Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը նախագահ Տ. Թրամփ եւս հոգեւոր գերագոյն առաջնորդ կը թիրախաւորէ: «Կարտիըն» թերթի Միացեալ Նահանգներու թղթակիցը` Սիտնի Պլումենտալ, անդրադարձած է նախագահին եւ անոր վարչակազմի անդամներուն կեցուածքին:
Ն.
Միացեալ Նահանգներու աւետարանականներու եւ կաթողիկէներու միջեւ քաղաքական անդունդը կը մեծնայ: Թրամփ չի հանդուրժեր իրմէ դուրս իշխանութիւն:
«Ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս չափազանց միջամտող քահանայէն», կ՛ըսէին, որ մրմնջացած է Բրիտանիոյ Հենրի Բ. թագաւորը: Անոր ասպետները անոր սուր դիտողութիւնը լսեցին որպէս հրաման: Անոնք ձիավարեցին` բախում ունենալու Քենթըրպերիի արքեպիսկոպոս Թոմաս Պեքեթին հետ, որ չափազանց ազատ եւ քննադատաբար կը խօսէր թագաւորին մասին: Երբ թագաւորին ասպետները չյաջողեցան արքեպիսկոպոսը լռեցնել, սպաննեցին զայն: Բացարձակ կառավարումը կը պահանջէր բացարձակ հաւատարմութիւն:
1170 թուականին Սուրբ Երրորդութեան ներկայացուցիչին չէր արտօնուեր կանգնիլ կառավարող իշխանութենէն վեր:
Տ. Թրամփ հաւատացած է, որ Կարտինալներու ժողովը 8 մայիս 2025-ին Ռոպերթ Պրեւոստը ընտրած է որպէս Հռոմի Լեւոն 14-րդ պապ` իրեն հաճոյք պատճառելու եւ զինք բարձրացնելու համար: «Ան Հռոմի պապ դառնալու ոչ մէկ ցուցակի մէջ էր – գրած էր Թրամփ այս տարուան 12 ապրիլին: – Զինք Եկեղեցին միայն այնտեղ ներառած է, քանի որ ան ամերիկացի էր եւ անոնք կը կարծէին, թէ այդ նախագահ Թրամփի հետ գործ ունենալու լաւագոյն միջոցն է: Եթէ ես Սպիտակ տան մէջ չըլլայի, Լեւոնը Վատիկանի մէջ չէր ըլլար»:
Մինչ Իրանի պատերազմը կը շարունակուէր, Հռոմի պապը խաղաղութեան կոչ ըրաւ: Թրամփը ինքզինք դաւաճանուած, վիրաւորուած եւ զոհ զգաց, որ Հռոմի պապը պիտի չծնրադրէ իր գահին առջեւ:
Թրամփ սարսափով անդրադարձաւ, որ չկրցաւ դադրեցնել իր քաղաքականութիւններուն դէմ բարձրացող բարոյական դատապարտումը` զանգուածային տեղահանութիւններէն մինչեւ Իրանի պատերազմը: Երբ Թրամփը կը դժուարանար լուծել Հորմուզի նեղուցի հարցը, պապին դատապարտումը առանձնապէս նուաստացուցիչ էր:
«Բաւական է եսասիրութեան եւ դրամի կռապաշտութիւնը: Բաւական է ուժի ցուցադրումը: Բաւական է պատերազմը,- ըսաւ պապը 11 ապրիլին: – Իսկական ուժը կը դրսեւորուի կեանքին ծառայելու մէջ»: Պապին դատապարտումները Թրամփը աւելի ծանր հարուածեցին, քան` դատարանի վճիռները: Աւելի բարձր բողոքարկման հնարաւորութիւն չկար: Թրամփը չէր կրնար ներման իրաւասութիւնները իր օգտին կիրարկել: Դաշնակցային պայմանագիրները կամ անվտանգութեան արտօնութիւնները չեղեալ յայտարարելու սպառնալիքը չէր կրնար պապին ստիպել վախնալ, կարծես ան իրաւաբանական ընկերութիւն կամ համալսարան ըլլար:
Թրամփի կողմէ Միամիի մէջ գաղթական երեխաներուն ծառայող կաթողիկէ բարեսիրական կազմակերպութեան տրուած դրամաշնորհը դադրեցնելը միայն աւելի ընդգծեց անոր դաժանութիւնը: Ոչ մէկ մաքսատուրք կրնար ճնշում բանեցնել պապին վրայ: Ի տարբերութիւն իր նախորդին` Ֆրանչիսքոս պապին, զայն չէին կրնար անտեսել որպէս իրականութենէ կտրուած մէկը: Լեւոն 14-րդը ունի Հռոմի Սուրբ Թովմաս Ագուինացի պապական համալսարանի կանոնական իրաւունքի դոկտորական աստիճան: Ան պէյսպոլի Ուայթ Սոքս խումբի համակիր է:
Աշխարհի ամէնէն արհամարհուած ամերիկացին չի կրնար հանդուրժել աշխարհի ամէնէն յարգուած ամերիկացիին դատողութիւնները:
Թրամփի վիրաւորուած հպարտութիւնը նախանձէն վերածուած է չարութեան: Թրամփի հնազանդութեան սպասումը խորտակուեցաւ, ան զայրացաւ, բայց անոր զայրոյթը չկրցաւ վախցնել Լեւոն 14-րդը: Թրամփ Հռոմի պապին հետ վարուեցաւ որպէս քաղաքական գործիչի, որ պիտի փլուզուէր իր ամբարտաւանութիւններուն առջեւ եւ տեղի տար:
«Լեւոն պապը ԹՈՅԼ է յանցագործութեան հարցին մէջ եւ սարսափելի` արտաքին քաղաքականութեան համար», գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Թրամփ բացայայտեց իր անդառնալի փխրունութիւնը` յայտարարելով. «Ես չեմ ուզեր Հռոմի պապ մը, որ կը քննադատէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը, քանի որ ես կ՛ընեմ ճիշդ այն, որուն համար ընտրուած եմ քաղաքական պոռթկումով մը, սահմանելու յանցագործութեան մրցանշային ցած ցուցանիշներ եւ ստեղծելով պատմութեան մէջ սակարանային ամէնէն մեծ շուկան: Լեւոն պէտք է շնորհակալ ըլլայ, քանի որ, ինչպէս բոլորը գիտեն, ան ցնցող անակնկալ էր»:
Արդեօ՞ք Հռոմի պապին ընտրութիւնը կեղծուած էր: «Ես վախ չունիմ», ինքնավստահօրէն ըսաւ պապը: Այդ խօսքը կը յիշեցնէր սաղմոս 23-ը. «Ես չեմ վախնար չարէն, որովհետեւ դուն ինծի հետ ես»:
Ապրիլի 12-ին Թրամփ հրապարակեց իր նկարը` որպէս քրիստոսանման կերպար` սպիտակ զգեստով, որ կը բուժէ հիւանդ մարդ մը: Ան շուտով ջնջեց արձանագրութիւնը: Աստուծոյ պղծութեան եւ յիմարութեան համար քննադատուելով` Թրամփ փորձեց բացատրել, որ ինք նկարուած չէ որպէս Քրիստոս, այլ` որպէս բժիշկ մը, շրջապատուած հրեշտակներով, դեւով եւ կործանիչով, հաւանաբար յղում ընելով իր յայտարարած մտադրութեան` ռմբակոծել «ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը» եւ զայն «քարէ դար վերադարձնելու»:
«Թրամփ չափազանց թեթեւ կերպար է Աստուածաշունչի մէջ գուշակուած հակաքրիստոսը ըլլալու համար: Սակայն այն, որ Թրամփ յստակ կ՛ընէ, հակաքրիստոսի ոգին կը դրսեւորէ», գրած է Ռոտ Տրեհեր` պահպանողական գրող մը, որ կարեւոր դեր խաղացած է անոր կրօնական դաւանափոխութեան մէջ:
Ինչպէս Ճոն Միլթընի «Դրախտ կորուսեալ» շարժապատկերի գլխաւոր հերոս Լիւսիֆերը, որ կը հրաժարի ընդունիլ իր կարգավիճակը Աստուծմէ ցած, Թրամփ կ՛ապստամբի Երկինքի դէմ: Սակայն, ինչպէս կը նշէ Տրեհեր, Թրամփ զուրկ է Լիւսիֆերի ինքնագիտակցութենէն, մինչ կ՛ապրի իր կործանարար զայրոյթով. «Որ կողմ որ կը թռչիմ, դժոխք է. ես դժոխք եմ», կ՛ըսէ Լիւսիֆեր: Կամ, ինչպէս Տրեհեր ըսած է` «Խելագարութիւն»:
Հակառակ կրօնի հարցերուն մէջ յայտնի տգիտութեան` Թրամփ անգամ մը մէջբերած է «Երկու կորնթացիները»: Ան լաւ կը գիտակցի, որ զինք կը մեծարեն սպիտակամորթ աւետարանական քրիստոնեայ ազգայնականները: Հակառակ իր խնդրայարոյց կեցուածքին` սպիտակամորթ աւետարանականները կը մնան իր ամէնէն հաւատարիմ համակիրները: Քրիստոնեայ ազգայնականները կ՛աղօթեն Թրամփի եկեղեցւոյ խորանին առջեւ: Թրամփի հետ անոնց յարաբերութիւնները շատոնց համատեղած են կուսակցական քաղաքականութիւնը անձի պաշտամունքի հետ` ձեւաւորելով վերանայուած կրօնական ինքնութիւն:
Այս աստուածաբանութեան մէջ Թրամփ ե՛ւ թագաւոր է ե՛ւ Քրիստոս: Ապրիլի 1-ին Սպիտակ տան մէջ աղօթքի նախաճաշի ժամանակ ան քարոզիչներու հաւաքին ըսաւ. «Ծաղկազարդի կիրակի օրը Յիսուսը մտաւ Երուսաղէմ, երբ ամբոխը զայն դիմաւորեց գովեստով, պատուելով զայն որպէս թագաւոր: Հիմա զիս թագաւոր կ՛անուանեն: Կրնա՞ք հաւատալ անոր»:
Սպիտակ տան հաւատքի գրասենեակի նախագահ Փաուլա Ուայթ-Քէյն Թրամփը համեմատեց ՄԱԿԱ (Make America Great Again) Յիսուսի հետ. «Քեզ դաւաճանեցին, ձերբակալեցին եւ կեղծ մեղադրանքներ առաջադրեցին: Այս ծանօթ օրինաչափութիւն է, որ մեր Տէրն ու Փրկիչը մեզի ցոյց տուաւ»: Ան 6 յունուարին Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի բացման աղօթքը կարդացած էր քրիստոնէական ազգայնական պաստառներ կրող ամբոխին առջեւ, Քափիթոլիումի վրայ յարձակումէն առաջ, կոչ ընելով «սուրբ համարձակութեան»:
Ռիկընի նախագահութենէն ի վեր աւետարանական քրիստոնեաներու եւ պահպանողական կաթողիկէներու միջեւ դաշինքը վերաձեւաւորուած Հանրապետական կուսակցութեան էական համախմբում եղած է: Զիրար սերտօրէն կապած էր վիժումի հարցը, որ մշակութային պատերազմի հիմնական տարրն էր: Անոնց միաձուլումը ուշադիր մշակուած քաղաքական գործողութիւն էր:
Հակակաթողիկէութիւնը միշտ ալ եղած է ամերիկեան ընդոծին գաղափարներու վարդապետութեան կեդրոնին:
1850-ականներու «Ոչինչ գիտեմ» կուսակցութիւնը խոստացած է արգիլել կաթողիկէներուն պետական պաշտօններ ստանձնել: 1960 թուականին Ճոն Ֆ. Քենետին, որ կոշտ քննադատութեան ենթարկուած էր որպէս ոչ հայրենասէր պապական, մտաւ առիւծներու բոյն` դիմելու բողոքական հովիւներու Հիւսթընի նախարարական ընկերակցութեան` անոնց վստահեցնելու համար. «Ես կը հաւատամ այն Ամերիկային, ուր Եկեղեցիի եւ պետութեան բաժանումը բացարձակ է, եւ ուր ոեւէ պետական պաշտօնեայ ո՛չ կը խնդրէ, ո՛չ ալ կ՛ընդունի հանրային քաղաքականութեան վերաբերեալ հրահանգներ Հռոմի պապէն»:
1982 թուականին կրօնական աջակողմեանները տապալեցին ամէնէն մեծ աւետարանական խումբի` Հարաւային Մկրտչական դաշինքի (SBC) հիմնարար աստուածաբանութիւնը վիժումի վերաբերեալ` այդ համապատասխանեցնելով պահպանողական կաթողիկէութեան: Նախապէս Հարաւային Մկրտչական դաշինքը հաստատած էր բանաձեւեր, որոնք կը պաշտպանէին վիժումի իրաւունքը եւ դէմ էին դպրոցներու մէջ աղօթքին: Էտ ՄաքԱթիր` «Կրօնական կլոր սեղան»-ի հիմնադիր, Colgate Palmolive-ի նախկին վաճառքի տնօրէնը, բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս սերտօրէն համակարգած է իր գործունէութիւնը Ռիկընի Սպիտակ տան հետ` SBC համագումարը կազմակերպելու եւ վիժումներու դէմ բանաձեւը ընդունելու համար:
Գերագոյն դատարանի պահպանողական մեծամասնութիւնը, որ հիմնականին մէջ պահպանողական կաթողիկէներ էին, որոնք իշխանութեան եկած էին Ռիկընէն ետք, չեղեալ յայտարարեցին վիժումի իրաւունքը: Աջերու կողմէ վիժումի վերացումը` որպէս ազգային հարց, նաեւ տկարացուց աւետարանական/կաթողիկէ միաձուլման քաղաքական կապը` հակառակ յետադիմական միլիառատէրերու կողմէ տնտեսուող աջակողմեան կաթողիկէ ենթակառոյցի աճին: Ռիկընի ժամանակաշրջանի նախագիծի վերջնական իրականացումը հիմք հանդիսացաւ Թրամփին` պապին դէմ պատերազմի համար:
Թրամփը սկսած է բնիկներու խաչակրական արշաւանք` զանգուածաբար արտաքսելով գաղթականները, որոնց մեծ մասը կաթողիկէներ են: 19-րդ դարուն գաղթի առաջին ալիքէն ի վեր Ամերիկայի մէջ Եկեղեցին եղած է գաղթականներու մարմին: Թրամփի հաստատած գաղթի եւ մաքսատան հարկադրանքը (ICE) յարձակում էր աւելի մեծ համայնքի վրայ: ICE-ն, այլ ոչ թէ վիժումը դարձաւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ճգնաժամը:
12 նոյեմբեր 2025-ին Միացեալ Նահանգներու կաթողիկէ եպիսկոպոսներու ժողովը հրապարակեց «Յատուկ պատգամ», որ առաջինն էր 12 տարուան ընթացքին, այն բանէն ետք, երբ քննադատեց Օպամայի վարչակազմը կիներու վերարտադրողական ծառայութիւններ մատուցելու համար: «Մենք դէմ ենք մարդոց անխտիր զանգուածային արտաքսումներուն», կ՛ըսուէր յայտարարութեան մէջ: Եպիսկոպոսները դատապարտեցին` «Վախի եւ մտահոգութեան մթնոլորտ մը, ուր մարդիկ կը թիրախաւորուին իրենց ինքնութեան կամ ծագումին հիման վրայ եւ կը մտահոգուին գաղթի օրէնքներու կիրարկման ձեւերէն եւ գաղթականներու վարկաբեկումէն»:
Յունուար 9-ին պապը ուղերձ մը յղեց Վենեզուելայի մէջ Թրամփի ռազմական գործողութենէն եւ Ուքրանիոյ մէջ շարունակուող պատերազմին լոյսին տակ: «Դիւանագիտութիւն մը, որ կը խթանէ երկխօսութիւնը եւ կը ձգտի բոլոր կողմերուն միջեւ համաձայնութեան, կը փոխարինուի ուժի վրայ հիմնուած դիւանագիտութեամբ,- ըսաւ ան: – Պատերազմը կրկին նորոյթ է, եւ կը տարածուի կռիւի նկատմամբ եռանդը: Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք հաստատուած սկզբունքը, որ կ՛արգիլէր երկիրներուն ուժ կիրարկել ուրիշներու սահմանները խախտելու համար, ամբողջութեամբ խաթարուած է»:
Պատերազմի քաղաքականութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու փոխնախարար Էլպրիճ Քոլպի, որ կաթողիկէ է, 22 յունուարին Փենթակոն կանչած է կարտինալ Քրիստոֆ Փիերը, որ այն ժամանակ Վատիկանի դեսպանն էր Միացեալ Նահանգներու մէջ: Քոլպի դեսպանին դասախօսութիւն մը կարդացած է իրենց բանակի ուժին մասին եւ` հրահանգած, որ` «Աւելի լաւ է անոր կողմը բռնել»: Ըստ տեղեկութիւններու, Քոլպի պապի դեսպանին յիշեցուցած է Աւինիոնի պապականութեան ճակատագիրը, երբ Ֆրանսայի Ֆիլիփ Դ. թագաւորը 1309 թուականին Հռոմէն առեւանգած է Պոնիֆացիոս Է. պապը եւ տարած Աւինիոն, ուր ան անմիջապէս մահացած է, ըստ երեւոյթին` բռնութենէն:
Սակայն Քոլպի չլռեցուց Հռոմի պապը: Իրանի դէմ պատերազմը սկսելէն ետք Թրամփի սպառնալիքները նոյնպէս չկարողացան խեղդել զայն: Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսներու առաջնորդը` Ճէյմս Մասսա արքեպիսկոպոս, 15 ապրիլին հրապարակեց «Բացատրութիւն` արդար պատերազմի տեսութեան վերաբերեալ» ուղերձ մը, նշելով. «Այսինքն արդար պատերազմ ըլլալու համար այդ պէտք է ըլլայ պաշտպանութիւն այլ անձի մը դէմ, որ գործուն պատերազմ կը մղէ, բան մը, որ ըսած է Սուրբ Հայրը . Ան չի լսեր պատերազմ մղողներու աղօթքները»:
Թրամփ նոր ասպետ նշանակեց Հռոմի պապին դէմ մարտնչելու համար: Ճէյ Տի Վանս, որ 2019 թուականին կաթողիկէ դարձած է, բայց, այդուհանդերձ, պապին կողմէ մեկուսացուած պահպանողական խմբակցութեան յառաջատար առաքեալներէն է, զգուշացուցած է. «Կարծեմ շա՜տ շա՛տ կարեւոր է, որ պապը զգուշ ըլլայ, երբ կը խօսի աստուածաբանական հարցերու մասին: Լաւագոյնը այն է, որ Վատիկան կեդրոնանայ բարոյականութեան հարցերու, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ կատարուող խնդիրներուն վրայ եւ թոյլ տայ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կեդրոնանայ ամերիկեան հանրային քաղաքականութեան թելադրման վրայ»:
Հռոմի պապին քարոզ կարդացող նորեկը միայն հոգեւոր ինքնահաւանութիւն չէր ըներ: Վանս շփոթեց իր վարչակազմի քաղաքականութիւնը: Հռոմի պապին նկատողութիւն ընելէն օր մը առաջ, Թրամփի կրօնական ազատութեան յանձնախումբի լսումներու ատեն, անոր նախագահ Տեն Փաթրիք` Թեքսասի փոխնահանգապետը, յայտարարեց, որ իւրաքանչիւր դպրոց եւ առեւտրական հաստատութիւն պէտք է յայտարարէ, որ «Եկեղեցւոյ եւ պետութեան բաժանումը Ամերիկայի մէջ մեր հիմնադրումէն ի վեր ըսուած ամէնէն մեծ սուտն է»:
Սակայն Հռոմի պապը տկարացնելու ձգտելով, Վանս կը կատարէր իր պարտականութիւնը` որպէս իր տիրոջ հաւատքի պաշտպան, որ ինչպէս Միլթընի Լիւսիֆերը, անհանդուրժող է իր սեփականէն բացի որեւէ այլ իշխանութեան նկատմամբ. «Աւելի լաւ է թագաւորել դժոխքի մէջ, քան` ծառայել դրախտի մէջ»:
