Մայրը` Կեանքի Անսպառ Աղբիւրը
Եւ Անլռելի Արձագանգը
Մայրերու տօնը օրացոյցին վրայ սովորական թուական մը չէ, այլ խոնարհումի պահ մը` այն էակին առջեւ, որ կեանքի առաջին արշալոյսը կը բերէ մեր հոգիներուն մէջ: Մայրը լոկ անուն չէ. ան խաղաղ նաւահանգիստ մըն է, ուր մեր յոգնած նաւերը կ՛ապաստանին կեանքի ամէնէն կատաղի փոթորիկներէն ետք:
Եթէ կեանքը անապատ մըն է, մայրը հոն գտնուող մշտադալար ովասիսն է, որուն գութի ջուրով կը զովանան մեր ցամաքած շրթները: Ան կամուրջ մըն է` ձգուած մեր երազներուն եւ իրականութեան միջեւ, որուն վրայէն մենք ապահով քայլերով կը քալենք դէպի ապագայ: Մօր ձեռքերը սուրբ ձեռքեր են, որոնք մեզ կը պաշտպանեն աշխարհի ցուրտէն, նոյնիսկ երբ մենք այդ ձեռքերուն կարիքը չենք զգար:
Մօր սէրը անշէջ կրակ մըն է. անիկա կը տաքցնէ` առանց այրելու, եւ կը լուսաւորէ` առանց սպառելու: Ան մեղեդի մըն է, որ կը հնչէ մեր սրտերուն մէջ այնպիսի քաղցրութեամբ, զոր ոչ մէկ երաժշտութիւն կրնայ փոխարինել:
Այսօր, երբ կը տօնենք մայրերու օրը, եկէք չմոռնանք, որ մայրը մեր կեանքի արմատն է: Առանց այդ արմատին` մեր տերեւները պիտի թառամին, իսկ մեր ճիւղերը պիտի կոտրին:
Յարգանք անոր ոչ միայն ծաղիկներով, այլեւ` մեր երախտագիտութեան անկեղծ աղօթքով, որովհետեւ մայրը երկրի վրայ Աստուծոյ ամէնէն վաւերական ներկայութիւնն է:
ԱՐՏԱԿ ԱՆՏՈՆԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ
Մայրական Սէր
Մայրական սիրոյ պէս հարստութիւն չկայ աշխարհի վրայ: Ապահովութեան զգացումն է, որ մեզ կը հանգստացնէ: Այդ ուժը կը զօրացնէ ու կ՛ուղղէ մեզ` դէպի լաւագոյնը: Մայրերը միշտ կը նուիրուին եւ կը զոհուին մեզի ու մեր լաւութեան համար: Անոնք անդադար կը տքնին ընտանիքին ուրախութեան ու ապահովութեան համար: Որքան ալ փորձենք բառերու մէջ տեղադրել մեր զգացումները, անոնք կը դառնան անբաւարար:
Մօր աջակցութեամբ կը սորվինք կեանքի կարեւոր կէտեր: Ջերմ խօսքերով, խրատներով կը դաստիարակեն մեզ, որպէսզի ապագային դառնանք հաւասարակշռուած անձնաւորութիւններ, հասնինք բարձր դիրքերու, եւ իւրաքանչիւրս իր ձեռք բերած գիտելիքներով կարենայ զարգացնել իր շրջապատը:
Մեր մայրերը կը վայելեն մեր յարգանքը, փոխադարձ սէրը, եւ այդ կապը կը յարատեւէ մեզի հետ` մեր կարգին զայն փոխանցելու յաջորդող սերունդին: Անոնց տաքուկ գիրկը եւ մխիթարանքը կը մղեն, որ չյուսահատինք եւ ճիգ թափենք ամէն վայրկեան:
Անոնք հերոսներ կը կոչուին, որովհետեւ իրենց որդիները կը մղեն ռազմաճակատ` պաշտպանելու հայրենի հողը, դէմ կենալու դարաւոր թշնամիին դիմաց, գլուխ չծռելու ու երբե՛ք չխոնարհելու համար:
Պիտի ապրինք մեր ծնողներուն շունչով ու իրենց սերմանած պայքարի ոգիով: Օրհնութիւն եւ երկար կեանք` մեր սիրելի մայրերուն…
ԿԱՐՕ ՏՈՒԶՄԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ «Յառաջ» ՊՄ
Ամէն Օր Մեծարենք Մեր Մայրերը
Մայրերը մարդու կեանքի ամենակարեւոր եւ սրբազան անձերն են: Անոնք են, որոնք մեզ կը պարգեւեն կեանքը, կը խնամեն մեր առաջին քայլերէն մինչեւ հասուն տարիք եւ մշտապէս կը մնան մեր կողքին` սիրով ու նուիրումով լի:
Մայրերը ոչ միայն ծնող են, այլեւ` ուսուցիչ, բարեկամ եւ առաջնորդ: Անոնք կը սորվեցնեն մեզի` բարութիւն, ազնուութիւն եւ համբերութիւն: Մօր սէրը անսահման է, ան պատրաստ է զոհաբերելու ամէն ինչ իր զաւակներուն երջանկութեան համար: Անոր խօսքերը մեզ կը մխիթարեն դժուար պահերուն, իսկ ժպիտը կը լեցնէ մեր սիրտերը ջերմութեամբ:
Աշխարհի մէջ շատ բաներ կրնան փոխուիլ, բայց մօր սէրը միշտ կը մնայ նոյնը` անկեղծ եւ անսակարկելի: Այդ պատճառով ալ մենք պէտք է գնահատենք մեր մայրերը, յարգենք զանոնք եւ փորձենք փոխադարձ սիրով ու հոգատարութեամբ պատասխանել անոնց նուիրումին:
Մայրը ընտանիքի սիրտն է եւ հասարակութեան հիմքը: Առանց մօր` կեանքը կը կորսնցնէ իր իմաստը եւ ջերմութիւնը: Ուստի մենք բոլորս պարտաւոր ենք սիրել եւ մեծարել մեր մայրը ամէն օր, ոչ միայն յատուկ առիթներով:
ԱՆԹՈՆԷԼԼԱ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ
Հայ Մօր Անփոխարինելի Դերը
Հայ մայրը դարեր շարունակ եղած է հայ ընտանիքին եւ ազգին գոյատեւման հիմնասիւնը:
Անոր դերը սոսկ կենցաղային չէ, այլ` բարոյական, կրթական եւ ազգային:
Հայ մայրը առաջինն է, որ երեխային կը փոխանցէ tայրենի լեզուն:
Ընտանիքէն ներս մայրը հիմնական դաստիարակն է:
Անոր միջոցով երեխան կը սորվի յարգանք մեծերուն եւ սէր աւանդութիւններուն հանդէպ: Նաեւ կը սորվի հաւատք, քանի որ հայ մայրը յաճախ եղած է քրիստոնեական արժէքներու առաջին փոխանցողը:
Ան նաեւ կը կը փոխանցէ աշխատասիրութիւն եւ զոհողութեան ոգի:
Պատմութեան ընթացքին, երբ հայ ժողովուրդը դիմագրաւած է պատերազմներ եւ տեղահանութիւն, հայ մայրը եղած է ա՛յն հերոսուհին, որ նոյնիսկ ամենադժնդակ պայմաններուն մէջ չէ լքած իր զաւակները եւ կառչած է իր արմատներուն: Ան պատրաստած է ապագայ զինուորներ, մտաւորականներ եւ արհեստաւորներ, որոնք պիտի ծառայեն ազգին:
Հայ մօր դերը ազգի մը ապագան կերտելու մէջ անփոխարինելի է, քանի որ անոր շունչով է, որ հայ ընտանիքը կը մնայ հայկական եւ ամուր:
ՅԱԿՈԲ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ՀՅԴ «Հրայր Դժոխք» ՊՄ
Հայ Մայրը
Հայ մայրը շատ ուժեղ կին է: Ան իր ամբողջ կեանքը կը նուիրէ իր ընտանիքին ու զաւակներուն: Հայ մայրը միշտ կը հոգայ իր երեխաները, նոյնիսկ երբ ինք յոգնած կամ տխուր է: Ան իր սրտին մէջ շատ սէր ունի, բայց նաեւ` մեծ քաջութիւն:
Պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ հայ մայրեր իրենց զաւակները պատերազմի ուղարկած են, որպէսզի պաշտպանեն հայրենիքը: Այդ պահը շատ դժուար է ամէն մօր համար: Մայրը կը վախնայ իր զաւկին կեանքին համար, գիշերները չի կրնար հանգիստ քնանալ եւ միշտ կ՛աղօթէ, որ իր զաւակը ապահով վերադառնայ, բայց նոյն ժամանակ ան հպարտ է, որովհետեւ իր զաւակը կը պաշտպանէ իր ժողովուրդն ու հողը:
Հայ մայրը իր զաւակներուն կը սորվեցնէ քաջ ըլլալ, օգնել ուրիշներուն եւ սիրել հայրենիքը: Ան միշտ կ՛ըսէ, որ դժուարութիւններուն դիմաց պէտք չէ յանձնուիլ: Նոյնիսկ ամենադժուար ժամանակներուն հայ մայրը կը շարունակէ ուժեղ մնալ իր ընտանիքին համար:
ԳԼԱՐԻԹԱ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
ՀՅԴ «Հրայր Դժոխք» ՊՄ
Մայրերը` Մեր
Կեանքին Օրհնութիւնը
Կեանքին մէջ կան մարդիկ, որոնք կու գան ու կ՛երթան, բայց մայրը ա՛յն միակ անձն է, որ միշտ կը մնայ մեր կողքին` իր անսահման սիրով ու զոհողութեամբ: Ան մեր առաջին ուսուցիչն է, առաջին բարեկամը եւ ամենաապահով ապաստանը: Մօր սիրտը լի է ներողամտութեամբ, համբերութեամբ եւ անսահման գուրգուրանքով:
Մայրը իր զաւակին համար կ՛ապրի: Ան իր հանգիստը կը զոհէ, որպէսզի իր երեխան երջանիկ ըլլայ: Յաճախ մայրը լուռ կերպով կը տառապի, բայց երբեք ցոյց չի տար իր ցաւը, որովհետեւ իր զաւակին ժպիտը իրեն համար աշխարհի ամենամեծ երջանկութիւնն է: Մօր սէրը նման է լոյսի մը, որ նոյնիսկ ամենամութ օրերուն կը լուսաւորէ մեր ճամբան:
Մայրերու օրը միայն տօն մը չէ. ան յիշեցում մըն է, թէ որքա՜ն մեծ է մօր դերը մեր կեանքին մէջ: Այդ օրը մենք կ՛արտայայտենք մեր սէրն ու շնորհակալութիւնը, բայց իրականութեան մէջ մէկ օրը բաւարար չէ գնահատելու ա՛յն ամէնը, ինչ մայրը կ՛ընէ մեզի համար: Ան մեր կողքին է մեր առաջին քայլերէն մինչեւ մեր կեանքին ամենադժուար պահերը:
Իմ մայրս իմ ուժս է եւ իմ ապահովութիւնը: Երբ աշխարհը ծանր կը թուի, ան իր խօսքերով հանգստութիւն կը պարգեւէ ինծի: Ան սորվեցուցած է բարութիւն, սէր եւ մարդասիրութիւն: Իր աղօթքները եւ հոգատարութիւնը միշտ ուղեկից կը մնան ինծի:
Մենք պէտք է սիրենք ու գնահատենք մեր մայրերը ո՛չ միայն Մայրերու օրը, այլ ամէն օր, որովհետեւ մայրերը մեր կեանքին ամենաթանկ օրհնութիւնն են:
ՍԷՐԼԻ ԱՐԲԱՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ
Շնորհաւո՛ր Տօնդ
Այս մայրերու օրուան առիթով, մա՛մ, կ՛ուզեմ քեզի շնորհակալութիւն յայտնել քու անսահման սիրոյդ, համբերութեանդ եւ զոհողութիւններուդ համար: Դուն ես մեր տան ջերմութիւնը, ուժը եւ օրհնութիւնը: Քու աղօթքներդ, գուրգուրանքդ եւ ներկայութիւնդ միշտ լոյս դարձած են մեր կեանքին մէջ:
Հայ մայրը ընտանիքին սիրտն է` սիրոյ, հաւատքի եւ հոգատարութեան աղբիւրը: Ան իր սիրով տունը կը լեցնէ խաղաղութեամբ ու ջերմութեամբ եւ իր զաւակներուն կը փոխանցէ ազգային ու մարդկային արժէքները:
Թող Աստուած քեզի առողջութիւն, խաղաղութիւն եւ երկար տարիներ պարգեւէ, որովհետեւ դուն արժանի ես աշխարհի ամբողջ սիրոյն:
Մայրերու օրդ շնորհաւո՛ր, մա՛մ:
ՆԱՅԻՐԻ ԱԹՈՔԵԱՆ
ՀՅԴ «Քրիստափոր» ՊՄ
Մայրերու Մայիս
Մայրերու ամիսը կը նկատուի մայիս ամիսը, որ մէկ օր չէ, որովհետեւ մէկը քիչ է, անբաւարար է: Այդ ամիսը մարդիկ շնորհակալ կ՛ըլլան իրենց մայրերուն` իրենց սիրոյ եւ հոգատարութեան համար:
Մայիսը նաեւ գարնան ամիս է, երբ բնութիւնը կը ծաղկի, եւ այդ գեղեցիկ մթնոլորտը կը կապուի մայրական սիրոյ ջերմութեան հետ:
Մայրերը շատ կարեւոր են ընտանիքին մէջ, որովհետեւ անոնք միշտ կը հոգան իրենց զաւակները եւ կը սիրեն զանոնք առանց պայմաններու:
ՄԱԿԱԼԻ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ
Իմ Կեանքի Լոյսին
Մայրի՛կ ջան, դուն իմ աշխարհի ամենաթանկ մարդն ես ու իմ կեանքի լոյսը: Քու գիրկիդ մէջ է արեւը: Շնորհակալ եմ քու անսահման սիրոյ, հոգատարութեան համար: Դուն սովորեցուցած ես սիրել, ներել ու ուժեղ ըլլալ: Աշխարհի ամենալա՛ւ մայրիկ, կը սիրեմ քեզ անսահման: Շնորհաւոր մայրութեան տօնդ:
ԲԱԼԻԿ ՃԱՆԻԿԵԱՆ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» ՊՄ
