«Ֆորմիւլա 1». Վարորդներուն Պայմանագրութիւնները Մինչեւ Ե՞րբ

Ամէն «Ֆորմիւլա 1»-ի տարեշրջանին գլխաւոր նիւթերը կը դառնան վարորդներու ապագային մասին, ուր շատերու պայմանագրութիւնները կը հասնին իրենց աւարտին: Շատեր կարճ պայմանագրութիւններ արտագրած են, իսկ ուրիշներ` երկար:

Ուրեմն ո՞վ պիտի մնայ նոյն խումբին հետ կամ ո՞ր խումբին միանալու յոյսեր կան:

«ՄԱՔԼԱՐԵՆ»

Լանտօ Նորիս իր 8-րդ տարեշրջանը կը բոլորէ «Ֆորմիւլա 1»-ին մէջ եւ մասնաւորապէս «Մաքլարեն»-ի հետ, ուր թէ՛ վարորդը, թէ՛ խումբը գոհ են եւ հաւատարիմ կը մնան իրարու: Իր պայմանագրութիւնը կ՛երկարի առնուազն մինչեւ տարեվերջ, բայց անցեալ տարուան ախոյեան Նորիս շատ հաւանաբար մնայ եւ գոհ է անգլիական ակումբէն:

Օսքար Փիասթրի իր առաջին օրէն` 2023-էն տպաւորեց ինքզինք պարտադրելով, եւ շատ հաւանաբար մինչեւ 2027-ի աւարտը կամ աւելի ալ մնայ «Մաքլարեն»-ի հետ:

«ՄԵՐՍԵՏԵՍ»

Ճորճ Ռասըլ 2022-էն ի վեր խումբին հետ է, 3 տարիներ Լուիս Համիլթընի կողքին վարելէ ետք այս երկրորդ տարին է Քիմի Անթոնելլիի հետ: Երկար խորհրդակցութիւններէ ետք խումբի պատասխանատու Թոթօ Վոլֆի հետ, Ռասըլի պայմանագրութիւնը 1 տարուան համար վերանորոգուած էր: Վերջերս ան յայտնած էր, թէ երկար ժամանակ պիտի մնայ «Մերսետես»-ի հետ, եթէ ամէն ինչ լաւ ըլլայ:

Քիմի Անթոնելլի այս տարի ալ մնայ «Մերսետես»-ի հետ, հակառակ շատ լաւ արդիւնքներ արձանագրելուն իր ասպարէզի առաջին տարեշրջանին, բայց անոր դիրքը վտանգուած կը մնայ, մանաւանդ որ «Մերսետես» անցեալ տարիներէն կը փորձէ ձեռք ձգել «Ռետ Պուլ»-ի Մաքս Վերշթափընը:

«ՌԵՏ ՊՈՒԼ»

Մաքս Վերշթափըն մինչեւ 2028-ի աւարտ պայմանագրութիւն ունի, բայց ան կրնայ որեւէ ատեն լքել խումբը, եթէ «Ռետ Պուլ» մրցակցութենէն հեռու ըլլայ ախոյեանութեան ընթացքին: Այս ձեւի պայմանով ստորագրած է ան պայմանագրութիւնը:

Իսաք Հաճար իրաւունք ստացաւ միանալու «Ռետ Պուլ»-ին, երբ պահեստի խումբ «Ռէյսինկ Պուլզ»-ի Ֆրանսա վարորդը բաւական լաւ տարեշրջան բոլորեց անցեալ տարի` յոյսով, որ իր նախկին խմբակիցներէն աւելի երկար ժամանակ կը մնայ «Ռետ Պուլ»-ի վարորդ:

«ՖԵՌԱՐԻ»

Շարլ Լըքլեր, որ 2024-ի սկիզբը միացաւ իտալական խումբին, երկար պայմանագիր ունի խումբին հետ, բայց անոր պայմանագրութիւն կը նմանի Վերշթափընի պայմանագիրին, որ առիթ կու տայ փոխել խումբը` ձախող արդիւնքներու պարագային:

Լուիս Համիլթընի անակնկալ միանալը «Մերսետես»-էն 3 տարուան համար էր, եւ ըստ երեւոյթին 2027-ի աւարտին ան կրնայ հեռանալ:

«ՈՒԻԼԻԱՄՍ»

Ալեքս Ալրոն, որ նախապէս «Ռետ Պուլ»-ի վարորդ էր, 2022-ին վերադարձաւ «Ֆորմիւլա 1»-ի աշխարհ` միանալով Ուիլիամսին, ուր երկար պայմանագրութիւն ստորագրեց շատ հաւանաբար մինչեւ 2027:

Քարլոս Սայնց 2025-ի սկիզբը շատ արագ համոզուեցաւ միանալու «Ուիլիամս»-ին, մանաւանդ երբ «Ֆեռարի» ձեռք ձգեց Համիլթընը: Սպանացի Սայնց, որ ինքզինք փաստած է շահելով քանի մը կրան փրիներ, առնուազն մինչեւ այս տարուան աւարտը պիտի մնայ «Ուիլիամս»-ի հետ:

«ՌԷՅՍԻՆԿ ՊՈՒԼԶ»

Լիամ Լոսըն «Ֆորմիւլա 1»-ի իր ասպարէզը վերականգնելու վրայ է, անցեալ տարի Ռետ Պուլի հետ իր ունեցած վերիվայրումներէն ետք, եւ մինչեւ 2026-ի աւարտը ապահոված է իր աթոռը:

Արվիտ Լինտպալտ «Ռետ Պուլ»-ի սկսնակ վարորդներէն մէկն է, որ 18 տարեկանին տպաւորած էր այս տարուան առաջին կրան փրիին` դառնալով պատմութեան երրորդ ամէնէն երիտասարդ վարորդը, որ կէտեր ձեռք կը բերէ:

«ԱՍԹՈՆ ՄԱՐԹԻՆ»

Ֆեռնանտօ Ալոնսօ 44 տարեկանին ամէնէն տարեց վարորդն է այս տարուան, բայց երկու անգամ աշխարհի ախոյեանը իր պայմանագրութեան վերջին տարին կը բոլորէ 2024-ին ստորագրելէ ետք 2 տարուան երկարաձգում:

Լանս Սթրոլ իր հօր խումբին հետ կը մնայ 2019-էն ի վեր եւ ըստ երեւոյթին պիտի մնայ մինչեւ հօր հեռանալը:

«ՀԱԱՍ»

Էսթեպան Օքոն Օլիվըր Պերմընի հետ միասին միացաւ «Հասս»-ի, երբ այս վերջինը իր նախկին վարորդներուն հետ չնորոգեց պայմանագրութիւնը, մինչ Նիքօ Հուլքենպերկ միացաւ «Աուտի»-ի, իսկ Քեւըն Մակնուսըն լքեց «Ֆորմիւլա 1»-ը:

Փորձառու Օքոն Օլիվըր Պերմընի հետ երկար պայմանագրութիւն ունի:

«ԱՈՒՏԻ»

Նիքօ Հուլքենպերկ, ինչպէս նշեցինք, լքելէ ետք «Հաաս»-ը, երկար պայմանագրութիւն մը ստորագրեց: Կապրիել Պորթոլեթօ «Ֆորմիւլա 3» եւ «Ֆորմիւլա 2» ախոյեանութիւնները շահելէ ետք միացաւ փորձառու Հուլքենպերկի, որ գերմանական ինքնաշարժի ընկերութեան նոր յոյս ներշնչէ:

«ԱԼՓԻՆ»

Փիեռ Կասլի 2023-էն ի վեր կը վարէ ֆրանսական ինքնաշարժը եւ իբրեւ ֆրանսացի 5 տարուան պայմանագրութիւն ստորագրած էր, մանաւանդ լքելէ ետք «Ռետ Պուլ»-ը:

Ֆրանքօ Քոլափինթօ, որ «Ուիլիամ»-ի պահեստի վարորդն էր, վերադարձաւ «Ֆորմիւլա 1»` փոխարինելով Ժաք Տուհանը:

«ՔԱՏԻԼԼԱՔ»

Վալթերի Պոթաս 2025-ը ամբողջութեամբ անցուց «Մերսետես»-ի օգնական վարորդի դիրքի վրայ իր աթոռը կորսնցնելէ ետք «Քիք Սաուպըր»-ի հետ, բայց 10 անգամ կրան փրի շահած Պոթաս վերադարձաւ նոր խումբի` «Քատիլաք»-ի հետ պայմանագրութիւն ստորագրելով:

Սերխիօ Փերես եւ Պոթաս երկու փորձառու վարորդներ եղան ամերիկեան նոր խումբին հետ, մանաւանդ որ Փերես 2024-էն ետք («Ռետ Պուլ»-էն ետք) անգործ էր:

Leave a Comment