Արեւմտահայերէն լուրեր 5 Մայիս. 2026 — Հայաստանի Հանրային Ռադիո

• 5 Մայիսին եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ, Երեւանի մէջ կը կայանայ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան վեհաժողովը, իսկ Մաքրոն պաշտօնական այցելութեան հանգամանքով պիտի մնայ Հայաստան:

• Էմանուէլ Մաքրոն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

• Վահագն Խաչատուրեան եւ Նիկոլ Փաշինեան պարգեւատրուեցան Ֆրանսայի Պատւոյ լեգէոն-Մեծ խաչ շքանշանով, Մաքրոն` Հայաստանի Փառքի շքանշանով։

• Մաքրոն խոստացած է Ալիեւին հետ քննարկել Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու հարցը։

• Անիի կամուրջի վերականգնումը սահմանի բացումէն յետոյ մեծ զբօսաշրջային հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ․ Ռուբինեան։

• Ռուսաստանի նախագահին որոշումով՝ Յաղթանակի օրուան առիթով երկու օրուան հրադադար յայտարարուեցաւ։

• 6 Յունիսին «Դասական Եւրատեսիլ 2026» միջազգային մրցոյթը առաջին անգամ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ։

Leave a Comment