Քրիսթիան Էրիքսեն Ինկաւ Դաշտին Վրայ…

Դանիոյ ազգային խումբի միջնապահ Քրիսթիան Էրիքսեն Ուքրանիոյ ազգային խումբին դէմ մրցումի պահուն ինկաւ ուշքը կորսնցնելով:

Արդարեւ, 75-րդ վայրկեանին, երբ աութ մը կը խաղցուէր, Էրիքսեն գետին ինկաւ եւ շատ արագ ձեւով մրցումը ընդհատուեցաւ երկար ուշացումէ ետք եւ բժշկական օգնութեան միջամտութենէն ետք, Էրիքսեն գիտակցութիւնը վերագտաւ, բայց մրցումը վերջ գտաւ իրաւարարներու որոշումով:

Դանիոյ հաւաքականի պաշտօնական էջին մէջ հանրութիւնը հանգստացնելու միտող յայտարարութիւն հրապարակուեցաւ. «քրիսթիան Էրիքսեն գիտակցութիւնը վերագտած է, եւ նկատի առնելով հանգամանքները, ինքն իրեն լաւ կը զգայ: Մրցումը վերջ գտած է»: Դանիոյ ազգային խումբի բժիշկ Մորթեն Պոեսեն իր կարգին բացատրած էր վիճակը. «Քրիսթիան ինքզինք լաւ կը զգայ եւ առանձին դուրս եկաւ դաշտէն: Իմ կարծիքովս, սրտի խթանիչ գործիքը լաւ կ՛աշխատի: Ան պահ մը իր գիտակցութիւնը կորսնցուցած էր, բայց շատ արագ ուշքի եկաւ, եւ մենք անմիջապէս կապ հաստատեցինք իրեն հետ: Այժմ ան ընդհանուր հետազօտութեան կ՛ենթարկուի հիւանդանոցին մէջ` հարցին յստակ պատճառը պարզելու համար: Միշտ կապի մէջ ենք անոր եւ հիւանդանոցի բժիշկներուն հետ: Քրիսթիան խնդրած է, որ ողջունեմ բոլոր մարզիկները եւ անոնց փոխանցեմ, որ ամէն ինչ իր կարգին է»:

Նշենք, որ 2021-ին Եուրօ 2020-ի գծով Դանիա – Ֆինլանտա մրցումի ընթացքին Էրիքսենի սիրտը կանգ առած էր: Այդ օրէն ի վեր ան կը գործածէ սրտի խթանիչ գործիք («Այ. Սի. Տի.», որ միշտ կը հսկէ սրտի աշխատանքին:

 

Leave a Comment