Փերես Կ՛ուզէ Ձեռք Ձգել Մուրինիոն, Իսկ Մարզիկները` Քլոփը

Ռէալ Մատրիտ ֆութպոլի ակումբը նոր մարզիչի փնտռտուքի մէջ կը գտնուի այս տարեշրջանին որեւէ մէկ տիտղոսի յաջողութեան չհասնելուն պատճառով:

Խումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես կը ցանկայ ձեռք ձգել փորթուգալցի Ժոսէ Մուրինիոն, որ 2010-էն 2013 մարզած էր Սպանիոյ «հսկաները», սակայն մարզիկներու շրջանակները շատ համամիտ չեն այդ գաղափարին: Պաշտպանողական խաղաոճի տրամադրուած Մուրինիոն վստահաբար խստապահանջ մարզիչ մըն է, մինչ Ռէալ Մատրիտի «շփացած» աստղերը կը նախընտրեն աւելի յարձակողական ոճ որդեգրող Եուրկեն Քլոփի նման մարզիչ մը: Անցեալ յունուարի կէսերուն, երբ Չապի Ալոնսօ լքեց Ռէալ Մատրիտը, նիւթեր շրջան ըրին, թէ Ռէալ Մատրիտ կ՛ուզէ ձեռք ձգել գերմանացի մասնագէտ Քլոփը, սակայն վերջինս այդքան ալ «քաջալերուած» չէր վերադառնալու մարզիչութեան գործին, մանաւանդ որ ան այժմ «Ռետ Պուլ» ընկերութեան աշխարհի ֆութպոլի աշխատանքներու պատասխանատու տնօրէնն է:

Վստահաբար շատ դժուար պիտի ըլլայ գտնել յարմար մարզիչ մը, որ կրնայ գոհացնել Վինիսիուս Ժունիորի, Քիլիան Էմպափէի եւ Ճուտ Պելինկհամի նման «շփացած» աստղեր, որոնք կը նախընտրեն իրենք փայլիլ, քան իրենց խմբակիցները` դժուարացնելով ոեւէ մարզիչի գործը:

Այժմու մարզիչ Ալվարօ Արպելու համեմատաբար աւելի թոյլ կը նկատուի եւ կրնայ «հանգիստ» ձգել այդ աստղերը, որոնք իրենց նախընտրած ֆութպոլը կը խաղան խումբին անունին եւ արդիւնքին հաշուոյն:

Թէ որքա՞ն պիտի համբերէ Փերես, միայն ժամանակը գիտէ: Բայց վստահաբար Ռէալ Մատրիտի նման ակումբի մը համար առանց տիտղոսի տարեշրջան մը շատ ձախող կը նկատուի:

 

Leave a Comment