ՀՕՄ-ի 9-րդ Միջազգային Նաւապտոյտը Դէպի Ասիա

ԼՈՒՍԻՆ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ-ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ

17 ապրիլ  2026-ին Սինկափուրէն սկիզբ առաւ ՀՕՄ-ի 9-րդ Միջազգային նաւապտոյտը` Royal Caribbean International-ի Ovation of the Seas նաւով, աւելի քան 410 ազգայիններու մասնակցութեամբ: Ճամբորդութիւնը կը վայելէր ներկայութիւնը` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուս Մելքոնեանի, ԿՎ-ն նաւապտոյտի ներկայացուցիչ Արմինէ Կարապետեանի, նաւապտոյտի յանձնախումբի ատենապետ Շաքէ Պասմաճեանի եւ յանձնախումբէն եօթը անդամներու:

Սինկափուրէն մեկնելէ առաջ ՀՕՄ-ը կազմակերպած էր երկօրեայ շրջապտոյտ մը, որուն ընթացքին խումբը այցելեց Սինկափուրի տեսարժան վայրերը եւ ամենահին եկեղեցին` Armenian Church of Saint Gregory the Illuminator (հիմնուած` 1835-ին): Մասնակիցները յուզիչ պահեր ապրեցան կամարներուն տակ հայկական եկեղեցւոյ, որ երկար ժամանակէ ի վեր այսքան մեծ թիւով հայորդիներ չէր տեսած: Կարծես անոնք նոր շունչ մը բերած ըլլային իրենց աղօթքներով եւ շարականներով: Ներշնչուած այս մթնոլորտէն` տեղւոյն վրայ կատարուեցան նուիրատուութիւններ` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ներկաներուն կողմէ:

14 օր տեւած այս անմոռանալի շրջապտոյտին ընթացքին նաւը անցաւ Խաղաղական ովկիանոսի Ասիոյ հեռաւոր շրջանի ծովափնեայ հետեւեալ տեսարժան վայրերէն` (Singapore) – Hue / Da Nang (Vietnam) – Hong Kong, Kowloon (China) – Taipei, Keelung, (Taiwan) – Nagasaki, Kobe, Mount Fuji, Tokyo (Japan):

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նաւապտոյտի յանձնախումբը բացառիկ աշխատանք տարած էր այս նաւապտոյտը վերածելու անմոռանալի զբօսաշրջութեան մը, որ մէկտեղած էր ինը երկիրներէ` արեւելեան եւ արեւմտեան Ամերիկայէն, Քանատայէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, Նետըրլանտներէն, Կիպրոսէն, Լիբանանէն, Պելճիքայէն, Պուլկարիայէն, Դանիայէն, հեռաւոր Աւստրալիայէն եւ Հաուայեան կղզիներէն ժամանած հայորդիներ: Միաժամանակ ան ստեղծած էր յատուկ ջերմութիւն, ուրախութիւն եւ մտերմութիւն` իր կազմակերպած բազմաթիւ ձեռնարկներուն ընդմէջէն:

Յատկանշական էր Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին նուիրուած ոգեկոչումը` ստեղծուած ազգայնաշունչ եւ պահանջատիրական մթնոլորտով, որ կերտուեցաւ շնորհիւ անզուգական երգիչ Էլի Պէրպէրեանի եւ անոր նուագախումբին: Մասնաւորաբար ապրիլ 24-ի օրը, նաւապտոյտի խումբ մը մասնակիցներ, Թայուանի Քիլանկ քաղաքին մէջ շրջապտոյտին ընթացքին, որոշեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին լապտեր մը արձակել` մեր նահատակներուն յիշատակը վառ պահելու եւ վերահաստատելու յանձնառութիւնը` արժանապատուութեան եւ արդարութեան նկատմամբ:

Նաւապտոյտի ընթացքին հանրածանօթ երգիչն ու իր նուագախումբը, իրենց հարուստ եւ այլազան երգացանկով, յաջողեցան ներկաներուն ուրախութիւնը գագաթնակէտի հասցնել երեք խրախճանքներու ընթացքին:

Նաւապտոյտի մասնակիցները ազատ օրերուն զբաղած պահելու նպատակով յանձնախումբը կազմակերպած էր պլոթի մրցաշարք մը եւ թէյասեղան մը: Մեծ էր խանդավառութիւնը մանաւա՛նդ թէյասեղանի ձեռնարկին, որուն ընթացքին 200 մասնակիցներ ներկայացան իրենց գեղեցիկ գլխարկներով: Նաեւ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ՀՕՄ-ի օրուան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկը, որուն ընթացքին մասնակիցները մօտէն ծանօթացան ՀՕՄ-ի աշխարհատարած մարդասիրական ծրագիրներուն եւ գործունէութեան: Հաճելի էր նաեւ նաւապտոյտի ընթացքին կազմակերպուած շրջապտոյտը` դէպի Քոպէի տեսարժան ու մշակութային արժէք ներկայացնող վայրերը:

Նաւապտոյտի ամբողջ տեւողութեան մասնակիցները ՀՕՄ-ի ուղղեցին գնահատանքի, երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան սրտաբուխ խօսքեր: Շատ շատեր փափաք յայտնեցին` կրկին մասնակցելու նմանօրինակ ճամբորդութեան մը, եւ հետաքրքրուած էին շուտով իմանալու յառաջիկայ նաւապտոյտի վայրն ու թուականը: Մանաւանդ գնահատելի էր  ամբողջ ճամբորդութեան տեւողութեան կատարուած քարոզչական աշխատանքը եւ օրական դրութեամբ տեսերիզներու միջոցով հաղորդումներու տեղադրումը ընկերային ցանցի ՀՕՄ-ի զոյգ էջերուն վրայ: Երեւոյթ մը, որուն տասնեակ հազարաւորներ առօրեայ դրութեամբ  հաճոյքով հետեւեցան` այս կերպով ականատես ըլլալով մեր պտոյտներուն եւ հաճելի անցուդարձերուն: Այս աշխատանքը ամենայն պատասխանատուութեամբ կատարեց ՀՕՄ-ի քարոզչական յանձնախումբէն Թամար Շահինեանը:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կարեւորագոյն հասութաբեր այս նախաձեռնութեան ընթացքին, առ ի գնահատանք, նաեւ կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ` ի նպաստ ՀՕՄ-ի մարդասիրական ծրագիրներուն:

ՀՕՄ-ը անգամ մը եւս յաջողեցաւ ի մի բերել եւ համախմբել հին ու նոր բարեկամներ, նոյն ընտանիքին պատկանող հարազատներ եւ ՀՕՄ-ականներ` ընծայելով բացառիկ առիթ մը, որպէսզի ստեղծուին նոր բարեկամութիւններ` աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած հայորդիներուն միջեւ, ոմանք` հայկական հարազատ միջավայրի մը կարօտով, ոմանք ալ` նոր կապեր հաստատելու փափաքով:

ՀՕՄ-ի ստեղծած այս փոքրիկ հայկական համայնքին անդամները իրարու հրաժեշտ տուին   1 մայիս  2026-ին` դարձեալ հանդիպելու յոյսով:

 

 

Leave a Comment