
ԴՊՐԱՑ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Օրհնութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Ձեռամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Կիրակի, 10 մայիս 2026-ի առաւօտեան, մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, դպրաց եւ կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն տեղի պիտի ունենայ: Պիտի ձեռնադրուին դպրեվանքի Ժառանգաւորաց եւ Ընծայարան բաժինէն խումբ մը աշակերտներ:
Սուրբ պատարագ` ժամը 9:30-ին
Ձեռնադրութիւն` ժամը 10:30-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Ձեռնադրութենէն ետք, Սուրբ սեղանին սպասարկութիւնը պիտի կատարեն նորոգ ձեռնադրեալ դպիրներն ու կիսասարկաւագները:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԼՕԽ-ի ննջեցեալ հիմնադիրներուն, բարերարներուն եւ անդամուհիներուն յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 10 մայիս 2026-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————–
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեանի մահուան առիթով` Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին եղած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
– Սուրբ Ստեփանոս Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցի մեծագոյն Պոսթընի 1500$
– Փալանճեան ընտանիք` Պոսթըն 500$
. Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու «Սաներու ֆոնտին»`
– ՀՕՄ-ի Կիպրոսի «Սօսէ» մասնաճիւղին կողմէ 1000$