20 առ հարիւր: Սարոյեանի կողքին տեղ տրուած էր երկու սփիւռքահայ թատերագիրներու` Ա. Արծրունի եւ Հ. Մարգարեան (Երկխօսութիւն Աստծու եւ սատանայի միջեւ):
Աւելի քան 25 թատրոններու աշխուժութեան մօտաւոր պատկերը հետեւեալն է.
Գիւմրի Դրամատիկական` 39,
Սունդուկեան, Դրամատիկական, Պարոնեան, Համազգային, իւրաքանչիւրը` 20-23,
Աբովեան եւ Կապան, իւրաքանչիւրը` 12-15, ներառեալ` հիւրախաղեր,
Մալեան, Մհեր Մկրտչեան, Աբովեանի, Բոհեմ, իւրաքանչիւրը` մօտ 10,
Մնացեալ 18 թատրոններ` 27,
Ընդհանուր գումար` մօտ 220:
Գիւմրի դրամատիկականը համեմատաբար աւելի աշխուժ է, թերեւս որովհետեւ տրամադրելի միակ թատրոնն է շրջանին մէջ: Այլ առկայ հանգամանքներու ծանօթ չեմ: Գիւմրին, օրինակ, ի սկզբանէ մշակութասէր քաղաք եղած է:
Ուսանելի է թատերական «Արտաւազդ» մրցանակի ընտրութիւնը:
Ա.- «Եամա», որ ռուսերէնով կը նշանակէ փոս, դժոխք, ստացած է առաջին մրցանակ: Թատրերգութիւնը հիմնուած է 1909-1915 թուականներուն Ալեքսանտր Քուփրինի (1870-1938) վէպին եւ բեմագրութեան վրայ: Կը խօսի հանրատան մը մասին: Կիներ պոռնկացուած են այս կամ այն պատճառով: Թատրերգութիւնը վերակենդանացուած է Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք տիրող թշուառ կացութեան ներքոյ: Շուրջ կէս միլիոն կիներ հարկադրուած եղան պոռնկալու ե՛ւ երկրէն ներս ե՛ւ դուրս` արտածուելով որպէս «Նաթաշաներ»: Այդտեղ ընդհանրապէս անոնց անցագիրները կը բռնագրաւուին, եւ կիները գերեվարուած կը մնան «փոխադրութեան ծախս»-ը եւ անոր բարձր տոկոսները դաժանօրէն հատուցելու պատրուակով: Այստեղ խոր ցաւով կարելի է յիշել Պոլսոյ հայաստանցի նաթաշաները: Թատրերգութիւնը մնայուն ելոյթ է Մոսկուայի եւ հաւանաբար նախկին խորհրդային շարք մը այլ երկիրներու մէջ: Ոչ զարմանալիօրէն կը պարունակէ այս կամ այն աստիճանի «բացայայտ» (փողոցի բարբառով` «բաց») տեսարաններ:
Բ.- «Սուրբ Անտոնիոսի հրաշքը» – Համազգայինի թատրոն, Նարինէ Գրիգորեանի բեմադրութեամբ: Պելճիքացի Maurice Maeterlinck-ի (1862-1949) հեղինակած մէկ արար «The miracle of Saint Anthony» թատերակը 1911-ին Նոպէլեան մրցանակ ստացած է: Ծանօթ եմ բնագիրին: Հարուստ «Տըմուազել Օրթանս»-ի թաղման օրը ազգականներ եւ բարեկամներ հաւաքուած են ժառանգը բաժնուելու համար, բայց ահա կը յայտնուի Սուրբ Անտոնիոսը` թշուառ թափառաշրջիկի կերպարով, եւ ո՜վ հրաշք, Օրթանս կեանք կ՛առնէ (3, 4): Գերբնականի յայտնութիւնը «սգաւորներուն» կը պատճառէ ցնցում, բայց` ոչ ակնածանք կամ երանութիւն: Ժառանգի չքացումը կը զայրացնէ բոլորը, որոնք կը դիմեն քաղաքապահներու: Հրաշքը, սակայն, վաղանցուկ է: Սեւ հիւմըր: Պահ մը անխօս մնալէ ետք Օրթանս կրկին կ՛անշնչանայ: Այո, ի հարկէ, հոգեպէս մահացած քաղքենի ընկերութեան մէջ մնայուն հրաշքներ չեն կրնար պատահիլ: Ոստիկաններ անվարան կը հեռացնեն խառնակիչը: Քաղաքացիական խաղաղութիւնը գերադաս է գերբնականէն: Զաւեշտը սեւաթոյր ձաղկ մըն է կեղծիքի եւ ընչաքաղցութեան, որոնք ցաւօք առկայ են մեր վտանգուած հայրենիքին մէջ: Բեմադրիչը դիտել կու տայ, թէ մենք ատակ ենք Քրիստոսը կրկին խաչելու, եթէ յայտնուի մեր մէջ: Իր այլ գործերն ալ նկատի առած` շարք մը թատերագէտներ զինք կը համարեն անհեթեթի թատրոնի նախատիպար (proto-absurd) (5):
Գ.- «Սպիտակ ախտ» (La Maladie Blanche) – Համավարակի այլաբանութիւնը կու գայ պատմութեան խորքէն: Ականաւոր պատմաբան Թիւսիտեդես (5-րդ դար Ն.Ք.) այդ գործածած էր Աթէնքի ժողովրդավարութեան եւ բարոյականի քայքայման կապակցութեամբ: Սոֆոկլէսի «Էդիբ արքայ» ծանօթ թատրերգութեան մէջ Թեպէսի մահացու համավարակը նոյնպէս այլաբանական է: Այլաբանական են Փոքաչիոյի «Տեքամերոն»-ի եւ Շէյքսփիրի «Քորլիոնէս»-ի համավարակները: Էնկելս դրամատիրութիւնը նկարագրած է իբրեւ «համավարակ», որ կը տարածէ քաղքենի բարոյական: Արթօ (Antonin Artaud 1896-1948) իր «Համավարակը եւ թատրոնը» (1938) դասախօսական մենաթատրոնին ելոյթին մէջ կոչ ուղղած է թատրոնը վերածելու համավարակի, բայց, ցաւօք, յոյժ ապաքաղաքական արեւելումով:
Չեխ Քարել Չափեք (1890-1938) թատրերգութիւնը որպէս ահազանգ հրատարակած է 1937-ին, երբ իր հայրենիքը զաւթելու նացիական ախորժակը ակնյայտ դարձած էր: Հակահերոս (antagonist) Մարաջախտը (Marshal) ակնյայտօրէն Հիթլերը կը ներկայացնէ: Իսկ գլխաւոր հերոսը, նախագուսան (protagonist) տոքթ. Կալէն (Galén, որ յունարէն կը նշանակէ հանդարտ, բուժող) խաղաղապաշտ (pacifist) մըն է, որ կը փորձէ տարհամոզել Մարշալը: Ի հարկէ չարաչար կը ձախողի եւ կը սպաննուի: Թատերակը ձաղկ մըն է պատերազմի նախօրէին ֆաշականութեան հետ գոյակցելու մտայնութեան: Յետպատերազմեան թատրերգութիւնը ստացած է հակաամբողջատիրական (իմա` Խ. Մ.) գունաւորում: Այժմ հասկնալիօրէն կը բեմադրուի Ուքրանիոյ եւ արեւմտեան շարք մը երկիրներու մէջ: Թատրերգութիւնը ունի 20 կերպարներ, որոնք ընդհանրապէս կը ներկայացնեն շատ աւելի նուազ թիւով դերակատարներ (թերեւս` 8): Յետպատերազմ Քամիւ (Albert Camus 1913-1960) հրատարակեց իր ծանօթ «Ժանտախտը» (La Peste 1947) սեւաթոյր վէպը, որ յօրինուած էր, երբ Ֆրանսա տակաւին բռնագրաւուած էր, եւ որ, ի դէպ, բեմականացուած է նուազ յաջողութեամբ: Վէպը գեղարուեստական առումով գերադաս է «Սպիտակ ախտէն», բայց քաղաքական առումով, ցաւօք, ժխտական, որովհետեւ «կ՛աւետէ», որ «ժանտախտը» երբեք պիտի չվերանայ: Երկը ոչ թէ մարտական կոչ է, այլ` եղերերգ:
Բացայայտօրէն Հայկական բներգներ ունին հետեւեալները.-
Դ.- «Է» /Աստուածային էութիւն/տիկնիկային, հիմնուած` Վլատիմիր Վ. Նապոքովի (1899-1977) «Բառը» (1923) կարճ պատմուածքին վրայ: Նապոքով կը պատկանէր թաթարական ծագումով աւատատէր ընտանիքի: Մեծ հայրը ցարական արդարութեան նախարար եղած է: Հայրը Քատեթ կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկն է (6): Յեղափոխութենէն ետք կը փախչի նախ Ղրիմ, որ հոծ թաթար բնակչութիւն ունէր, եւ որ` Սպիտակ բանակի վերջին բերդն էր, ապա` Պոլիս, Պերլին եւ վերջապէս` Միացեալ Նահանգներ, ուր գրականութեան դասախօս կը դառնայ: Պատմուածքը յօրինած է Պերլինի մէջ, այդտեղ իր հօր սպանութենէն անմիջապէս ետք: Նապոքովի գործերը Խ. Միութեան մէջ հրատարակուած են Կորպաչեւի օրով: Փախստական սպիտակ ռուսերու միջավայրին մէջ կար այն մտայնութիւնը, թէ հոգեւոր վերանորոգութիւնը կրնայ երկիրը փրկել պոլշեւիկներէ: «Բառը» Աստուածաշունչի առաջին նախադասութեան «Լոկոս»-ն է, ռուսերէնով թարգմանուած է «սլաւա»-ի, որ կը նշանակէ խօսք կամ բառ: Պատմուածքի ասքը կը թուի ըլլալ այն, թէ երկնային ներշնչումը կարելի է զգալ, բայց` մեր լեզուով արտայայտել:
Բնագիրին մէջ հերոսը երազին մէջ կը գոռայ այդ բառը, բայց անկարող է վերյիշել զայն, երբ կ՛արթննայ:
Կը մէջբերեմ բեմադրիչին խօսքերը. «Հանդիսատեսը ընկղմւում է հերոսի երազի մէջ, յայտնւում է դրախտում: Նա փորձում է խօսել երկնայինների հետ, պատմել այն մասին, որ «հեռու-հեռու» աստուածային աստղերից հրաշագոյներից մէկում մի երկիր կայ` իմ երկիրը, որը խաւարի մէջ, ուշագնաց, Աստծոյ օգնութեան կարիքն ունի: Եւ ահա հրեշտակը նրա ականջին շշնջում է փրկութեան բառը: «Մի պահ հրեշտակը իր հզօր թեւերով գրկեց ինձ ու ասաց մէկ-միակ մի բառ»: «Է»-ն աղօթք – ներկայացում է: Այն մտորում է ցաւի ու տառապանքի մասին, հայրենիքի հանդէպ սիրոյ խոստովանութիւն է»:
Գեղարուեստական բարձր մակարդակի ժապաւէնը բեմադրիչին արտօնութեամբ դիտած եմ: Երկնքի մէջ հրեշտակներն են (իմա` երեք ակնյայտ խաղացողներ), որոնք տիկնիկ-հերոսը կապոցէ մը դուրս կը բերեն (նոր ծնո՞ւնդ), կը փրկեն փոթորիկէ մը, կ՛օգնեն, որ քալէ եւ գրէ: Բայց հողմը գրութեան էջերը կը տանի: Կը տեսնենք իրմէ շատ աւելի հսկայ սպիտակազգեստ երկնային պատգամաւորը, բայց անշուշտ չենք լսեր հզօր բառը: Աւարտական տեսարանին մէջ տիկնիկ-դերակատարը եւ պատգամաբեր հրեշտակը կը տեսնենք ամայի Երեւանի վերեւ: Կը լսենք զանգեր: Երկնային պատգամը բացայայտօրէն չի փոխանցուիր: Հանդիսատեսը պիտի մեկնաբանէ իւրովի:
Ե. Հայրենիք.- Բեմահարթակի վրայ են վեց խորհրդանշական կերպարներ, որոնց գլխաւորն է մայր հայրենիքը: Բացման տեսարանին մէջ մայր հայրենիքը մաքրութիւն կը կատարէ: Բայց ան կը փորձէ վերացնել ոչ թէ փոշին, այլ` ցաւը: Երկխօսութիւնը փոխն ի փոխ կատարուած վերաքաղ մըն է Հայոց պատմութեան:
Ծովէ ծով կայսրութենէն մինչեւ մերօրեայ աղէտ, ուր, ինչպէս վերի լուսանկարները ցոյց կու տան, առկայ են հիւանդագին տեսարաններ: Կոմիտասի կատարումով կը լսուի «Գարուն ա, ձուն ա արել…»: Կերպարները կը փորձեն գտնել, թէ ո՛ւր է մեր սխալը: Ինչո՞ւ հասանք հոս: Կը մէջբերեմ բեմադրիչը. «Հայրենիք» տան մասին է, ցաւի, յիշողութեան մասին: Այն մասին, ինչ մենք անուանում ենք «իմը», նոյնիսկ երբ ցաւում է: Հայրենիք ունենալու համար վճարել շատ թանկ ու շարունակել վճարել…»:
Զ.- «Սարից այն կողմ» – Մէկ արարանոց ելոյթ մը, որ կը ներկայացնէ Արցախէն տեղահանուած մարդոց հոգեվիճակը` աղէտէն կարճ ժամանակ անց: Խոցը թարմ է, բայց մարդիկ տակաւին չեն յուսահատած: Կերպարներէն շատեր ունին իրական նախատիպեր: Այդ առումով կարելի է համարել վաւերագրական:
Կը մէջբերեմ բեմադրիչը. «Ներկայացումը պատմութիւն է մի ժողովրդի մասին, որի համար Արցախի հողը պարզապէս տարածք չէ, այլ` հայրենիք, ինքնութիւն, յիշողութիւն եւ հոգու անքակտելի մաս… ուղերձ է սերունդներին, Արցախը չմոռանալու եւ այն յետ վերադարձնելու մասին: Ծանուցող տեսերիզէն դատած` ներկայացումը, ցաւօք, սիրողական մակարդակ ունի»:
Պատմողական-վկայութեան բնոյթ ունին նաեւ իմ ընտրութեան վերջին երկուքը.
Է.- «Մէկ ժամ յիշողութիւն» – Մէկ արար: Ցեղասպանութենէն վերապրածներու յիշողութեան պատումներու շարք մը: Ունի ապրիլեան շարքային ելոյթներու բնոյթ:
Ը.- «Պատերազմից յետոյ կեանք կայ» – Շեշտադրումով` «Կեանք ԿԱ՛Յ»: Յետպատերազմեան օրերուն սրճարանի մը մէջ իրարու անծանօթ մարդիկ կը խօսին, կը լռեն, կը վիճին, կը սպասեն… կը փորձեն ապրիլ: Կորուստները տարբեր են, բայց ցաւը նոյնն է:
Կ՛աւարտեմ թերեւս ամէնէն ուսանելի ցաւոտ ելոյթով: Հայ «պազարչի»-ներու, որոնք ազրպէյճանցի եւ թուրք այլ կիներու (եւ ոչ միայն) հետ գործակցելով (գլխաւորաբար շքեղ)` հագուստ կը ներածեն:
Թ.- «Բազարստանի կանայք».- Ներկայացում` միկրոաւտոբուսում.- Հիմնուած է բեմադրիչին պասով Թուրքիա կատարած ճամբորդութեան վրայ, որ, ի դէպ, հրապարակուած է համացանցի վրայ (11): Այդ ձեւը շատ աւելի նպաստաւոր է, նախ` որովհետեւ վճարումը շուրջ 100 տոլար է, բաղդատած` շուրջ 700-ի: Ապա այն, որ կարելի է շատ աւելի մեծ քանակութեամբ ապրանք ներածել: Փոխարէն` կիները աւելի քան 36 ժամ կը մնան ինքնաշարժի եւ մաքսատուներու մէջ: Յատկապէս` մեր բարեհամբոյր դրացի վրացականի (7):
Ինքնաշարժը կը հանդիսանայ իրենց պատկանած երկիրներէն անջատուած «միջանկեալ գօտի» մը, ուր կը սորվին «համագործակցիլ եւ ընկերանալ` զերծ մնալով փոխադարձ մեղադրանքներէ»: Բներգը յատուկ արդիականութիւն կը ստանայ խաղաղութեան գործընթացներու համածիրին մէջ: Կը մէջբերեմ. «Բուն խաղաղութիւնը քաղաքացիական աշխատանք է, որը ձեւաւորւում է մարդկային շփումների ու մշակոյթի միջոցով»: Պոռնկաբարոյ շփումի կողքին, պիզնեսաբարոյ շփումը, որ վաղուց առկայ է մեր հայրենիքին մէջ, այժմ կը ստանայ բարոյական ջատագովութիւն (apologetics) (8): Հեղինակ-բեմադրիչը (եւ ցաւօք` ոչ միայն) համոզուած է, որ գործընթացը կը կատարուի յանուն ժողովուրդներու խաղաղ եւ բարգաւաճ գոյակցութեան:
Հուսկ բանք. Թատերական համապատկերը հեռու է քաղաքականացած յանձնառութենէ: Հատուկենտ (նուազ քան` 1 տոկոս) «գիտակից» գործեր ունին ատենաբանական բնոյթ: Պէտք է յուսալ, որ անդամազննող նշդրակ թատրերգութեան բեմադրութիւնը լոկ ժամանակի հարց է:
12 մայիս 2026
- «Հայրենի բեմերու խաղացանկը յետաղէտ», «Ազդակ», 18 մարտ 2024:
- «Թատերական պահեցողութիւն», «Ազդակ», 24 յունիս 2024:
- Ելոյթին մէջ կը կրէ երկնային դասական համազգեստ:
- Պադուայի Ս. Անտոնիոսի կը վերագրուին վերակենդանացման բազմաթիւ դէպքեր: Հեղինակի ընտրութիւնը պատահական չէ:
- Ինչպէս` «Ոտնձիգը» (The Intruder), «Ներքնամաս» (Interior) եւ Կոյրեր (The Blind):
- Քատեթ` ռուսերէնով սահմանադրական (Ք) եւ ժողովրդավար (Տ) բառերու կրճատումն է:
- Տես https://evnreport.com/arts-and-culture/the-women-of-bazaarastan/
- Կ՛ենթադրուի, որ Պոլսոյ մէջ կան ապօրինի «բանող» 10-20 հազար գլխաւորաբար կին հայաստանցիներ: