Շիպանի. «Լիբանանի Մէջ Պետութեան Գերիշխանութենէն Դուրս Գործող Կարգ Մը Զինեալ Միլիսներու Նկատմամբ Ապահովական Մտավախութիւններ Ունինք»

Սուրիոյ արտաքին գործոց եւ արտերկրի սուրիացիներու հարցերու նախարար Ասաատ Շիպանի Եւրոպական Միութեան Միջերկրականի յանձնակատար Տոպրաւքա Շուիսայի հետ Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան եւ Սուրիոյ միջեւ գործընկերութեան համախմբումին ծիրին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Սուրիան Լիբանանը կը դիտարկէ իբրեւ Սուրիոյ գործընկեր եւ դրացի, եւ կը յուսանք, որ այդտեղ կայունութիւն կը հաստատուի, եւ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական գործակցութիւն տեղի կ՛ունենայ»:

«Լիբանանի մէջ լիբանանեան պետութեան գերիշխանութենէն դուրս գործող կարգ մը զինեալ խմբաւորումներու նկատմամբ ապահովական մտավախութիւններ ունինք», նշեց Շիպանի:

 

 

Leave a Comment