Պատմութիւնը Կը Կրկնուի՞… Երկու Ժողովուրդներ` Գոյապայքար Եւ Վերածնունդ Արժանապատիւ Պայքար

ՄԱՇՏՈՑ Թ. Ծ. Վ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ
Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառու Պատրիարքական

Կղերի Միաբանութեան եւ Մեծաւոր Զմմառու վանքին

Լիբանանի Հանրապետութեան արդի քաղաքական գիտակցութիւնը սերտօրէն առնչուած է իրադարձութիւններուն հետ 20-րդ դարասկիզբի, երբ տարածաշրջանը կը գտնուէր Օսմանեան կայսրութեան փլուզման եւ հովանաւորի կառավարման նոր համակարգի ձեւաւորման կիզակէտին մէջ:

Մայիս 6-ը Լիբանանի մէջ պետական պաշտօնական տօն էր` նուիրուած արաբ ազգային գործիչներու, մտաւորականներու, հայրենասէրներու, լրագրողներու, փաստաբաններու, քաղաքական գործիչներու, նախկին պատգամաւորներու, նոյնիսկ քրիստոնեայ հոգեւորականներու, մէկ խօսքով` ազգայնականներու, մտաւորականներու եւ հայրենասէրներու, որոնք կախաղան բարձրացան օսմանեան իշխանութիւններու կողմէ 6 մայիս 1916-ին:

1916-ը ո՛չ միայն սուգի եւ տրտմութեան թուական է, այլ նաեւ` ազգային հիմնասիւն, որ կը միաւորէ տարբեր յարանուանութիւններ բռնատիրութեան դէմ պայքարի գաղափարին շուրջ:

1915-1916 թուականներու դէպքերը Ճեմալ փաշայի բռնապետական քաղաքականութեան գագաթնակէտը հանդիսացան: Վերջինս, ըլլալով երիտթուրքերու եռապետութեան անդամ, Մեծն Սուրիոյ նահանգներուն մէջ օժտուած էր գրեթէ անսահմանափակ լիազօրութիւններով: Անոր գործողութիւնները ուղղուած էին ճնշելու որեւէ ապակեդրոնացում կամ ինքնավարութիւն, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի պայմաններուն մէջ կը դիտուէր իբրեւ վտանգ` կայսրութեան ամբողջականութիւնը խախտող:

Պէյրութի եւ Դամասկոսի մահապատիժները դարձան օսմանեան համակեցութեան փլուզման եւ արաբական ազգային ինքնորոշման նոր դարաշրջանի խորհրդանիշը:

Քաղաքական բռնութիւններուն զուգահեռ, տարածաշրջանը կ՛ապրէր մարդկային մեծագոյն աղէտներէն մէկը` Լեռնալիբանանի մեծ սովը, որ խլեց բնակչութեան գրեթէ մէկ քառորդին կեանքը:

Միեւնոյն ժամանակաշրջանին Լիբանանը ապաստան դարձաւ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած տասնեակ հազարաւոր հայերու, ինչ որ հիմնովին փոխեց ապագայ պետութեան ժողովրդագրական եւ ընկերային կառուցուածքը:

1921-ի Անգարայի տխրահռչակ համաձայնագիրի ստորագրութեամբ, քաղաքական դաշտը ձեւափոխուեցաւ: Անիկա կայսերական հպատակութենէն դէպի ֆրանսական հովանաւորութեան տակ գտնուող համայնքային ներկայացուցչութեան բարդ համակարգին անցաւ:

Հակամարտութեան գաղափարական ակունքներն էին մէկ կողմէն երիտթուրքեր, իսկ դիմադրողները` արաբական ազգայնականութեան գաղափարախօսութեան կրողները:

Օսմանեան կայսրութեան անկումը կանխորոշուած էր իսլամական խալիֆայութեան համընդհանուր գաղափարի եւ 1908-ի յեղափոխութենէն ետք` երիտթուրքերու կողմէ յառաջ մղուող ծայրայեղ ազգայնականութեան միջեւ առկայ հակասութեամբ: Արաբ մտաւորականներու սկզբնական յոյսերը` վարչական բարեփոխումներու եւ ապակեդրոնացման վերաբերեալ, արագօրէն փոխուեցան յուսախաբութեան, քանի որ Պոլսոյ նոր ղեկավարութիւնը որդեգրեց պետական հաստատութիւններու թրքացման քաղաքականութիւն:

Արաբական ազգային շարժումը այս շրջանին միատարր չէր: Անիկա կը ներառէր թէ՛ եւրոպական գաղափարներով ներշնչուած աշխարհիկ մտաւորականներ եւ թէ՛ կրօնական առաջնորդներ:

1913-ին Փարիզի մէջ կայացած առաջին Արաբական խորհրդաժողովը ձեւակերպեց պահանջներ` արաբերէնի լայն կիրարկման եւ զինուորական ծառայութիւնը սեփական նահանգներուն մէջ կատարելու վերաբերեալ: Այս բարեփոխական պահանջները երիտթուրքերու կողմէ ընկալուեցան որպէս անջատողականութեան նախապատրաստութիւն, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ խթանեց թրքական ազգայնականութեան հակազդեցութեան: Յատկանշական է, որ սկզբնական շրջանին Լիբանանի քրիստոնեայ մտաւորականները առաջատար դեր խաղացին արաբականութեան գաղափարներու ձեւակերպումին մէջ` տեսնելով աշխարհիկ ազգայնականութեան մէջ համայնքային պատնէշները յաղթահարելու միջոց: Սակայն հազիւ պատերազմը սկսաւ, օսմանեան վարչակազմը Ֆրանսայի կամ Մեծն Բրիտանիոյ հետ որեւէ շփում սկսաւ դիտարկել իբրեւ պետական դաւաճանութիւն:

Ճեմալ փաշայի վարչակարգը եւ 1915-1916 թուականներու ահաբեկչութիւնները, նաեւ 1915-ին Ճեմալի Սուրիա ժամանումը` որպէս չորրորդ բանակի հրամանատար եւ նահանգապետ, անոր ուժերը կեդրոնացուց ողջ քաղաքացիական եւ զինուորական իշխանութեան վրայ:

Սակայն, Սուէզի ջրանցքի վրայ յարձակումի ձախողութենէն ետք, ան իր ամբողջ ներուժը ուղղեց ներքին անվտանգութեան դէմ: Ստանալով արտակարգ լիազօրութիւններ` Ճեմալ փաշա սկսաւ տարածաշրջանի մտաւորական վերնախաւի համակարգուած ոչնչացումը:

Բռնութիւններու գլխաւոր գործիքը դարձան Ալէյի (Լիբանան) զինուորական ատեանները, ուր մեղադրեալներուն դէմ ներկայացուող ապացոյցները յաճախ կեղծուած էին կամ ձեռք բերուած` ֆրանսական հիւպատոսութիւններու խուզարկութիւններու միջոցով:

Ճեմալ, որ ստացած էր արիւնարբու ածականը, բացայայտօրէն կը յայտարարէր, որ իր նպատակն է «գլխատել մտածողները», որպէսզի արաբները այլեւս երբեք չկարողանան իրենց իրաւունքները պահանջել:

Այդպէս ալ իր խօսքը կեանքի կոչեց` 6 մայիս 1916-ին: Միաժամանակ Պէյրութի Պուրճի հրապարակին, այժմու Նահատակաց հրապարակ, եւ Դամասկոսի Մարժէի հրապարակին վրայ օսմանեան իշխանութիւնները կախաղան բարձրացուցին ազգային շարժման տասնեակ առաջնորդներ: Նահատակներուն մէջ կային իսլամներ եւ քրիստոնեաներ, սիւննիներ եւ շիիներ, ինչ որ զանոնք վերածեց համազգային հերոսներու:

6 մայիս 1916-ի նահատակուած առանցքային դէմքերը`

– Ապտիւլ Համիտ Զահրաուի.
– Շուքրի Ասալի
– Փեթրօ Փաոլի
– Շաֆիք Մուայեատ Ազմ.
– Օմար Համատ եւ այլք:

Ընկերային-տնտեսական փլուզումի, սովի ու շրջափակումի, քաղաքական բռնութիւններուն զուգահեռ, Լիբանանը բախեցաւ աննախադէպ աղէտի: 1915-ի սկիզբը Ճեմալ փաշա խիստ շրջափակում հաստատեց Միջերկրականի արեւելեան ափերուն` թշնամիի մատակարարումները կանխելու համար: Այս որոշումը, գումարած` դաշնակիցներու ծովային շրջափակումին, տարածաշրջանը կտրեց արտաքին աշխարհէն:

Հետեւանքները ողբերգական էին: Լեռնալիբանանը, որ պատմականօրէն կախեալ էր հացահատիկի ներմուծումէն, յայտնուեցաւ արհեստական սովի ճիրաններուն մէջ: Աղիտալի վիճակը գագաթնակէտին հասաւ 1915-ի մարախներու ներխուժմամբ եւ ժանտախտի համաճարակի տարածումով, որոնք պատճառ դարձան աւելի քան 200.000 մարդու մահուան: Այս ժամանակաշրջանը ժողովրդական յիշողութեան մէջ մտաւ «Սեֆերպերլիք» անունով, որ նախապէս կը նշանակէր զինուորական զօրահաւաք, բայց դարձաւ սովի, տառապանքի եւ հարկադիր աշխատանքի հոմանիշը:

1921-ի վերջը աշխարհաքաղաքական իրավիճակը կրկին կտրուկ փոխուեցաւ: Ֆրանսան, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հովանաւորութիւնը ստանձնած էր, բախեցաւ Մուսթաֆա Քեմալի առաջնորդած թրքական ազգայնականներու ուժեղ դիմադրութեան` Կիլիկիոյ մէջ: Ճնշման իբրեւ հետեւանք` ֆրանսական կառավարութիւնը որոշեց հաշտութիւն կնքել Անգարայի հետ:

20 հոկտեմբեր 1921-ին ստորագրուեցաւ Անգարայի համաձայնագիրը, որով Ֆրանսան պարտաւորուեցաւ իր զօրքերը դուրս բերել Կիլիկիայէն` այդ տարածքները վերադարձնելով Թուրքիոյ:

Տասնեակ հազարաւոր հայեր, որոնք 1918-էն ետք ֆրանսական դրօշին պաշտպանութեան ներքոյ վերադարձած էին իրենց տուները, այս համաձայնագիրին պատճառով ենթարկուեցան երկրորդ մահապատիժի:

«Քաղաքագիտական սնանկութիւն» եզրը, որ կը գործածուի Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբան Մեսրոպ վրդ. Քէշիշեանի նամակին մէջ, ճշգրիտ կերպով կ ՛արտայայտէ ժամանակակիցներու ընկալումը: Ֆրանսան, որ հանդէս կու գար որպէս Արեւելքի քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց պաշտպան, փաստացիօրէն դաւաճանեց անոնց` յանուն աշխարհաքաղաքական զիջումներու եւ տնտեսական շահերու: Այս որոշումը յանգեցաւ հայ բնակչութեան զանգուածային գաղթին` Ատանայէն, Մարաշէն եւ Այնթապէն դէպի Պէյրութ եւ Հալէպ:

Տարածքային փոփոխութիւնները, ըստ Անգարայի համաձայնագիրին, պատճառ դարձան հայ բնակչութեան լիակատար գաղթին:

1 դեկտեմբեր 1921 թուակիր նամակը, որ Զմմառու մայրավանքէն Մեսրոպ վրդ. Քէշիշեան յղած է Պօղոս ծ. վրդ. Արիսի, բացառիկ վկայութիւն է հայ մտաւորականութեան եւ հոգեւորականութեան հոգեվիճակի մասին` Կիլիկիոյ վերականգնումի յոյսերու փլուզումի պահուն:

Մեսրոպ վրդ. Քէշիշեանի նամակի տողերուն մէջ կը զգացուի խոր դառնութիւն եւ կսկիծ, «կառուցուածքի փլուզման» ըսելով` ան կ՛ակնարկէ Ֆրանսայի հովանաւորութեամբ հայկական ինքնավարութեան ծրագիրի ձախողման: Վարդապետը այս կը համարէ «ցայտուն եւ կարկառուն ապացոյց» քաղաքականութեան, հզօրներու, որոնք կը տնօրինեն փոքր ազգերու ճակատագիրը:

Հակառակ աղէտի ահաւոր տարողութեան` նամակը համակուած է տոկունութեամբ: Վարդապետը կը մէջբերէ աշուղ Ջիւանիի «Ձախորդ օրերը» բանաստեղծութիւնը, որ հայկական մշակոյթի մէջ անկոտրում կամքի արտացոլումն է: Ան հայր Պօղոս Արիսին կը յիշեցնէ արտասանած խօսքերը, որոնք յորդոր կը կարդան վերադառնալու դէպի Քրիստոս եւ ճշմարտութիւն` գտնելու համար վէրքերու սպեղանին: Այս կ՛արտացոլացնէ Եկեղեցւոյ աւանդական դերը` որպէս համախմբող ուժ պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ:

Հայր Մեսրոպ կ՛անդրադառնայ նաեւ ազգին վերակառուցումին:

Անոր նամակը ցոյց կու տայ, որ ֆիզիքական աղէտներու պայմաններուն մէջ հայ հոգեւորականները կը փորձէին պահպանել յոյսը` կապելով զայն հաւատքի եւ ազգային վերածնունդի հետ:

Լիբանանահայութեան 1921-1930 Կիլիկիայէն զանգուածային ժամանումը, որ 1921-ի վերջը համընկնեցաւ Մեծն Լիբանանի պետութեան ձեւաւորման հետ` ի տարբերութիւն տարածաշրջանի միւս երկիրներուն, հոս հայերը ստացան քաղաքացիութիւն եւ ներառուեցան իշխանութեան համայնքային բաշխման համակարգին մէջ:

Ֆրանսական վարչակազմը ողջունեց հայերու ներհոսքը` տեսնելով անոնց մէջ քրիստոնէական ժողովրդագրական հաւասարակշռութեան ամրապնդման գործօն:

1924-ին եւ 1925-ին հայերը ստացան լիբանանեան քաղաքացիութիւն, ինչ որ անոնց իրաւունք տուաւ մասնակցելու քաղաքական կեանքին:

Լիբանանի մէջ հայկական ներկայութիւնը` Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղածները, առաջին խումբն էին, որոնք ստեղծեցին Քարանթինայի ճամբարները:

1921-1922 զանգուածային գաղթը Կիլիկիայէն` Անգարայի համաձայնագիրէն ետք, տեղի տուաւ Պուրճ Համուտի հիմնադրութեան, ձեռամբ` Պօղոս ծ. վրդ. Արիսի: Իսկ 1939-ին Ալեքսանտրեթի Թուրքիոյ յանձնումէն ետք` Այնճարի հիմնադրութեան:

Լիբանանահայ համայնքը ստեղծեց եզակի համակարգ մը` օժտուած լայն մշակութային եւ կրթական դրութեամբ: Պէյրութը վերածուեցաւ հայկական սփիւռքի մտաւորական եւ մշակութային կեդրոնի:

Պատմական սոյն տուեալներու վաւերականութեան որպէս ապացոյց` ստորեւ կը հրապարակենք Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբան` Մեսրոպ վրդ. Քէշիշեանի 1 դեկտեմբեր 1921 թուակիր նամակի առաջին բաժինը միայն` յղուած հայ որբերուն բարեկեցութիւնը ապահովելու համար հանգանակութիւն հաւաքելու միտումով եւրոպական երկիրներ շրջագայող հայր Պօղոս Արիսի:

Զմմառ
1 դեկտեմբեր 1921

Ազնիւ միաբանակից եւ սիրելի Եղբայր

Հաճոյքով ստացայ նոյեմբեր 12 թուակիր նամակդ եւ ուրախացայ, որ առողջութիւնդ բաւական լաւ է, կը մաղթեմ, որ շատ լաւ ըլլայ անիկա քիչ ատենէն, որպէսզի օր առաջ վերադառնաս եւ շարունակես ծառայելու այդ անբախտ ազգին, զոր սիրեցիր այնքան սրտովին, եւ որուն նուիրուեցար այնքան ոգեւին: Այս միջոցին ես երբեմն կը հարցնեմ ինքս իրենս, թէ` ինչո՞ւ Պէյրութ չես, երբ այսքան պէտք ես հիմա: Բայց անմիջապէս կը պատասխանեմ` լաւ որ այստեղ չես, գոնէ աչքով տեսնելու դժուարութիւնը չունիս փլուզումն այս կառուցուածքին, որուն մէջ այնչափ բան դրիր կեանքէդ ու ոգիէդ… Ինչ յուսախաբութիւն մեզի համար, բայց միանգամայն ինչ ցայտուն եւ կարկառուն ապացոյց` այս ազգին ճակատագիրը վարող հզօրներու… Քաղաքագիտական սնանկութիւն, էհ, բայց չյուսահատինք այս անգամ եւս, արդէն յուսալքումը հաւասար է մահուան, մնաց որ բանաստեղծը կ՛ըսէ.

Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՛երթան,
Վհատելու չէ, վերջ կ՛ունենան, կու գան ու կ՛երթան:
Փորձանք, հալածանք եւ նեղութիւն ազգերի գլխից
Ինչպէս ճանապարհի, կու գան ու կ՛երթան:

Մաղթենք, որ նախախնամութիւնը բարիք մը ծնի Կիլիկիան այս նոր աղէտէն, որ մարդկօրէն դատելով` չարիքներու մեծագոյնն է. մաղթենք նաեւ, այո՛, ինչպէս որ կը գրէիր, որ այս ազգը խրատուած նոյնիսկ իր աղէտներէն եւ դժբախտութիւններէն` իր հոգեւոր թէ մարմնաւոր առաջնորդներով, իր ամբողջ զանգուածով վերադարձ մ՛ունենայ դէպի Քրիստոս, դէպի ճշմարտութիւն, ուր գոնէ վէրքը կը գտնէ իր սպեղանին, վիշտն` իր սփոփանքը, աղէտեալն` իր յոյսն ու կորովը:

Սիրալիր բարեւներով քոյդ`
Մեսրոպ վրդ. Քէշիշեան

Լիբանանը, հակառակ իր ներքին դժուարութեանց, մնաց հայերու համար ապաստանի եւ յիշողութեան վայր, իսկ մայիսի 6-ը, հակառակ վերջին տարիներուն կրած փոփոխութեան, կը շարունակէ մնալ ընդհանուր նահատակութեան եւ դիմադրութեան խորհրդանիշ:

Մայիսի 6-ի Նահատակներու օրը եւ ներկայացուած նամակը միասին ցոյց կու տան  Օսմանեան կայսրութեան անկման եւ յետպատերազմեան վերադասաւորման ողբերգական ընդհանրութիւնը:

Բռնատիրութեան շարունակականութիւնը:

Այս երկու իրադարձութիւնները` 1916-ի կախաղաններն ու 1921-ի Կիլիկիոյ կորուստը, կը յիշեցնեն, թէ ինչպէ՛ս մէկ դար առաջ տարածաշրջանը դարձած էր «աղէտներու խաչմերուկ», ուր մեծ տէրութիւններու շահերը, տեղական ազգայնականներու եւ փոքրամասնութիւններու ճակատագիրը խիստ փոխկապակցուած էին իրարու:

1915-1921 թուականներու իրադարձութիւնները Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ցոյց տուին կայսերական անցեալէն դէպի ազգային ապագայ անցումի բարդ համակարգը:

1916-ի մայիս 6-ի ողբերգութիւնը դարձաւ արաբական զարթօնքի խթան, իսկ 1921-ի Անգարայի համաձայնագիրը ամրագրեց նոր իրողութիւններ` միաժամանակ պատճառ դառնալով հայութեան նոր աղէտին:

Մեսրոպ վրդ. Քէշիշեանի նամակը կամուրջ է այս երկու ողբերգութիւններուն միջեւ` արտայայտելով մտաւորական վերնախաւի ցաւը մեծ տէրութիւններու «քաղաքագիտական սնանկութեան» դիմաց: Սակայն Լիբանանի 20-րդ դարու պատմութիւնը ապացուցեց, որ փլուզուած կառուցուածքներու տեղը կարելի է ծնիլ համակեցութեան նոր եւ աւելի կայուն ձեւեր: Հայ համայնքը, դառնալով լիբանանեան հասարակութեան անբաժան մասը, վառ ապացոյցն է այն բանի, որ «ձախորդ օրերը» իսկապէս կու գան ու կ՛երթան` թողելով տեղ` ստեղծագործ աշխատանքի եւ ընդելուզման:

 

 

Leave a Comment