Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ցայտաղբիւրը կամ պուլպուլակը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տարածուած յուշարձան-աղբիւրի տեսակ է:
Առաջին պուլպուլակները Երեւանի փողոցներուն մէջ յայտնուած են 1920-ականներուն եւ ժամանակի ընթացքին դարձեր են մեծ ժողովրդականութիւն վայելող:
«Պուլպուլակ» բառը կազմուած է «պուլ-պուլ»-էն, որ ջուրի ձայնի իմաստ ունի, եւ «ակ»-էն, որ կը նշանակէ «ջուրի աղբիւր»: Մէկ մեթր բարձրութեամբ քարէ այս յուշարձանները շատ տարածուած են յատկապէս Երեւանի մէջ. անոնք կ՛առանձնանան իրենց ջուրի սառնութեամբ եւ քաղցրութեամբ:
Պուլպուլակներու վրայ փորագրուած գեղեցիկ քանդակներն ու նախշերը առանձնայատուկ տեսք կու տան մայրաքաղաքին: Ցայտաղբիւրի կառուցումը կապուած է որեւէ նշանակելի իրադարձութեան հետ: Սովորաբար ան կը կառուցուի, երբ մարդ կը մահանայ կամ կը ծնի նորը: Կարելի է ըսել, որ ան կը խորհրդանշէ` կեանքը եւ մահը, նորը եւ հինը, սկիզբն ու աւարտը:
Ցայտաղբիւրէն ջուր խմելու ժամանակ` մենք ակամայ կը խոնարհինք եւ յարգանքի ցոյց կու տանք այն մարդուն նկատմամբ, որու պատուին կառուցուած է ան:
Գիտէ՞ք, Թէ…
«Եօթը աղբիւր» պուլպուլակը Երեւանի ամենայայտնի պուլպուլակն է` տեղադրուած Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: Ան կառուցուած է 1960-ականներուն Սպարտակ Կնտեխցեանի նախագիծով: Ճարտարապետը ոգեշնչեր է այն առասպելը, ըստ որուն, դիւցազունները ջուր խմեր են Արագած լերան վրայ գտնուող եօթը աղբիւրներէն եւ ուժ ու քաջութիւն ստացած են: «Եօթը աղբիւր»-ը զարդարուած էր ամրոցի աշտարակներու տեսքով, պրոնզէ գլխիկներով, սակայն 1990-ականներուն անոնք գողցուեցան:
2008 թուականին գլխիկները վերականգնեց ոսկերիչ-ոճաբան նուռը (Nur): Այդ առիթով վարպետը շատ գաղտնիքներ պահեր է այս պուլպուլակին մէջ: Ցայտաղբիւրի ներսի հատուածին մէջ հայոց այբուբենի տառերն են, ծայրակալներու միջոցով կարելի է իմանալ ժամը` անոնք այնպէս պատրաստուած են, որ կրնան որպէս արեւային ժամացոյց ծառայել: «Ա» տառի վերի նախշազարդին վրայ կարելի է կարդալ «Անուշ լինի» մակագրութիւնը: Պուլպուլակի կեդրոնական մասին պատկերուած խաչի անկիւններուն չորս լեզուներով գրուած է «Երեւանին Երեւանից»: Հայերէն մակագրութիւնը ուղղուած է դէպի հարաւ, այնպէս որ դիւրաւ կարելի է պարզել, թէ ուր են հիւսիսը, արեւելքն ու արեւմուտքը:
Հոգեբանին Կարծիքով
Ձեր Երեխան Միայն
Յաղթանակի Մի՛ Վարժեցնէք
Ծնողնե՛ր, մի՛ վարժեցնէք ձեր երեխան միայն յաղթանակի: Ձեր երեխան չի կրնար միշտ յաղթող ըլլալ, երբեմն պարտութիւնը աւելի լաւ ուսուցիչ է, քան` յաղթանակը: Անընդհատ յաղթանակի վարժուած մարդիկ դժուար կը հաշտուին նոյնիսկ ամենաթեթեւ պարտութեան հետ:
Մի՛ վախնաք, եթէ ձեր երեխան չյաղթէ ամէն անգամ: Պարտութիւն չճաշակած մարդիկ յաճախ հպարտ են ու գոռոզ եւ կը ցաւցնեն ուրիշները: Երբեմն պարտութիւնը դեղամիջոց է` բժշկուելու փուճ, անիմաստ եւ դէպի անդունդ տանող հպարտութենէն:
Անշուշտ պէտք չէ կտրել երեխային թեւերն ու թռիչքը եւ նախօրօք պատրաստել պարտութեան, այլ պէտք է խրախուսել, որ մասնակցութիւնը ինքնին քայլ մը առաջ երթալ է, որ` ան արդէն յաղթեր է այդ քայլով եւ անկախ արդիւնքէն` յաղթական, թէ պարտուած, ան միշտ սիրուած եւ գնահատուած է իր ճիգին համար:
Հօր Հետ Յարաբերութեան Պակասը…
Հոգեբաններու կարծիքով, այն երեխաները, որոնք բաւարար ժամանակ չեն անցըներ իրենց հայրերուն հետ, աւելի կամակոր, աւելի անինքնավստահ, թուլակամ եւ յաճախ աւելի յարձակողական կը դառնան:
Երեխան հօր բացակայութեան պարագային ինքզինք պաշտպանուած չի զգար:
Երեխային համար մայրը դուռն է դէպի յուզական դաշտ, իսկ հայրը` դէպի աշխարհ: Յատկապէս մանչերու պարագային, եթէ դէպի աշխարհ այդ դուռը փակուի, անոնք իրենց կեանքի ընթացքին լուրջ հարցերու կրնան բախիլ:
Նոյն հոգեբաններուն կարծիքով, հայրերուն հետ քիչ յարաբերող երեխաներուն մօտ հնարաւոր է, որ վախ յառաջանայ հօր նկատմամբ: Եթէ հայրը միշտ յոգնած, խոժոռ դէմքով տուն կը մտնէ, կ՛ընթրէ ու կ՛երթայ քնանալու` առանց երեխային հետ ժամանակ անցընելու, այս երեւոյթը ժամանակի ընթացքին պատճառ կը դառնայ, որ երեխան խրտչի կամ վախնայ հօրմէն:
Նման հարցերէ խուսափելու համար հոգեբանները հայրերուն խորհուրդ կու տան օրուան ընթացքին թէկուզ քառորդ ժամ յարաբերիլ, ժամանակ անցընել, մտերմանալ իրենց երեխաներուն հետ: Յարաբերութեան տեւողութիւնը կարեւոր չէ, կարեւորը այն է, որ անիկա ըլլայ որակեալ:
Հայր-զաւակ յարաբերութիւնները պէտք է ըլլան ջերմ, անկեղծ ու շինիչ: Պէտք է միշտ յիշել, որ երեխային կեանքին մէջ, յատկապէս` դեռահասութեան շրջանին, շատ կարեւոր է, որ հայրը ուղղորդող կերպար ըլլայ:
Մեր Առօրեային Մէջ Դժուար Բնաւորութեամբ
Մարդիկ Կրնան Մեզ Աւելի Արագ Ծերացնել
Մեզմէ ո՞վ չի ճանչնար առնուազն մէկ դժուար բնաւորութեամբ մարդ, որուն հետ տեւաբար գործ ունենալը իսկական չարչարանք է:
Դժուար մարդիկ կրնան բացասաբար անդրադառնալ մեր մտաւոր եւ ֆիզիքական առողջութեան վրայ` յանգեցնելով ընկճախտի եւ հոգեկան անհանգստութեան: Իսկ այս մշտական ընկճախտը կրնայ նպաստել ծերացման գործընթացի արագացման:
Ուսումնասիրութիւններ յանգած են այն եզրակացութեան, որ «խնդրայարոյց» մարդիկ (որոնք հետազօտողներու կողմէ սահմանուած են որպէս խնդիրներ յառաջացնող կամ կեանքը դժուարացնող անձեր) աւելի եւս կը բարձրացնեն ընկճախտը: Հետաքրքրական է, որ կիները եւ առողջական հարցեր ունեցող մարդիկ աւելի հակուած են ազդուելու խնդրայարոյց անհատներէն:
Ինչպէ՞ս Պաշտպանուիլ
Դժուար Մարդոցմէ
Հոգեբուժին կարծիքով, առաջին եւ ամենակարեւոր քայլը մեր յարաբերութիւններու բնոյթի եւ մեր վրայ անոնց ազդեցութեան գիտակցութիւնն է: Երկրորդ քայլը յստակ սահմաններ ճշդելն է. անոնք կը կարգաւորեն յարաբերութիւնները եւ զանոնք կը դարձնեն աւելի առողջ: Սահմաններ ճշդել` չի նշանակեր կոպիտ կամ ամբարտաւան ըլլալ, այլ պարզաբանել, թէ ի՛նչը կ՛ընդունինք եւ ինչը` ոչ: Ասիկա կարելի է ցոյց տալ` մերժելով որոշ վարքագիծներ` յստակ արտայայտելով, թէ ի՛նչը մեզի յարմարաւէտ է եւ ինչը` անհանգստացնող: Նոյնիսկ երբեմն կարելի է կրճատել հաղորդակցութիւնը, եթէ ան կը սկսի վնասակար դառնալ:
Հոգեբանը նաեւ խորհուրդ կու տայ կարգաւորել յոյզերը` օգտագործելով խոր շնչառութիւն կամ օրագիր պահել. նման հնարքներ կրնան թեթեւցնել ընկճախտը եւ ճնշուածութիւնը:
Մենք նաեւ կրնանք մեզ շրջապատել այնպիսի մարդոցմով, որոնց հետ յարմարաւէտ եւ ապահով կը զգանք, ու կրնանք անոնց հետ խօսիլ առանց «դատուելու» վախի:
Վերջապէս, եթէ այս յարաբերութիւնները հասնին անտանելի փուլերու եւ ակնյայտօրէն վնասեն մեր մտաւոր եւ ֆիզիքական առողջութեան, աստիճանական, կամ նոյնիսկ որոշ պարագաներու ամբողջական հեռաւորութիւնը կրնայ համապատասխան լուծումը դառնալ:
Խոհագիր
Ֆաթթուլէ
Կարգ մը լիբանանեան ճաշարաններ իրենց ճաշացուցակին աւելցուցած են նոր աղցան մը` «ֆաթթուլէ»-ն: Ասիկա պարզապէս ֆաթթուշին եւ թապուլէին խառնուրդն է, լիբանանեան նոր գիւտ մը…
Բաղադրիչներ
– Մանրուած հազար
– Կտրատուած վարունգ
– Կտրատուած լոլիկ
– Մանրուած ազատքեղ
– Մանրուած անանուխ
– Կտրատուած բողկ
– Փրփրեմ
– Կանաչ սոխ
– Ճերմակ մանր ձաւար
Թացանին համար`
– Կիտրոնի հիւթ
– Աղ, աղտոր
– Պճեղ մը սխտոր
– Փոշի անանուխ
– Նուռի թթու
Զարդարանքի համար`
– Խորոված հաց
– Նուռի հատիկներ
Պատրաստութիւն
Բոլոր բաղադրիչները պէտք է կտրատել միջակ չափով: Աղցանի ամանի մը մէջ փոխադրել բոլոր բաղադրիչները, աւելցնել թացանը եւ լաւ խառնել: Մատուցման պահուն զարդարել նուռի հատիկներով եւ խորոված հացով:
Թէեւ աղցանին տեսքը ֆաթթուշը կը յիշեցնէ, սակայն համերու «համանուագ»-ը տպաւորիչ է:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
* * *
Կը հաւաքեմ
բոլոր թաց յիշողութիւնները
ու կ՛անուանեմ «Անձրեւ»`
այն ամենայորդը, որ անվերջ տեղում է
հոգու ներսում…
Կը յօրինեմ մի նոր ովկիանոս`
այն վեցերորդը, որի համար
Աստուած փնտռեց ու
այդպէս էլ տեղ չգտաւ
այս փոքրիկ երկրի վրայ:
Այն կ՛անուանեմ «Երջանկութիւն»
ու կը լողամ այնտեղ այնքան,
մինչեւ ձեռքերս նաւեր դառնան,
իսկ ոտքերս` խարիսխներ…
Ես կը յօրինեմ անանուն ափեր,
որոնք քարտէզների վրայ
երբեք չեն գծուի,
որովհետեւ դրանք սահմաններ չեն,
այլ ապրելու տեղեր…
Այսօր հագել եմ
իմ ամենանուրբ զգեստը,
այսօր հանդիպման եմ անձրեւի հետ.
որոշել եմ` յուզել նրան մինչեւ գիշեր,
գուցէ մի քիչ ես էլ խառնուեմ նրա լացին,
որ ովկիանոսն աւելի մեծանայ`
տիեզերքից ընդամէնը մի մատ ներքեւ…
Ամենամեծը,
Ամենամե՜ծը…
ՀԵՐՄԻՆԷ