Անմար Կամքը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ԵՂԻԿ ՈՒՆՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղ

Ապրիլ 24-ը պարզ թուական մը չէ, այլ մեր հոգիներուն մէջ բացուած անբուժելի վէրք մըն է, որ ամէն գարնան վերստին կ՛արիւնի: Այդ օրը մեր ժողովուրդին արեւը խաւարեցաւ, եւ հայուն ճակատագիրը ներկուեցաւ մահուան ու տառապանքի գոյներով: Երբ կը մտածենք այդ օրերուն մասին, կը լսենք անապատներուն մէջ մարող մայրերուն հառաչանքը, որբ մնացած մանուկներուն պաղատագին լացը եւ մեր պապերուն վերջին աղօթքը, որ անաւարտ մնաց իրենց շրթներուն վրայ:

Ապրիլ 24-ը կը ծածկէ մեր հոգիները, բայց նաեւ կը վառէ ներսի կրակը: Ան օր մըն է, երբ ամէն հայ, ո՛ւր ալ գտնուի, կը զգայ իր արմատներուն ձգողութիւնը` խոր, անխուսափելի, անբաժանելի:

Կը մտածենք այն ճամբաներուն մասին, որոնք լեցուն էին լուռ քայլերով… Այն աչքերուն մասին, որոնք վերջին անգամ նայեցան երկինքին` առանց հասկնալու, թէ ինչո՞ւ աշխարհը այսքան դաժան կրնար ըլլալ: Այդ պահերուն մէջ միայն կեանքեր կորսուած չէին, այլ նաեւ` երգեր, հեքիաթներ, երազներ: Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ այն սոսկումը, երբ մեր լոյս մտաւորականները` մեր ազգին ուղեղն ու սիրտը, մէկ գիշերուան մէջ խլուեցան մեզմէ: Ինչպէ՞ս չսգալ այն հազարաւոր եկեղեցիները, որոնք քարուքանդ եղան, եւ այն գիւղերը, որոնք ամայացան` զրկուելով իրենց տէրերէն: Մեր սուրբ հողը, որ դարեր շարունակ ծնունդ տուած էր մշակոյթի եւ արուեստի, յանկարծ դարձաւ հսկայ գերեզմանատուն մը:

Այդ օրը Մեսրոպեան տառերը արցունքով թրջուեցան:

Սակայն այդ սուգին ու մոխիրներուն մէջէն ծնաւ նաեւ մեր չկոտրուած կամքը: Մեր աչքերուն մէջ թէեւ կայ յաւիտենական տխրութիւն մը, բայց նաեւ կայ վճռակամութեան փայլը:

Այսօր մենք այդ ցաւին ու յիշատակին ժառանգորդներն ենք: Մեր երակներուն մէջ կը հոսի նահատակներուն սրբազան արիւնը, որ մեզի հանգիստ չի տար:

Մեր ցաւը մեր ուժն է: Մենք պիտի յիշենք ու յիշեցնենք, պիտի պահանջենք ու պայքարինք, մինչեւ որ արդարութեան լոյսը վերջապէս ծագի մեր լեռներուն վրայ: Մենք կանք, պիտի ըլլանք ու դեռ պիտի շատնանք` հակառակ բոլոր անոնց, որոնք փորձեցին մեզ ջնջել պատմութեան էջերէն:

Եւ այսպէս, ապրիլ 24-ը կը մնայ ոչ միայն յիշատակի օր, այլ նաեւ` վկայութիւն, որ ազգ մը, որքան ալ փորձեն զայն լռեցնել, միշտ պիտի գտնէ իր ձայնը… եւ պիտի խօսի:

 

 

 

 

 

Leave a Comment