Սաստիկ հարուածներ ստացաւ հայութիւնը վերջին տասը տարիներուն: Ամէնէն ծանր հարուածները եղան Հայաստան-Ազրպէյճան երկրորդ պատերազմը եւ արցախահայութեան տեղահանութիւնը: Ասոր միացան Միջին Արեւելքի սանձարձակ քաոսը եւ մայր գաղութներու աստիճանական պարպումը: Այս բոլորը խորացուցին սփիւռքի մէջ վաղուց սկսած նահանջը: Թուլացան դպրոցական, եկեղեցական ու կուսակցական կառոյցները, եւ հասունցաւ սփիւռքի շարունակականութեան դէմ վտանգը:
Յաջորդական այս «ապտակներ»-ը ոչ միայն նիւթապէս ու հոգեպէս մաշեցուցին արդէն պանդխտութեամբ տառապող սփիւռքահայ մարդը, այլ նաեւ բացին տարակուսանքի դռները: Մոլորուած այս վիճակէն դուրս գալու ճիգին մէջ շատեր հարցականի տակ առին անցեալը, նախկիններու վաստակն ու ժառանգութիւնը: Ահելները վերաորակեցին տարիներու փորձառութիւնը, իսկ ջահելները սահմանափակեցին իրենց մասնակցութիւնը հասարակական կեանքին:
Անկախ ներկայ համընդհանուր ինքնաքննադատութեան մթնոլորտէն` Հայ դատը արժանի է առանձնայատուկ արժեւորումի, մանաւանդ որ պահանջատիրութեան արշաւը տասնամեակներ առաջ սկսած է: Արդար է հարցնել. ի՞նչ կատարուեցաւ ու որքա՞ն յաջողութեամբ: Եթէ խուսափինք պատասխանելէ, Հայ դատը կը դառնայ անցեալէն ժառանգուած անբաղձալի բեռ, իսկ անոր նուիրուած նախաձեռնութիւնները` ձեւական ծէս:
Քննելով պահանջատիրութեան ներկայ փուլը` կարելի է արձանագրել երեք հիմնական արդիւնքներ.
Ա.- Հայոց ցեղասպանութիւնը լայնօրէն ընդունուած է միջազգային գիտական եւ մտաւորական շրջանակներու կողմէ` իբրեւ պատմական փաստ:
Բ.- Շարք մը պետութիւններու կողմէ անոր ճանաչումը քաղաքական եւ իրաւական որոշ կշիռ տուաւ:
Գ.- Հայութիւնը ձեռք բերաւ համակրանք եւ բարոյական աջակցութիւն` կարգ մը ժողովուրդներու կողմէ:
Այս ձեռքբերումները, որքան ալ` կարեւոր, սակայն բաւարար չեն, թերեւս նոյնիսկ ոչ արդարացուցիչ` 60 տարիներու աշխատանքի ծաւալի դիմաց: Ակնյայտ է, որ պահանջատիրական աշխատանքը կը կարօտի լուրջ վերանայումի: Այս առումով կարելի է անդրադառնալ երեք ուղղութիւններու:
Ա.- Մասնագիտական ուղղութիւն
Հարկ է Հայ դատը դուրս բերել նեղ քաղաքական հաշուարկներէն եւ վերածել ամբողջ հայութեան սեփականութեան: Անհրաժեշտ է ստեղծել կեդրոնական, մասնագիտացած մարմին մը, որ զբաղի բացառապէս այս գործով եւ ունենայ միջազգային ներկայացուցչական բնոյթ:
Առաւելաբար պէտք է որդեգրել իրաւական եւ մասնագիտական մօտեցում` լրջօրէն ուսումնասիրելով թէ՛ Թուրքիոյ ներպետական, թէ՛ միջազգային դատական կարելիութիւնները: Այս գործընթացը կը պահանջէ` փաստաթուղթերու հաւաքագրում, իրաւական պահանջներու յստակ ձեւակերպում եւ մասնագէտներու ներգրաւում:
Բ.- Հայ դատի միջազգայնացում
Եթէ պահանջատիրութեան հիմքը միջազգային մարդկային օրէնքն է, ապա անհրաժեշտ է մեր Դատը ներկայացնել ոչ միայն իբրեւ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած յանցագործութիւն, այլ` իբրեւ լայնածաւալ ոճիր, որ թիրախաւորած է նաեւ այլ ժողովուրդներ` յոյները, ասորիները: Այս մօտեցումը կը ստեղծէ համագործակցութեան հետաքրքրական կարելիութիւններ համապատասխան կառոյցներու հետ եւ կը զօրացնէ իրաւական հիմքը` ձեւաւորելով աւելի ուժեղ եւ համոզիչ գործ (case)` միջազգային հարթակներու վրայ:
Միաժամանակ կարեւոր է ուսումնասիրել եւ ըստ այնմ օգտուիլ այլ ժողովուրդներու պահանջատիրական փորձառութիւններէն:
Գ.- Իրապաշտութեան անհրաժեշտութիւնը
Թէեւ բոլորիս համար ցանկալի է տեսնել պատմական արդարութեան ամբողջական վերականգնումը, բայց այնքան ատեն որ արտաքին աշխարհի արձագանգով ու ձեռքով պիտի կատարուի այդ մէկը, ապա նախընտրելի է, որ մեր պահանջները ըլլան իրապաշտ եւ հաւասարակշռուած: Հետեւաբար անհրաժեշտ է ճշդել նպատակները` հաշուի առնելով միջազգային քաղաքական պայմաններն ու մեր սեփական կարողութիւնները:
Ժամանակի գործօնը
Ժամանակը վճռորոշ գործօն է: Որքան դանդաղի աշխատանքը, այնքան կը նուազի թէ՛ միջազգային հետաքրքրութիւնը, թէ՛ սփիւռքի ներուժը: Իբրեւ Հայ դատի հիմնական շարժիչ ուժ սփիւռքը սահմանափակ ժամանակային հեռանկար ունի իր ներկայ դրուածքով: Ուստի դժուար է պատկերացնել, որ մէկ դար անց կարելի պիտի ըլլայ նոյն ծաւալով եւ նոյն ուժգնութեամբ շարունակել այս աշխատանքը: Ասիկա կը պարտադրէ արագ ու կազմակերպուած գործելաոճ:
Սոյն մօտեցումներով կարելի է նոր շունչ հաղորդել Հայ դատի պահանջատիրական աշխատանքին եւ սկիզբ դնել աւելի արդիւնաւէտ ու իրապաշտ փուլի մը:
