Երեքշաբթի, 2 յունիս 2026-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, յանձինս Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Աւետիս Կիտանեանի, Արամ Սոմունճեանի եւ Եղիա Թաշճեանի, ընդունեց Արաբական բաց համալսարանի (Arab Open University) պատուիրակութիւնը։ Պատուիրակութեան մաս կազմեցին համալսարանի ուսումնական հարցերու փոխնախագահ դոկտ. Տանի Աուն, ընդունելութեան բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Ղատի Մոքալլետ եւ հաստատութիւններու հետ յարաբերութիւններու համակարգող Ուալիտ Սէյֆ։
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն համալսարանի ներկայացուցիչներուն հետ ստորագրեց փոխըմբռնման յուշագիր մը, որ կը միտի ամրապնդել համագործակցութիւնը ուսումնական ոլորտին մէջ։
Նշեալ համաձայնագիրը կարելիութիւն պիտի ստեղծէ հայ ուսանողներուն համար, որպէսզի անոնք հետեւին ուսման զեղչուած կրթաթոշակներով։ Համաձայնագիրի հիման վրայ համալսարանը նաեւ աշխատանոցներ եւ համագումարներ պիտի կազմակերպէ հայ ուսանողներու համար։
Հանդիպումին շեշտուեցաւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը՝ զարգացած կրթական միջավայրի ամրապնդման եւ տեւական գործընկերութեան հաստատման առումով, որ պիտի նպաստէ լիբանանահայ երիտասարդներու կարողութիւններու զարգացման ու աշխատանքի շուկայ մուտք գործելու անոնց պատրաստութեան։