Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Զատիկէն ճիշդ քառասուն օր ետք կը նշուի Համբարձման, կամ ինչպէս ոմանք կը կոչեն, վիճակի կամ կաթնապուրի տօնը: Անիկա Քրիստոսի յարութիւն առնելէն ետք Երկրի վրայ քառասուն օր շրջելու, քարոզելու եւ ապա երկինք համբառնալու պատկերացումն է քրիստոնէական տօնացոյցին մէջ:
Համբարձումը շարժական տօն է, ամէն տարի տարբեր թուականի կը նշուի, սակայն ան միշտ կը զուգադիպի հինգշաբթի օրուան, իսկ հանդիսութիւնները կը սկսին չորեքշաբթի: Այդ չորեքշաբթին կիները «Ծաղկամօր կիրակի» կը պահէին, այսինքն կարգ մը աշխատանքներէ կը խուսափէին ի պատիւ «Ծաղկամօր», որպէսզի ան իրենց երեխաները պաշտպանէր «ծաղիկ» ու «կարմրուկ» հիւանդութիւններէն:
Հայոց տօներու շարքին Համբարձումը սիրելի տօներէն մէկն է: Հայերը այդ տօնին հետ կապուած ունեցած են գեղեցիկ ու հետաքրքրական սովորութիւններ: Ժողովուրդը զայն նշած է բնութեան գիրկը` ծաղկած դաշտերուն մէջ:
Վիճակի Արարողութիւն
Վիճակի արարողութիւնը կը կատարուէր բացօթեայ, դաշտերուն մէջ: Աղջիկները կը բազմէին խոտերուն վրայ, իրենց մէջտեղը կը զետեղէին վիճակի փարչը:
Վիճակի փարչին մէջ կ՛ըլլար եօթը տեսակ ծաղիկ եօթը սրբազան աղբիւրէ եօթը բուռ ջուր եւ աղջիկներուն պատկանող նշաններ:
Հարսի հագուստով անչափահաս աղջնակ մը կը նստեցնէին փարչին քով` երեսը քողով ծածկուած: Իբրեւ անարատ եւ միամիտ երեխայ` ան էր, որ իւրաքանչիւր բախտագուշակ քառեակ երգէն ետք պիտի հանէր նշանները փարչին մէջէն:
Աղջիկներու խումբը առաջին երգը կը նուիրէր վիճակի փարչին.
«Վիճակ վիճակ ծաղկավիճակ,
Շալէ շապիկ, նախշուն կոճակ,
Եկան տարան տիրող դուռը,
Ճակտին զարկին կարմիր նուռը,
Ջան, ծաղիկ Համբարձում…»:
Ասկէ ետք կը սկսէր հարիւրաւոր քառեակներու երգը, իսկ բազմութիւնը դրական վիճակ ինկած նշանի տիրոջ ուրախութիւն կը մաղթէր եւ կը մխիթարէր բացասական վիճակ ինկած նշանի տիրոջ:
Վիճակի արարողութիւնը աւարտելէ ետք փարչին ջուրը կը թափէին արտերը: Շիրակի շրջանին մէջ հիւանդներուն տէրերը այս ջուրէն տուն կը տանէին եւ իրենց հիւանդին գլխուն կը քսէին, որպէսզի վերջինս արագ առողջանայ ու կազդուրուի:
Երեկոյեան տունդարձի երգը կը հաստատէր տօնին աւարտը եւ կը սկսէին աշխատանքով յագեցած օրերը:
«Համբարձման երկուշաբթին,
Առէք փոցին ու գերանդին…»:
Կաթնապուրի Արարողութիւն
Համբարձման օրը բոլոր տուներուն կաթնապուր կ՛եփէին: Ոմանք կաթնապուրի կաթսային տակ վառող կրակին մէջ կ՛այրէին եօթը աղօթքով հանգուցած ձեռքի կապը:
Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ կաթնապուրը կ՛եփէին խմբովի` արտերուն մէջ եւ քանի մը շերեփ կաթնապուր կը թափէին արտերուն շուրջը` բերքի առատութեան համար:
Համբարձման օրուան կաթնապուրը մատաղ էր, անիկա կը բաժնուէր առնուազն եօթը տան:
Շատ մը ընտանիքներ Զատիկէն մինչեւ Համբարձում կաթնապուր չէին եփէր, որպէսզի կովերուն կաթը չպակսի, իսկ Համբարձումին առաջին անգամ եփուող կաթնապուրը յատուկ հանդիսութեամբ կ՛ուտուէր.
«Համբարձում եայլա, եայլա ջան եայլա,
Լաւ օրեր, եայլա, եայլա ջան եայլա…»:
Պանիր Ուտելը Կ՛օգնէ Ապրելու
Երջանիկ, Երկար Եւ Առողջ Կեանքով
Անգլերէնով հրատարակուող ScienceAlert լրատուամիջոցը հաւաքած է քանի մը գիտական ուսումնասիրութիւններ, որոնք կը հաստատեն, որ պանիրը ազդեցութիւն ունի մեր երջանկութեան վրայ:
Միչիկըն համալսարանի հետազօտողները, ուսումնասիրելէ ետք 500 ուսանողներու սննդակարգը պարզած են, որ պանիր ուտելը կը խթանէ տոփամինի (երջանկութեան հորմոն) արտադրութիւնը:
Թէեւ պանիրը իւղոտ սնունդ կը համարուի, եւ պէտք է զայն օգտագործել չափաւոր քանակութեամբ, սակայն շատ օգտակար է առողջութեան համար: Ան կը նուազեցնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգը. միւս կողմէ` Ա. կենսանիւթով, զինկով, ֆոսֆորով, կիրով, սելենիոմով եւ ռիպոֆլաւինով հարուստ պանիրը կ՛ապահովէ մկաններու եւ ոսկորներու ամրութիւնը: Չափաւոր, բայց հետեւողական պանիրի օգտագործումը կ՛օգնէ կարգաւորելու արեան ճնշումը: Ճափոնցի հետազօտողներու կողմէ կատարուած այլ ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ, որ պանիրի օգտագործումը կը պահպանէ ճանաչողական աշխատանքը եւ դրական ազդեցութիւն կը գործէ կեանքի տեւողութեան եւ հոգեկան բարեկեցութեան վրայ:
Գիտէ՞ք, Թէ…
– Պանիրը հայ ժողովուրդի կենցաղի եւ խոհարարութեան հիմնական տարրերէն մէկը եղած է դարերու ընթացքին` դառնալով ոչ միայն սնունդի, այլ նաեւ մշակոյթի մէկ մասը:
Հայաստանի ամենայայտնի պանիրի տեսակներն են` լոռին, չանախը, եայլի պանիրը եւ աթըշի պանիրը: Իւրաքանչիւրը ունի իր իւրայատուկ պատրաստման եղանակը, համային եւ կառուցուածքային տարբերութիւնները` կախեալ տարածաշրջաններուն եւ կլիմայական պայմաններուն:
– Պանիրի առաջին հետքերը կու գան ՔԱ մօտ 8000 թուականին, երբ մարդիկ սկսան անասունները ընտելացնել կաթի համար:
– Հին եգիպտացիները կը սիրէին պանիրը եւ յաճախ զայն կը զետեղէին փարաւոններու դամբարաններուն մէջ` անոնց հանդերձեալ կեանքին համար:
– Ֆրանսայի մէջ սովորութիւն է ճաշի աւարտին մատուցել պանիրի տեսականի:
– Իտալիոյ մէջ պանիրը քերիչէ անցնելով` կը զարդարեն իրենց փիծաներն ու դդմաճները. իսկ այդ պանիրը պարտադիր փարմըզանն է կամ մոցարելան:
– Յունաստանի մէջ ֆեթան յունական աղցանի եւ շատ այլ ուտեստներու հիմնական բաղադրիչն է:
– Պանիրի փառատօները սպասուած ձեռնարկներ են, որուն ընթացքին պանիրի սիրահարները կրնան համտեսել եւ գնել բազմազան պանիրներ: Այդ փառատօներէն յիշենք Իտալիոյ «Պրա», Ֆրանսայի «Փարիզ» եւ Մ. Նահանգներու «Վիսքոնսին» հռչակաւոր փառատօները:
– Աշխարհի ամենամեծ պանիրի հաւաքածոն կը գտնուի Հոլանտայի «Ալքմաար» պանիրի թանգարանին մէջ:
– Աշխարհի ամենամեծ պանիրը պատրաստուած է Քանատայի մէջ 1995-ին. ան կը կշռէր աւելի քան 57 հազար քիլօ:
– «Թիրոֆոպիա»-ն ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` պանիրէ սոսկումը: Ոմանց համար պանիրին հոտն իսկ կրնայ ուշագնացութիւն պատճառել` հանրախանութի պանիրի սառնարանին մօտէն անցնելու ժամանակ…
Հետաքրքրական
Արագիլը` Սիրոյ, Հաւատարմութեան Եւ
Պտղաբերութեան Խորհրդանիշ
Արագիլը տարբեր մշակոյթներու մէջ համարուած է աւետաբեր, կեանքի եւ դրականի խորհրդանիշ թռչուն: Հայաստանի մէջ կայ արագիլի 2 տեսակ` սեւ եւ ճերմակ. անոնք մեր հայրենիքի բնութեան զարդերն են:
Հայ ժողովուրդի մշակոյթին մէջ արագիլը ունի առանձնայատուկ տեղ: Որպէս գարնան աւետաբեր` այս հմայիչ թռչունը կապուած է նոր կեանքի, սիրոյ եւ հաւատարմութեան գաղափարներուն հետ:
Արագիլը յիշատակուած է հայկական հեքիաթներուն, երգերուն եւ բանաստեղծութիւններուն մէջ` իբրեւ սիրուած եւ պաշտելի կերպար:
Հայոց դիցաբանութեան մէջ արագիլը ներկայացուած է իբրեւ Արա Գեղեցիկի ուղեկից եւ արտերու պաշտպան: Ան նաեւ պտղաբերութեան խորհրդանիշ մըն է` ընտանիքի, բարեկեցութեան եւ բարգաւաճման նախանշան:
Հետաքրքրական է, որ արագիլները ձայնալարեր չունին: Անոնք հաղորդակցելու համար կը կիրարկեն կտուցներու կտկտոցը, որ կափկափիւն կը կոչուի: Այս առանձնայատուկ ձեւով անոնք կը վերահաստատեն զուգընկերային կապը` ընդգծելով սէր, հաւատարմութիւն եւ ներդաշնակութիւն:
Արագիլը մշտապէս հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին մէջ խորհրդանշած է երջանկութիւն եւ յոյս` ակնարկելով գարնան եւ կեանքի վերածնունդին:
Խոհագիր
Խրթխրթան Ստեպղինի
Թթուաշ
– Կէս քիլօ ստեպղինի ձողիկներ
– 1 գաւաթ ճերմակ քացախ
– 1 գաւաթ ջուր
– 1 ապուրի դգալ շաքար
– 1 ապուրի դգալ քարաղ
– 4 պճեղ սխտոր
– 1 թէյի դգալ համեմի հունտեր
– Կէս թէյի դգալ սամիթի հունտեր
– Թարմ սամիթ
Պատրաստութիւն
Ստեպղինները լուալ, կեղուել, ապա համաչափ հաստ ձողիկներու տեսքով կտրատել:
Կտրատուած ձողիկները ուղղահայեաց շարել ապակեայ, լայն բերանով շիշի մէջ: Աւելցնել մաքրուած սխտորի պճեղները, սեւ համեմի ու սամիթի հունտերը եւ թարմ սամիթի շիւղերը:
Փոքրիկ կաթսայի մը մէջ լեցնել` ջուրը, քացախը, շաքարն ու աղը. կրակը վառել եւ տեւաբար խառնել, մինչեւ որ շաքարն ու աղը լուծուին: Ստացուած խառնուրդը զգուշութեամբ լեցնել ստեպղիններուն վրայ եւ նախքան շիշը փակելը` սպասել, որ հեղուկը պաղի:
Կափարիչով փակելէ ետք սառնարանը պահել, սպասել 24 ժամ եւ ապա համտեսել:
Այս թթուաշը կարելի է սառնարանը պահել 3-4 շաբաթ:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Համբարձում Եայլա
Համբարձում եկաւ, ծաղկունքը ալուան,
Զուգել են հանդեր նախշուն գորգերով.
Փունջ-փունջ աղջիկներ սարերը ելան,
Վիճակ հանելու, աշխուժ երգերով:
Համբարձում եայլա,
Եայլա ջան, եայլա,
Լաւ օրեր, եայլա,
Եայլա ջան, եայլա:
Երգ ու բոյր խառնած,
Թեւ թեւի տուած,
Զուգում են լեռներ,
Ծաղիկ են քաղում,
Ծաղկի հետ խաղում
Ինչպէս թիթեռներ:
Համբարձում եայլա,
Եայլա ջան, եայլա,
Լաւ օրեր, եայլա,
Եայլա ջան, եայլա:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
