Հետաքրքրական. Ռազմապարերը Ազգային Ինքնութեան Եւ Պատմական Դիմակայութեան Կենդանի Խորհրդանիշ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ռազմապարերը հայկական մշակոյթին մէջ պարզապէս պարային ձեւ չեն. անոնք ժողովուրդին պատմական յիշողութեան, պայքարի եւ գոյատեւման կենդանի արտայայտութիւններն են: Այս պարերուն իւրաքանչիւր շարժումը կը կրէ խոր իմաստ` կապուած յաղթանակներու, կորուստերու եւ վերապրումի հետ:

Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ յաղթանակներ կերտած է` մեծ զոհողութիւններու գնով: Այդ յաղթանակները յաճախ «արիւնով ու կեանքով պսակուած» են, եւ անոնց յիշողութիւնը փոխանցուած է ազգային մշակոյթի միջոցով, յատկապէս` ռազմապարերուն մէջ:

Ռազմապարերուն առաջ եւ ետ կատարուող շարժումները կը խորհրդանշեն ոչ միայն մարտիկներու պայքարը, այլ նաեւ` ժողովուրդի դիմակայութիւնը դժուարութիւններուն, նահանջի եւ յառաջխաղացման մշտական շրջափուլը: Անոնք միաժամանակ կ՛արտացոլացնեն հողին հետ կապը, գիւղացիին աշխատանքը եւ դէպի բերք ու բարիք տանող ճանապարհը:

Տղամարդոց կողմէ կատարուող ռազմապարերուն մէջ հնչող խրոխտ ձայները եւ բացագանչութիւնները կը կրեն խորհրդանշական մեծ ուժ: Անոնք կ՛արտայայտեն` հայու պատմական անցեալը, հաւատքը, բնութեան հետ ներդաշնակութիւնը եւ այն յաղթանակները, որոնք կերտուած են մեծ զոհողութիւններու գնով:

Աղբիւր` Արեւմտեան Հայաստանի
Պետական Հեռուստաընկերութիւն

Հոգեբանին Կարծիքով

 Երեխան Լաւատես Չի Ծնիր,
Այլ Կը Դառնայ Լաւատես

Մարդուն լաւ արժանիքներէն մէկը երեւոյթներուն լաւատեսօրէն նայելու յատկութիւնն է, քանի որ այդպիսով կեանքը աւելի դիւրին եւ սիրելի կը դառնայ` հակառակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն:

Լաւատես մարդիկ կը հաւատան, որ իրենք ի վիճակի են այս կամ այն բարդ վիճակէն ելքեր գտնել, իսկ անյաջողութեան դիմաց չեն յուսահատիր, այլ կը փորձեն զանոնք յաղթահարել:

Հոգեբուժ եւ հոգեվերլուծաբան Ալեն Պրաքոնիէի կարծիքով, երեխան լաւատես չի ծնիր, այլ կը դառնայ լաւատես, եւ կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս կրնան ծնողները օգնել իրենց երեխաներուն` դրական մտածելակերպ զարգացնել:

«Ես Միշտ Քու Կողքիդ Եմ…»

Շատ կանուխէն ձեր երեխային մէջ ապահովութեան զգացում զարգացուցէք, ցոյց տուէք, որ միշտ իր կողքին էք: Հետաքրքրուեցէք անոր առօրեայով, անոր ամենափոքր յաջողութիւններն անգամ գնահատեցէք:

Յաճախ ձեր զաւկին ուղեկցեցէք դպրոց, ներկայ եղէք այն բոլոր ձեռնարկներուն, որուն ան մասնակից է, մի՛ բացակայիք ծնողական ժողովներէն:

Օրինակ Ծառայեցէք

Ձեր երեխաները ձեզ կ՛ընդօրինակեն: Եթէ դուք անընդհատ կեանքը սեւ գոյնով ներկէք, անոնք աշխարհը այդ գոյնով կը դիտեն իրենց կեանքի ամբողջ տեւողութեան:

Յոռետեսութիւնը վարակիչ է, տան մէջ երեխաներուն ներկայութեան զուսպ եղէք ձեր արտայայտութիւններուն մէջ:

Ընտրութեան Հնարաւորութիւն Տուէք

Գաղտնիք չէ, որ լաւատես մարդիկ ինքնավստահ մարդիկ են, եւ որպէսզի ձեր զաւակը նոյնպէս ինքնավստահ մեծնայ, անոր յաճախ ընտրելու հնարաւորութիւն տուէք. օրինակ` 2 տարեկան փոքրիկին հարցուցէք, թէ ո՞ր բաժակով կ՛ուզէ խմել իր կաթը, 5 տարեկան աղջնակին` ո՞ր մարզաձեւին կ՛ուզէ հետեւիլ, կամ 12 տարեկան պատանիին` ո՞ւր կ՛առաջարկէ անցընել իր արձակուրդը եւ այլն…

Ննջասենեակին կահոյքը փոխելու, ինքնաշարժ գնելու, տարեդարձը ծրագրելու, արուեստի գործ մը քննարկելու ժամանակ անպայման առէք ձեր զաւկին կարծիքը, որպէսզի ան ընտանիքի լիիրաւ անդամ զգայ:

Աշխատելու Մղում Տուէք

Թող ձեր երեխան ի՛նք կրէ դասագիրքերով լեցուն դպրոցական պայուսակը, բրդուճ պատրաստէ, սենեակը կոկէ` փոխանակ ձեռքերը հանգիստ թափահարելով մտածելու, թէ այդ ամէնը դուք իրմէ աւելի լաւ կ՛ընէք:

Խորքին մէջ դուք աւելի մեծ հոգածութիւն ցուցաբերած կ՛ըլլաք ձեր զաւկին հանդէպ, երբ հնարաւորութիւն կու տաք անոր անձամբ լուծելու իր հարցերը, քան երբ իր բոլոր դժուարութիւնները ձեր ուսերուն կը բեռցնէք: Երեխան պէտք է գիտակցի, որ կեանքի մէջ յաջողելու համար ոչ թէ բնատուր շնորհ կամ բախտ պէտք է ունենալ, այլ` աշխատելու մղում, իսկ տարբեր տեսակի գործեր կատարելու փորձերը կ՛օգնեն անոր հասկնալու, թէ ի՛նչ բան ինք լաւ կ՛ընէ եւ ինչի՛ վրայ դեռ պէտք է աշխատի:

Օգնեցէք, Որ Ինքնաբաւ Դառնայ

Այն երեխաները, որոնք անձամբ կը լուծեն իրենց սեփական հարցերը, աւելի լաւ կը կառավարեն իրենց կեանքը, մինչդեռ անոնք, որոնք վարժուած են միշտ ուրիշներէն օգնութիւն հայցելու, կրնան յուսահատիլ, երբ խոչընդոտի մը դիմաց բոլորովին առանձին գտնուին:

Երբ ձեր երեխան դժուարութեան առաջ գտնուի, փորձեցէք ուղղորդող հարցումներով օգնել: Օրինակ` եթէ ան սխալ լուծած է թուաբանութեան վարժութիւնը, պատասխանը տալու փոխարէն` հարցուցէք, թէ ինչպէ՛ս հասած է այդ պատասխանին, բացատրութեան ընթացքին երեխան կը նկատէ իր սխալը եւ ուրիշ անգամ չի կրկներ:

Նորաձեւութիւն

 2026 ԳարունԱմառ Նորաձեւութեան
Գլխաւոր Միտումները

Տիոր, Շանել, Քլոէ, Միու Միու, Փրատա, Հերմէս, Պալենսիակա, Վալենթինօ, Ժիվանշի… նորաձեւութեան աշխարհի տիտանները ամիսներ առաջ վճռեցին 2026-ի գարուն-ամառ նորաձեւութեան գլխաւոր միտումները. ստորեւ` մէկ քանին

– Ճերմակ գոյնի տիրական վերադարձ,

– Փուջիկ եւ «ֆիւզօ» տաբատներ,

– Արտասովոր լայն ուսերով վերնաշապիկներ,

– Մինի ժիւփի վերադարձ,

– Ծոպաւոր փէշեր,

– Փետուրէ հագուստներ,

– Ցած եւ փոքրիկ կրունկով կօշիկներ,

– Տարբեր չափի եւ ձեւի գլխարկներ,

– Տարօրինակ շրջանակներով արեւի ակնոցներ,

– Կրծկակալի տեսքով վերնաշապիկներ,

– Ճինզ տաբատներ:

Խոհագիր

 Դդումով Կրաթեն

Բաղադրիչներ` 4 անձի համար

– 4 հատ մեծ չափի դդում
– 100 կ թանձր թարմ սեր
– 100 կ քերած պանիր (էմանթալ, կրիւյէր…)
– 1 պճեղ սխտոր
– Ձիթապտուղի ձէթ
– Աղ, սեւ համեմ
– Կէս սուրճի դգալ մշկընկոյզ

Պատրաստութիւն

Դդումները լուալ, ապա մանտոլինի միջոցով կամ սուր դանակի օգնութեամբ զանոնք շատ բարակ կլոր շերտերու վերածել: Վրան աղ ցանել, որպէսզի ջուրը դուրս տայ:

Մանրել սխտորի պճեղը:

Կրաթենի ափսէին յատակը ձիթապտուղի ձէթով ծեփել եւ դդումի շերտերով ծածկել: Վրան աւելցնել թարմ սերէն բաժին մը, աղել, համեմել, սխտոր եւ պտղունց մը մշկընկոյզ ցանել: Այս գործողութիւնը քանի մը անգամ կրկնել, մինչեւ որ բաղադրիչները սպառին:

Երեսը տարածել քերած պանիրը եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել 180 ջերմաստիճանով` շուրջ կէս ժամ, մինչեւ որ երեսը ոսկեգոյն դառնայ:

***

Շաբթուան Մտածումը

«Ժամանակը ունի եւ իր խոր հուրդը: Հայաստանի Հանրապետութեան սերունդը եւ իր յաջորդները այդ օրուան կը սպասեն եւ կը պայքարին այդ օրուան համար:

«Վարչաձեւերը ժամանակաւոր երեւոյթ են:

«Ժամանակաւոր են վարիչները:

«Յաւերժական են ազգերն ու հայրենիքները` հայրենի հողի վրայ նստած ժողովուրդները:

«Յաւերժական է ազատատենչ հայ ժողովուրդը, որ մահուամբ մահը կոխկռտելով` կերտեց հայրենիքի անկախութիւնը:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ ապրիլ հայ ժողովուրդի սրտին մէջ, որպէս մշտավառ յուշ անցեալի եւ իբրեւ կենդանի յոյս ապագայի»:

ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ

Այսօր ( 21 մայիս 1969 ) Հայաստանի առաջին հանրապետութեան չորրորդ վարչապետ, Նշան Փալանճեան Ճեմարանի տնօրէն, քաղաքական գործիչ, լրագրող եւ գրող Սիմոն Վրացեանի մահուան 57-րդ տարելիցն է:

 

Leave a Comment