Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Ազրպէյճանի մէջ 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած Ռուբէն Վարդանեանը եւ միւս հայ գերիները Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ենթակայութեան ներքեւ գտնուող քննչական մեկուսարանէն տեղափոխած են Արդարադատութեան նախարարութեան ենթակայութեան քրէակատարողական հիմնարկ` Պաքուի Ղարատաղի շրջանի Ումպաքի բանտային համալիր:
«Իրավիճակը անհանգստացնող է ու մտահոգիչ: Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքէն տեղեկութիւն ունիմ, որ այս հաստատութիւն տեղափոխուած են նաեւ այլ հայ գերիներ: Ոչինչ յայտնի է նոր հաստատութեան մէջ անոր եւ միւս գերիներու պահման պայմաններուն մասին: Այս հարցին մէջ եւս թափանցիկութիւն չկայ, միջազգային իրաւունքի կանոններով սահմանուած երաշխիքները կը խախտուին. մասնաւորապէս, նախապէս ընտանիքի անդամներուն չեն յայտնած, թէ ո՞ւր, ե՞րբ կը տեղափոխուին», յայտնեց Սահակեան: