Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Հեռացան ՕՓԵՔ-էն

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները յայտարարեցին, թէ որոշած են լքել քարիւղ արդիւնահանող պետութիւնները միաւորող կազմակերպութենէն` ՕՓԵՔ-էն:

Ըստ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ուժանիւթի նախարարին, որոշումը ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 մայիսին:

Նախարարին համաձայն, որոշումը տրուած է ուժանիւթի համաշխարհային շուկային մէջ երկրի քայլերու ճկունութիւնը ապահովելու նպատակով, «որովհետեւ կազմակերպութիւնը լքելու պարագային մեր երկիրը այլեւս ՕՓԵՔ-ի առջեւ որեւէ պարտաւորութիւն պիտի չունենայ»:

Պաշտօնական տուեալներու համաձայն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները օրական 3-էն 3,5 միլիոն տակառ քարիւղ կ՛արդիւնահանեն:

Հորմուզի նեղուցի շրջափակման պատճառով, սակայն, անոր արտածումը զգալիօրէն դժուարացած է:

Leave a Comment