Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը մայիս ամսուան իր բոլոր արդիւնքները վերատեսութեան ենթարկելէ ետք հրապարակեց ամսուան լաւագոյն մարզիկներուն անունները, ուր պատուաւոր դիրքը գրաւեց Հայաստանի ներկայացուցիչը:
Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին տեղեկատուական գրասենեակը ընտրեց յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, 16 տարեկան Ջանես Նազարեանը` իբրեւ մայիս ամսուան լաւագոյն մարզիկ:
Պուլկարիոյ մէջ (Սամոքով) տեղի ունեցած Եւրոպայի պատանիներու (17 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան ընթացքին իր բացառիկ ելոյթէն ետք հայ պատանին արժանացաւ այս բարձր ճանաչման:
Մինչեւ 71 քկ կշիռի մասնակից Նազարեան ոչ միայն նուաճեց Եւրոպայի ոսկի մետալը, այլ նաեւ ամբողջ մրցաշարքին ընթացքին որեւէ կէտ իսկ չկորսնցուց իր մրցակիցներուն դէմ` ձեռք ձգելով տպաւորիչ 37-0 ընդհանուր արդիւնք: