Բռնցքամարտ. Դաւիթ Չալոյեան Հասաւ Աւարտական

Բռնցքամարտի աշխարհի բաժակի մրցումները կը շարունակուին Պրազիլի Իկուասու քաղաքին մէջ, եւ այսօր առաւօտեան ժամերուն Դաւիթ Չալոյեան 90 քիլոկրամէն վեր կշիռի մրցումներու աւարտականին պիտի մրցի Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ Մոհամետ Ապտուլայեւի դէմ:

Թուրք Իլիաս Մուչահեթին յաղթելէ ետք (5-0) քառորդ աւարտականին, Չալոյեան կիսաւարտականին 3-2 արդիւնքով յաղթեց ուզպեք Ժախոնկիր Զոքիրովին:

90 քկ կշիռի մրցումներուն, Նարեկ Մանասեան քառորդ աւարտական հասած, բայց 5-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց պրազիլցի Իջայսու Ֆիլիոյէն:

50 քկ կշիռի մրցումներուն, Ռուտոլֆ Գարբոյեան իր կարգին քառորդ աւարտականին պարտութիւն կրեց Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ Սոպհան Մամետովէն եւ դուրս մնաց:

 

 

Leave a Comment