Կալուզին. «Ռուսիան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Յաջորդ Հանդիպումը Տեղի Կ՛ունենայ Երեւանի Կամ Պաքուի Մէջ

Ռուսիան յոյս ունի, որ Հարաւային Կովկասի «3+3» ձեւաչափի (Հայաստան, Ազրպէյճան, Վրաստան+ Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան) արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով յաջորդ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Պաքուի կամ Երեւանի մէջ: Այս հարցի շուրջ քննարկումները կը շարունակուին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական խորհրդաժողովի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին:

«Ինչպէս կը հասկնանք, այդ հարցին շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին մեր ազրպէյճանցի եւ հայ գործընկերներուն միջեւ», ըսած է ան:

«Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան անցեալ տարի լրատուամիջոցներուն ըսած էր, թէ «3+3» ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը կրնայ կա՛մ Երեւանի, կա՛մ Պաքուի մէջ տեղի ունենալ», կը գրէ «Ազատութիւն»:

 

Leave a Comment