«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է

ՄԵՐԻ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Մինչեւ այսօր կը պահանջենք իտէալականացուած պայքարով, արարքներով եւ «Նեմեսիս»-ով:

Կ՛ապրինք զէնքի շաչիւնով, կիներու լացով` իրենց ամուսիններուն մահը սգացող, մայրերու լացով` իրենց սոված զաւակներուն համար, լացի ձայնովը մանուկներուն, որոնք որբացան կայսրութեան մը ձեռքով, որ կանխամտածուած ցեղասպանութիւն գործեց:

1915-ը չաւարտեցաւ: Կորսնցուցինք 1,5 միլիոն հայեր եւ մեր պապենական հողերը, աւելի քան հարիւր տարի ետք կորսնցուցինք Արցախը, կորսնցուցինք նաեւ 5000 անմեղ հոգիներ:

Մեր պայքարը վերջ չունի: Նահատակներու արդարութեան յոյսը մեր մէջ կը շարունակէ ապրիլ: Թող ըլլայ 111 տարի կամ միլիոն տարի, մենք կը շարունակենք մեզի հետ շալկել 1,5 միլիոնին լացը, որ յաւիտեան կը հնչէ եւ նոր պայքարներու առիթ կու տայ:

Եղէ՛ք Նեմեսիսը` այն չաստուածուհին, որուն վրէժխնդրութեան կը կարօտինք:

Ցեղասպանութիւն մը, որ չէ ընդունուած, կրնայ կրկնուիլ: Արդարութիւնը մեզմէ խլուած է: Պէտք է ապրինք պահանջատիրութեամբ, որ պիտի գոյատեւէ, մինչեւ Թուրքիան վճարէ արեան ամէն մէկ կաթիլի գինը եւ վերադարձնէ ամէն մէկ թիզ հող:

«Նեմեսիս»-ը նաեւ այս օրուան համար է: Վրէժը պէտք է հոսի մեր երակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Ռոստոմի կամքը` մեր բռունցքներուն մէջ:

 

 

Leave a Comment