Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մայիսեան Փառատօնը

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Այս տարի եւս համայն հայութեան կառոյցները, Հայ եկեղեցին, ազգային միութիւնները եւ մասնաւորաբար ՀՅԴ-ն ու ՀՄԸՄ-ը մեծ շուքով պիտի տօնեն մայիս 28-ը: Սփիւռքի կեանքին մէջ, ապրիլեան ոգեկոչումներէն ետք, մայիսեան տօնակատարութիւնները անգամ մը եւս կը նկատուին կարեւոր փուլ մը` ազգային յիշողութեան եւ ինքնութեան վերահաստատման ճամբուն վրայ:

Մայիսեան ձեռնարկները եւ յատկապէս Մայիսեան փառատօնը կու գան վերակենդանացնելու մեր յիշողութիւնը եւ մեր ազգային պատկանելիութեան զգացումը դրոշմելու մեր սրտերուն ու միտքերուն մէջ: Հայոց պատմութիւնը միայն դասագիրքերու մէջ արձանագրուած պարզ պատմութիւն չէ, այլ` ազգասէր նոր սերունդներ կերտելու ամէնէն հզօր զէնքը, որով մենք պիտի շարունակենք տէր կանգնիլ մեր արժէքներուն` մերժելով օտարացման այն մարտահրաւէրները, որոնք միշտ կը ձգտին չէզոքացնել մեր հայկական ինքնութիւնը:

Մայիսեան փառատօնը, ըլլայ Լիբանանի թէ աշխարհասփիւռ հայկական գաղութներուն մէջ, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն առաջնորդութեամբ բաբախել կու տայ ներկաներուն սրտերը եւ ահազանգի ձայնը կը հնչեցնէ անոնց միտքերուն մէջ` արթնցնելով ազգապահպանման կոչումի հրաւէրը, որ ամէն հայու ճիտին դրուած պարտքն է:

Նորանոր սերունդներ, որոնք հասակ կ՛առնեն ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին մէջ, կը դառնան այն տիպար հայերը, որոնք պատրաստ են նոյնիսկ իրենց անձը զոհելու իրենց ընկերոջ, ազգին եւ հայրենիքին համար, ինչպէս նաեւ` իրենց ներդրումը բերելու Հայ դատին:

«Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանը, որ ՀՄԸՄ-ի հիմնարար ուղենիշն է, աւելի քան 108 տարիներէ ի վեր եղած է օրինակելի մարդ պատրաստելու ուղին եւ առաջնորդած է հայ մարդը դէպի աւելի բարձր արժէքներ:

ՀՄԸՄ-ը` իբրեւ մարզական եւ սկաուտական կառոյց, կրցաւ համախմբել սփիւռքը եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ ազգապահպանման գործին մէջ: Նոյնիսկ` այն գաղութներուն մէջ, որոնք զուրկ եղած են հայկական դպրոցէ, ՀՄԸՄ-ը, եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարաններուն կողքին, կրցած է պահպանել հայոց լեզուն եւ դաստիարակել սերունդներ:

Փա՛ռք ՀՄԸՄ-ին: Փա՛ռք հայոց ազգային եւ կրօնական կառոյցներուն, որոնք աւելի քան մէկ դարէ ի վեր կրցան կերտել եւ պիտի շարունակեն կերտել հայու տիպարը սփիւռքի տարածքին:

Ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ ապագային, սերունդներ պիտի կարենան տէր կանգնիլ մեր բոլորին յաւերժական Հայաստանին:

 

 

 

 

Leave a Comment