
ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԵՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Կիրակի, 31 Մայիս 2026-ին, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 108 ամեակին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ կատարուի Հանրապետական Մաղթանք (Գոհաբանական Աղօթք) ու Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն։
Նախագահութեամբ՝
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍի
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին պիտի կատարուի հոգեհանգստեան կարգ՝ Սարդարապատի ճակատամարտին իրենց կեանքը զոհաբերած մեր քաջարի հերոսներու հոգիներուն համար: Ապա, վեհարանի դահլիճին մէջ, պիտի ներկայացուի յատուկ յայտագիր մը՝ Սուրբ Աթոռոյս Վեհափառ Հայրապետին անուանակոչութեան առիթով:
Կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդի սիրեցեալ զաւակներուն մասնակցելու Սուրբ Պատարագին, աղօթելու Սարդարապատի հերոսներու հոգիներու խաղաղութեան համար եւ լսելու Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՅԱՍՄԻԿ ՊՈՍՆՈՅԵԱՆի (մահացած 11 մայիս 2026-ին, Մոնրէալի մէջ Քանատա) հոգւոյն հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 31 մայիս 2026-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԾԱՆՕԹ.- Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00: