«Ջրային հարստութիւններու պակասը լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ ոչ միայն Ազրպէյճանի, այլ նաեւ մեր ամբողջ շրջանին մէջ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ Շրջակայ միջավայրի համաշխարհային օրուան առիթով հրապարակած իր ուղերձին մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
«Կասպից ծովու մակարդակի նուազումը, որ կը մօտենայ վերջին երկու հարիւրամեակներու պատմական նուազագոյնին, այս խնդիրի լրջութեան վառ ապացոյցն է», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը: