Սիրարփի Յակոբեան տասնչորս տարի առաջ Հալէպէն Հայաստան եկած է. ան հարսանիքի հրաւիրուած էր և որոշած է մնալ ու այլևս չվերադառնալ։
«Հալէպի պատերազմը սաստկացաւ, քոյրերս կըսէին՝ մի՛ գար Հալէպ: Էջմիածինէն տուն մը գնուեցաւ. հօրս փափաքն էր Էջմիածին հաստատուիլը»։
Սիրարփի Էջմիածինը չէր գիտեր.
— Էջմիածինը փոքրիկ, ամփոփ և խաղաղ քաղաք մըն է,— կըսէ ան։
Լեզուական տարբերութիւններու մասին խօսելով՝ Սիրարփի կը նշէ, թէ տարբերութիւնները շատ են, բայց «մենք ուր ալ երթանք, պէտք է համակերպինք տեղի պայմաններուն»։ Հալէպի մէջ Սիրարփիին դրացուհին հայաստանցի էր. ան կըսէր՝ «Իմ երեխէքս պարապում են»։
— Ի՞նչ է «պարապ» բանը,— կը մտածէի. յետոյ հասկցայ, որ ըսել կուզէ, թէ երեխաները դաս կը սորվին։
Այսօր Սիրարփիին դրացիներն արդէն վարժուած են արեւմտահայերէնին։ Ան բառերու շարք մը թուեց արեւելահայերէնի և արեւմտահայերէնի տարբերութիւններուն մասին, ինչպէս օրինակ՝ քակել և քանդել (թելը պիտի քակես, այլ ոչ թէ քանդես) կամ ապսպրել և պատուիրել և այլն։
Ան Հալէպէն իր հետ բերած է իր սովորութիւնները, համեմունքներն ու Սասունի ճաշատեսակները։
— Հայաստանը միշտ սիրած եմ, չեմ մտածեր ետ դառնալու մասին,— կըսէ ան։
Սիրարփի Յակոբեան կոչ կուղղէ իր հարազատներուն. «Երանի՜ մէյ մը գան ու տեսնեն, վայելեն մեր հայրենիքը»։ Մեր հիւրը գրեթէ հարթած է իր բոլոր դժուարութիւնները Էջմիածինի մէջ։