Քեսապի Տարագիր Հայերը Սալթի Շրջանին Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Սալթի համայնապատկերը

Քեսապի հայութիւնը 1915-ի ամրան իր հայրենի բնօրրանէն տարագրուելով, իրերայաջորդ քանի մը կարաւաններով հասած էր Ճսըր Շուղուր:

Ճսըր Շուղուրէն գաղթականները ճամբայ հանուեցան դէպի Համա: Արեւամուտ էր, երբ ճամբայ ելան: Ճամբան հող էր ու փոշի: Գիշերը սաստիկ հով ելաւ: Փոշին ամպի պէս վեր բարձրացաւ եւ օդը դարձաւ անշնչելի: Դաշտային աննպաստ կլիման ծանր կը ճնշէր ժողովուրդին վրայ: Կային ծերեր, անկարողներ, հիւանդներ եւ յղի կիներ (որոնց ամուսինները կը բացակայէին զօրակոչի հետեւանքով). շատերուն ոտքերը ուռեցան եւ դժուարացան քալել: Ջուրի պաշարը սպառեցաւ. ոմանք ծարաւէն նուաղեցան եւ չկրցան քալել: Քանի մը ոստիկաններ, որոնք խղճամիտ էին, իրենց ջուրի պաշարէն բաժին հանեցին տարագիրներուն:

Գաղթականները անցան գիւղերէ, ուր աւազակախումբեր քանի մը անգամ յարձակում գործեցին, բայց հսկիչ ոստիկանները մտրակի հարուածներով զանոնք ետ քշեցին, խրախուսելով ժողովուրդը որ չվախնայ:

Համա հասնելէն ետք ժողովուրդին մեծ մասը ցանկապատով շրջապատուած դպրոցի մը ընդարձակ շրջափակին մէջ տեղաւորեցին: Համայի մէջ արդէն կային մարաշցի, հաճընցի, քիլիսցի, այնթապցի, կիւրինցի եւ այլ շրջաններէ գաղթականներ: Ժողովուրդը ապրուստի միջոց չունէր, իսկ ունեցած պաշարն ալ սպառած էր: Ամէն կողմ աննկարագրելի խառնակութիւն կը տիրէր: Ոմանք փախան շրջակայ գիւղերը եւ արաբներու մօտ ասպնջականութիւն գտնելով անոնց մօտ ծառայութեան մտան:

Համայի մէջ վախճանեցաւ Տէր Պօղոս քահանայ Աթիկեան:

Գաղթականները Համա մնացին երեք շաբաթ, որմէ ետք հրաման եկաւ ճամբորդութիւնը շարունակել առանց էշերու եւ ջորիներու:

Գաղթականութեան երբ ելած էին, կառավարութիւնը անկարող ծերերուն համար էշ եւ ջորի տրամադրած էր: Անասուններուն կ՛ընկերակցէին անոնց տէրերը, որոնք մինչեւ Համա հասնիլը կամ Համայի մէջ, հրաժարելով իրենց կենդանիներէն` ձգեցին զանոնք ու փախան դարձան իրենց գիւղերը:

* * *

Համայէն գաղթականները փոխադրուեցան Հոմս, ուր անոնք մնացին երկու շաբաթ: Հոմսի օդն ու ջուրը աւելի մաքուր էր, ու նաեւ մթնոլորտը յարաբերաբար յարմար:

Հոմսէն անոնք փոխադրուեցան Նեպըք, ուր պիտի մնային երկու օր, բայց օդի աննպաստ պայմաններու բերումով հինգ ժամ մնացին:

Նեպըքէն, տղամարդիկը` հետիոտն, իսկ կիները, ծերերն ու մանուկները` ինքնաշարժ կառքերով տեղափոխուեցան Դամասկոս, ուր տեղ հասնելէն ետք պարտէզներու մէջ տեղաւորուեցան: Շատեր ծանր հիւանդացան, իսկ ոմանց աչքերը բորբոքեցան:

Դամասկոսի շրջանին մէջ զինուորական ծառայութիւն կատարող քեսապցի կարգ մը երիտասարդներ, լուր առնելէ ետք որ իրենց հարազատները Դամասկոս հասած են, ոմանք` քանի մը օրուան արձակուրդի արտօնագիրով, ոմանք ալ բանակէն փախուստ տալով եւ բանակայինի իրենց տարազը քաղաքային տարազով փոխարինելով, միացան իրենց հարազատներուն: Գաղթականները Դամասկոս մնացին քանի մը օր:

* * *

Դամասկոսէն գաղթականները շոգեկառքերով քշուեցան դէպի Ամման, ուր անոնք լքուած կամ կիսաւեր տուներու մէջ տեղաւորուեցան:Այդ օրերուն Ամման վերածուած էր հսկայ գաղթակայանի մը, ուր, բացի քեսապցիներէն, հասած էին նաեւ կիւրինցի եւ այլ շրջաններէ հասած գաղթականներ:

Ճանճը, մժեղը, աղտոտութիւնը եւ հիւանդութիւնները անբնական վիճակներ յառաջացուցին: Շատ մը ծերեր, հիւանդներ եւ նորածիններ մահացան: Ոչ գերեզման, ոչ թաղման արարողութիւն եւ ոչ յուղարկաւոր. ամէն մեռել իր հարազատներուն ձեռքով քարայրներու մէջ կը նետուէր:

Աշնանային օրեր էին եւ Ամմանի անապատային ցուրտը եկաւ նոր դժուարութիւններու դուռ բանալ: Տեղական իշխանութիւնները լրջօրէն մտահոգուեցան, թէ ո՞ւր պէտք է ցրուել գաղթականները:

Սալթ ձմրան

Արդէն ժողովուրդին մեծ մասը հիւանդ էր ու շարժելու կարողութիւն չունէր: Ուստի հարկադրուեցան ժողովուրդը ցրուել շրջակայ գիւղերը: Մեծ մասը տեղաւորուեցաւ Սալթ, Ֆէս, Մաաս եւ շրջակայ այլ գիւղերու մէջ: Այդ շրջանին օդը եւ ջուրը աւելի մաքուր եւ առողջարար էին: Կառավարութիւնը տեղացիներուն կարգ մը տուները (որոնք ընդհանրապէս յարդախառն ցեխով շինուած էին) առաւ եւ գաղթականներուն տուաւ: Երեք-չորս ընտանիքի մէկ սենեակ յատկացուեցաւ:

Սալթ, Ֆէս, Մաաս եւ շրջակայ գիւղերը երբ հասան, արդէն ժողովուրդին մեծ մասը թիֆոյիտէ վարակուած էր: Շատ մը ընտանիքներ ամբողջութեամբ վարակուեցան ու շատեր, յատկապէս` ծերեր եւ մանուկներ չկարողացան տոկալ եւ մահացան: Պատահեցան օրեր, որ օրական հինգէն տասը մեռել կը թաղէին: Վեց ամսուան ժամանակամիջոցին ժողովուրդին կէսը մահացաւ: Իսկ վերապրողները շատ դժուարին պայմաններու տակ եւ յետին աստիճան չքաւորութեան մէջ կարողացան գոյատեւել:

* * *

Քեսապի բողոքականներուն սկիզբը հաւաստիք տրուած էր, որ գաղթի պիտի չենթարկուին, որովհետեւ Թուրքիոյ դաշնակից Գերմանիան բողոքական է: Բայց յետոյ բողոքականներն ալ իրենց կարգին քշուեցան դէպի Ճսըր Շուղուր:

Ճսըր Շուղուրէն անոնց մէկ մասը, որոնց մէջ էր վերապատուելի Տիգրան Գունտաքճեան, քշուեցաւ դէպի Համա:

Համա հասնելէն ետք անոնք գաղթակայանի մը մէջ տեղաւորուեցան:

Վերապատուելի Տիգրան Գունտաքճեան իր մօտ գտնուող բոլոր դրամը կարօտեալներուն բաժնեց եւ աշխատեցաւ օգտակար ըլլալ բոլորին: Բայց շատ չանցած ան թիֆոյիտէ վարակուեցաւ եւ մահացաւ:

Բողոքականներուն մեծամասնութիւնը Ճսըր Շուղուրէն Իտլիպ քշուեցաւ, ուրկէ  յետոյ անոնք Հալէպ տարուեցան: Անոնցմէ քանի մը անձեր, որոնց շարքին` տոքթոր Սողոմոն Աբէլեան եւ փեսան` տոքթոր Աւետիս Ինճեճիկեան, յաջողեցան մնալ Հալէպ: Մնացեալները քշուեցան դէպի Մեսքենէ եւ Տէր Զօր:

Մեսքենէի եւ Տէր Զօրի մէջ անոնք լրիւ կողոպտուեցան, շատ մը կիներ, աղջիկներ, մանուկներ եւ երիտասարդներ առեւանգուեցան, իսկ մնացեալները հաւաքաբար սպաննուեցան: Անոնցմէ շատ քիչեր վերապրեցան:

* * *

Սալթի հին փողոցներէն

Սալթի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ տեղաւորուած քեսապցի գաղթականները, յատկապէս անոնք, որոնք արհեստաւոր էին, իրենց օրապահիկը կրցան ապահովել. ոմանք իբրեւ մշակ տեղացիներուն մօտ աշխատանք ճարեցին, ոմանք ալ ողորմութեամբ իրենց գոյութիւնը պահեցին: Տեղացի իսլամ եւ քրիստոնեայ արաբ ժողովուրդը ընդհանուր առմամբ բարեացակամ վերաբերմունք ցոյց տուաւ գաղթականներուն նկատմամբ եւ յաճախ օգտակար ալ հանդիսացաւ:

Մինչեւ այդ ժամանակ Սալթի գիւղերուն մէջ ճրագ չկար եւ տեղացիք բուխերիկի կրակին շուրջ բոլորուելով կ՛անցընէին ձմրան երկար գիշերները: Անոնք հայերէն սորվեցան ճրագ գործածել: Տեղացիք նաեւ  հայերէն սորվեցան խաղողէն ռուպ պատրաստելու կերպը:

Ապրուստ ճարելը հետզհետէ կը դժուարանար: Կառավարութիւնը ատեն-ատեն նպաստ կը բաժնէր, բայց անուանական կերպով: Անգամ մըն ալ ժանգոտած թիթեղներով կերակուր բերին ժողովուրդին: Անօթութեան դիմանալու անկարող, գիտակցաբար ժանգոտած թիթեղէն ուտող եւ թունաւորուելով մահացող եղաւ:

Սովն ու յոռի սննդառութիւնը իր անդրադարձը ունեցաւ ժողովուրդի աճին վրայ: Ծննդաբերութիւնը կանգ առաւ, իսկ նորածինները մեծ մասամբ մահացան:

Նուազագոյն օրապահիկ մը կարենալ ապահովելու համար մարդիկ սկսան հնարք որոնել: Շատեր սկսան փայտ կտրել եւ շալակով Սալթ կամ Ամման տանիլ ու ծախել:

Երախտագիտութեամբ կը յիշուի նապլուսցի փերեզակ ու մանրավաճառ Հաճիի անունը, որ մանուկներուն ձրի չիր կամ այլ ուտելիք  կը բաժնէր: Զգալով որ իր կեանքին վտանգ կը սպառնայ, գիշեր մը ան իր ամբողջ ունեցածը եւ խանութը հայերուն ձգելով փախաւ  եւ Նապլուս գնաց:

Ընդհանուր առմամբ տեղացի արաբ ժողովուրդին հետ գաղթականները որեւէ դժուարութիւն չունեցան: Տեղացիք, իսլամ եւ քրիստոնեայ, յաճախ օգտակար կ՛ըլլային հայերուն եւ իբրեւ համագիւղացի` օտարներու առջեւ պաշտպան կը կանգնէին անոնց:

Ժամանակ մը ետք կառավարութիւնը հրաման արձակեց, որուն համաձայն բոլոր գաղթականները պէտք է իսլամանան: Սակայն տեղական իշխանութիւնը բարեացակամ գտնուեցաւ եւ գոհացաւ, ձեւականութիւնը պահելու համար, բոլորը նոր, իսլամական անուններով արձանագրելով:

Սակայն վտանգը այսպիսով չէր փարատած: Կառավարական պաշտօնեաները աւելի ու աւելի համարձակ ու սպառնական սկսած էին դառնալ:  Կիներ եւ աղջիկներ փախցնելու փորձեր եղան: Ժամանակ մը ետք ալ ոստիկաններ սկսան ժողովուրդին մօտ գտնուող էշերը հաւաքել, ռազմաճակատ զէնք եւ զինամթերք փոխադրելու պատրուակով:

Օր մըն ալ լուր ելաւ,  որ թուրքեր բոլոր հայ աղջիկները հաւաքելով կնութեան կամ ծառայութեան պիտի տանին: Ժողովուրդը ահաւոր մտատանջութեան եւ տագնապի մատնուեցաւ: Պէտք էր շուտափոյթ լուծում մը գտնել: Հետեւաբար ամուսնութեան տարիքի մէջ կամ մօտ եղող բոլոր աղջիկներն ու տղաքը մէկ-երկու օրուան մէջ ամուսնացուցին:

 

 

 

 

Leave a Comment