Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց. «Լիբանանեան իշխանութեան Իսրայէլի հետ ամերիկեան հովանաւորութեամբ ուղղակի բանակցութիւններու դիմելու որոշումը սխալ ընտրանք մըն է, որ երկիրը նոր ճգնաժամի կ՛առաջնորդէ»:
«Ո՞ւր է զինադադարը, որուն համար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին շնորհակալութիւն յայտնեցիք», հարց տուաւ երեսփոխանը աւելցնելով. «Իսրայէլ զայն ամէն օր կը խախտէ եւ կը սպաննէ տասնեակներով անձեր, որոնց շարքին կիներ եւ մանուկներ»:
Հաժ Հասան քննադատեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի աշխատանքը` նշելով. «Ան Իրանի դէմ հաղորդագրութիւններ կը հրապարակէ, սակայն տասնեակներով նահատակներու արձանագրուելուն նկատմամբ լուռ կը մնայ»:
Հաժ Հասան Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսան որակեց «ահաբեկչութեան դեսպան»` շեշտելով. «Լիբանանցի որեւէ պատասխանատու պէտք է առանց խտրութեան բոլորին համար պատասխանատուութեան տէր կանգնի»:
«Դիմադրութիւնը շատ լաւ վիճակի մէջ է, եւ ան որ զայն տկարացնելու վրայ գրաւ կը դնէ, մեծապէս կը սխալի», ըսաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամը:
«Ներկայ բանակցային հոլովոյթը գետնի վրայ ուժերու հաւասարակշռութենէն ոչինչ պիտի փոխէ», ընդգծեց Հաժ Հասան: