Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Դպրոցներու ծանր տագնապներէն է ապահովութիւնը: Ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ անհաւասարակշիռ անձերը ազատ համարձակ կը շրջագային, երբ զէնք ձեռք ձգելը այնքան ալ դժուար չէ, երբ երեխաներ կը դիտեն, կը լսեն բաներ, որոնք իրենց տարիքին համար շատ կանուխ են, մարդիկ կը դիմագրաւեն այս ողբերգական անակնկալները: «Օվըրվիու» կայքը այս երեւոյթներու պատճառներուն անդրադարձած է, եւ ընկերային ցանցերուն մէջ մարդիկ այս մասին կարծիքներ արտայայտած են:
Ն.
Զանգուածային հրաձիգները դպրոցները կը թիրախաւորեն անձնական, ընկերային եւ իրավիճակային պատճառներու բարդ համադրութեամբ: Նկատի ունենալով, որ բազմաթիւ յարձակողներ ներկայ կամ նախկին աշակերտներ են, դպրոցները յաճախ անոնց անձնական դժգոհութիւններու եւ ընկերային ձախողութիւններու հիմնական վայրերը կը հանդիսանան:
Հիմնական դրդապատճառներ`
Հակազդեցութիւն եւ վրէժխնդրութիւն.
Բազմաթիւ հրաձիգներ դպրոցները կը թիրախաւորեն` վրէժ լուծելու անոնցմէ, որոնք, իրենց կարծիքով, անարդարութիւն գործած են իրենց նկատմամբ: Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ յարձակողներուն 75 առ հարիւրը իրադարձութենէն առաջ եղած է ծաղրանքի, հալածանքի կամ սպառնալիքի առարկայ:
Հռչակի որոնում.
Բարձր մակարդակի թիրախներ են դպրոցները, ուր երիտասարդներու մահը լրատուամիջոցներու մեծ ուշադրութեան կ՛արժանանայ: Կարգ մը հրաձիգներ կը ձգտին դառնալ «անյարգալից» կամ «յիշուիլ»` երբեմն փորձելով ընդօրինակել կամ գերազանցել նախկին հրաձիգներու «մահուան թիւը»:
Անձնասպանութիւն եւ ճգնաժամ.
Դպրոցներու զանգուածային հրաձիգներու բացարձակ մեծամասնութիւնը (92-100 առ հարիւր) աշխուժ կերպով կը մտածեն անձնասպան ըլլալու մասին` յարձակումէն առաջ կամ այդ ընթացքին: Այս անհատներուն համար կրակոցը յաճախ կը դիտուի որպէս վերջնական, փոխակերպող գործողութիւն` իրենց սեփական ցաւին վերջ տալու եւ յայտարարութիւն ընելու համար:
Ենթադրուող «թոյլ թիրախներ».
Մասնագէտները կ՛ենթադրեն, թէ դպրոցները կրնան թիրախաւորուիլ, քանի որ անոնք կրնան ունենալ սահմանափակ տարածքային անվտանգութիւն եւ կանխատեսելի ժամանակացոյցեր (ժամանում, ճաշ, զբօսանք, արձակում), որոնք կը ստեղծեն մարդոց մեծ կուտակումներ բաց տարածքներու մէջ:
Նպաստող գործօններ` անձնական կապ.
Զանգուածային կրակոցներ կատարողներու մեծ մասը «ներսի մարդիկ» են, որոնք անմիջական կապ ունին դպրոցին հետ: Այս վայրը կը դարձնէ դիւրաւ մատչելի եւ ծանօթ անոնց համար:
Հրազէնի մատչելիութիւն.
Երիտասարդ կրակողներու համար դպրոցները կարելիութիւններու թիրախ են, քանի որ անոնք յաճախ կրնան դիւրաւ զէնք ձեռք բերել իրենց սեփական տուներէն կամ հարազատներէն: Դպրոցներու մէջ կրակոցներ կատարողներու շուրջ 80 առ հարիւրը զէնքը կը ստանայ ընտանիքի անդամներէն:
Սարսափի պատմութիւն.
Բազմաթիւ յարձակողներ մանկութեան տարիներուն զգալի դժուարութիւններ ապրած են` ֆիզիքական բռնութիւն, ծնողական անտեսում կամ սիրելիի կորուստ, եւ այս կը յանգեցնէ երկարատեւ մեկուսացման եւ անյոյս զգացողութիւններու:
Կրկնօրինակի ազդեցութիւն.
Լրատուամիջոցներու լայն լուսաբանումը կրնայ յանգեցնել կրկնօրինակման վարքագծի: Հաւանական կրակողները կրնան ուսումնասիրել անցեալի յարձակումները եւ անոնք տեսնել որպէս «նախագիծ»` իրենց կեանքին մէջ պակսող ճանաչումը ստանալու համար:
Անհատական կարծիքներ
«Այս զէնքի վերահսկողութեան օրէնքները քննարկելու փորձ չէ: Ես խորապէս համոզուած եմ, որ զէնքի վերահսկողութիւնը լաւ է»:
«Բայց ես պարզապէս չեմ հասկնար, թէ ինչո՞ւ դպրոցներ»:
«Միայն այն պատճառով, որ երեխաներու վրայ կրակելը անոնց գործին առաւելագոյն տեսանելիութիւն կու տայ»:
«Արդեօ՞ք այս պարզապէս կոյր կրկնօրինակման օրինաչափութիւն է, կրակողը պարզապէս կ՛ընէ այն, որ միւս կրակողները նախապէս ըրած են»:
«Կը հասկնամ, որ այս կրնայ ենթադրական ըլլալ: Բայց արդեօ՞ք կայ բան մը, որ ինծի համար անհասկնալի է: Որովհետեւ նոյնիսկ այլ երկրներու մէջ, ուր զէնքի բռնութիւնը խնդիր է, մարդիկ սովորաբար դպրոցներու մէջ երեխաներուն վրայ չեն կրակեր»:
«Դպրոցներու մէջ զանգուածային կրակոցներ կատարողները սովորաբար այդ դպրոցներու աշակերտներն են: Դպրոցէն դուրս գտնուող տարեց զանգուածային կրակոցներ կատարողները սովորաբար տարբեր թիրախներ կ՛ընտրեն»:
«Դպրոցները, ընդհանրապէս, նաեւ աւելի մեղմ թիրախներ են: Դիւրին է մտնել եւ դուրս գալ: Շատ հաւանական թիրախներ կան, ոչ ոք զինուած է: Ձուկ` տակառի մէջ»:
«Հետաքրքրական է նաեւ, որ զանգուածային կրակոցները աւելի յաճախ տեղի կ՛ունենան մեծ դպրոցներու մէջ: Կը թուի, թէ այս նպաստող գործօններէն քանի մը հատը կրնան բարելաւուիլ` փոխելով միջավայրը: Որովհետեւ երկու հազար աշակերտ ունեցող դպրոցին մէջ դուն պարզապէս թիւ ես, խնդրայարոյց, մինչեւ անմեղութիւնը չապացուցուի: Հինգ հարիւր աշակերտ ունեցող դպրոցին մէջ ուսուցիչները գիտեն, թէ ո՛վ ես դուն, լաւ կամ վատ երեխայ ես, եւ կ՛ունենան ՄՏԱՒՈՐ ՏԱՐԱԾՔ` ճանչնալու աշակերտները, որոնք աւելի քիչ կը կարողանան խուսափիլ ճեղքերէն: Ծաղրողները աւելի քիչ թաքստոցներ ունին, եւ անոնց սովորութիւնները կը բացայայտուին: Աշակերտները բոլորն ալ աւելի շատ կարելիութիւն ունին փայլելու: Համայնքը կրնայ աճիլ»:
«Անհրաժեշտ է աւելի լաւ զէնքի վերահսկողութիւն: Մարդիկ չեն կրնար օգտագործել AR-15-ներ մարդոց վրայ կրակելու համար, եթէ չունին AR-15-ներ»:
«Գիտէի՞ք, որ Ճափոնի դպրոցներուն մէջ, կրակոցներու փոխարէն, դանակահարութիւններ կ՛ըլլան` զէնքի սահմանափակ մատչելիութեան պատճառով: Ուրեմն շատ աւելի լաւ գոյատեւման կարելիութիւն կայ, եւ շատ աւելի դիւրին է զինաթափել յարձակողը: Իրականութեան մէջ բոլոր դպրոցներուն մէջ, կայ C տառի ձեւ ունեցող եղան (հնձուած խոտը հաւաքելու ժանիքաւոր գործիք), որ ուսուցիչները կրնան գործածել յարձակողը պատին բռնելու համար:
«Քանատայի մէջ մենք ստիպուած ենք մեր փամփուշտներն ու զէնքերը առանձին պահել, երկուքն ալ` փակ դարակներու մէջ: Մեզի անհրաժեշտ է արտօնագիր: Զէնքի արտօնագիր ստանալու համար անհրաժեշտ է շաբաթավերջին անվտանգութեան դասընթացք եւ ոստիկանական ստուգում, որուն ընթացքին անոնք կը ստուգեն ձեր պատժելի արձանագրութիւները, ինչպէս նաեւ կը կապուին ձեր բոլոր ներկայ ընկերներու կամ նախկիններու հետ` հինգ տարուան ընթացքին, եւ կը հարցնեն, թէ արդեօ՞ք անոնք որեւէ պատճառ ունին վախնալու, որ դուք զէնք ունիք/կը ստանաք»:
«Սահմանափակուած» հրազէնը կը պահանջէ լրացուցիչ արտօնագիր եւ անվտանգութեան դասընթացք: Կան կարգ մը տեսակի զէնքեր, որոնք դուք ընդհանրապէս չէք կրնար գնել, օրինակ` ինքնաձիգ եւ կիսաինքնագործ: Զէնքերը կրնան ըլլալ որսորդութեան գործիքներ: Բայց կան բազմաթիւ զէնքեր, որոնց միակ նպատակը բազմաթիւ մարդիկ արագ սպաննելն է. քաղաքացիական անձերու համար անոնց կարիքը չկայ»:
«Չեմ հասկնար, թէ ինչո՞ւ զէնքի մշակոյթէն ամէնէն շատ տուժած ամերիկացիները այդքան ամուր կառչած են անոր: Ես կրնամ հասկնալ վճարուած քաղաքական գործիչները: Բայց իրավիճակը զիս կը տխրեցնէ»:
«Չեմ փորձեր չհամաձայնիլ ձեր որեւէ կէտի հետ այն մասին, թէ ինչո՛ւ անոնք աւելի յաճախ կը պատահին մեծ դպրոցներու մէջ, բայց կ՛ուզէի աւելցնել, որ կ՛ըլլան նաեւ կարգ մը կողմնակալութիւններ»:
«Աւելի բազմաթիւ աշակերտներով` դպրոցներ կը նշանակէ աւելի շատ անձեր, որոնք կրնան որոշել իրականացնել գործողութիւն մը»:
«Աւելի շատ աշակերտներ` կը նշանակէ աւելի մեծ տեսանելիութիւն, երբ այդ գործողութիւնը ուշագրաւ է»:
«Պարզապէս հիացած եմ, որ դուք կը յիշատակէք դպրոցի չափը, այդ կրնայ շատ կարեւոր ըլլալ: Ես յիսուն աշակերտ ունեցող դպրոցի մը մէջ եմ եւ այստեղ երբեք խնդիր չէ եղած ծաղրուծանակի մասին: Որեւէ հարց արագ եւ դիւրաւ կը լուծէ տնօրէնը»:
«Ես ալ այդպէս կը մտածէի, բայց նախակրթարան յաճախելը կը դառնայ բնականոն: Ուվալտէի հրաձիգը ոչ մէկ պատճառ ունէր չորրորդ դասարանի 19 աշակերտ սպաննելու: Ան 18 տարեկան էր»:
«Երէկ 28-ամեայ երիտասարդ մը սպաննեց ինը տարեկան երեք երեխաներ: Ան նախկին աշակերտ էր…»:
«Ամէնէն կարեւորը` Միացեալ Նահանգներու մէջ զանգուածային հրաձիգները իրականութեան մէջ չեն ընտրեր դպրոցներ: Դպրոցները զանգուածային կրակոցներու ամէնէն տարածուած վայրերը չեն, անոնք պարզապէս ամէնէն մանրամասն նշուողներ եւ դիւրին յիշուողներն են»:
«Կրակողները սովորաբար կ՛ընտրեն կա՛մ իրենց ծանօթ վայրը, կա՛մ այն վայրը, ուր կ՛երթան իրենց թիրախաւորած մարդիկը: Դպրոցական հրաձիգները գրեթէ բոլորը կը գտնուին «իրենց ծանօթ վայրերու» կարգին մէջ, անոնք կա՛մ ներկայ, կա՛մ նախկին աշակերտներ են»:
«Անոնք նաեւ հակուած են ընտրելու այնպիսի վայրեր, ուր գիտեն, որ զէնքը արտօնուած չէ, ուր զէնքի արգելքները կը կիրարկուին, եւ ուր անվտանգութիւնը թոյլ է, կամ ընդհանրապէս չկայ: Անոնք կ՛ուզեն կարելի եղածին չափ շատ մարդ սպաննել կարճ ժամանակի մը մէջ: Զինեալի մը կողմէ անոնց վրայ կրակելը զգալիօրէն կը նուազեցնէ այդ թիւը»:
«Սթիվըն Փետոքը 24 զէնքէն եւ հազարաւոր փամփուշտներէ բաղկացած զինանոց ունէր, երբ կրակ բացաւ Լաս Վեկասի «Route 91 Harvest Music Festival»-ի ժամանակ: Ան գիտէր, որ դարպասի մօտ կը խուզարկեն, ամբոխի մէջ զինուած անվտանգութիւն անկարելի է, ոեւէ անձի համար դժուար կ՛ըլլայ հեռանալ կամ պահուըտիլ, քանի որ մեծ տարածքը բաց է ու ցանկապատուած, եւ ոստիկանութեան SWAT խումբերէն ժամանակ կը պահանջուի ժամանելու եւ պատրաստուելու: Կրակոցներէն առաջ անոր համացանցային որոնումները կեդրոնացած էին բացառապէս ոստիկանութեան մարտավարութեան եւ արձագանգին վրայ: Ան վստահ էր, որ մինչեւ ոստիկանութեան ժամանումը որեւէ դիմադրութիւն տեղի չ՛ունենար»: