ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ծանր, միաժամանակ ճակատագրական առանցքներէն մէկը կը մնայ պատմական արդարութիւնը վերականգնելու հրամայականը: Այս անխուսափելի գաղափարին կեդրոնը կը գտնուի միջազգային հարթակներու վրայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումները հետապնդելու պայքարը:
Պահանջատիրութիւնը պիտի շարունակէ ապրիլ մեր առօրեային,լեզուին,մշակոյթին եւ յիշողութեան մէջ` իբրեւ անաւարտ պատմութիւն:
Պատմական արդարութիւնը վերականգնելու պայքարը մեր ժողովուրդին համար դարձած է գոյութեան ուղեգիծ: Մեր ինքնութիւնը կը պահպանենք մարդկային արժանապատուութեան հիմունքներու վրայ` յիշելով, գիտակցելով եւ պահանջելով: Ո՛չ ատելութեան:
Դժբախտաբար մեր ազգային ողբերգութիւնը վերջին տասնամեակներուն քաղաքական բանավէճերու եւ պետական ռազմավարութեան հանգուցային կէտի վերածուեցաւ:
Հայաստանի անկախութենէն ետք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը փոփոխական փուլերէ անցաւ` յաճախ գտնուելով պետական քաղաքականութեան հորիզոնին մէջ, յաճախ` դուրս: Իսկ բոլորովին վերջերս Հայաստանի վարչապետը յայտարարեց. «Հրաժարւում եմ պատմական արդարութեան վերականգնման օրակարգից: Փակուած եմ համարում պատմական արդարութեան թեման»:
Այս տատանումները կը յառաջացնեն կարեւոր հարցադրում մը. մինչեւ ե՞րբ պատմական արդարութեան պահանջը կախեալ պիտի մնայ պահու շահերէն, տուրք պիտի տայ անհատական կամայականութիւններուն, իրավիճակային հաշիւներուն:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդումը շատերու կողմէ կը դիտուի լոկ բարոյական կամ խորհրդանշական պահանջ: Սակայն իրականութեան մէջ ան կը բացայայտէ իրաւական եւ քաղաքական խոր շերտեր պարունակող բովանդակութիւն մը:
Պահանջատիրութիւնը սովորական պատմական եղելութիւն մը չէ, այլ` ազգային գիտակցութեան խորքերէն ծնած անխզելի ճշմարտութիւն: Ամէնօրեայ պայքար, որովհետեւ անցեալի հետեւանքները տակաւին չեն վերացած:
Պատմական արդարութեան զարգացումը արմատներ չի կրնար նետել բովանդակազուրկ միջավայրի մէջ, որովհետեւ կը պահանջէ գիտակցական եւ արժէքային ենթահող:
Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը, տարածաշրջանային ուժային յարաբերութիւնները եւ մեծ պետութիւններու ռազմավարական շահերը ծանր ազդեցութիւն կ՛ունենան այս գործընթացին վրայ: Բազմաթիւ պետութիւններու պարագային, բարոյական ճանաչումը դարձած է առաստաղ: Մեծամասնութիւնը կը խուսափի իրաւական քայլերու պատասխանատուութենէն:
Այս իրավիճակը ինքնաբերաբար ստեղծած է անհամաչափութիւն. մէկ կողմէ` պատմական ծանր իրողութիւն, միւս կողմէ` Ցեղասպանութեան ամբողջական պատասխանատուութիւնը բացայայտելու սահմանափակ կամք:
Դժբախտաբար Հայաստանի քաղաքական եւ հասարակական դաշտին մէջ եւս միակարծութիւն չի տիրեր մեր համազգային ողբերգութեան շուրջ: Մեծամասնութիւնը ազգային ինքնութեան առանցքը կը տեսնէ անոր մէջ: Ուրիշներ կը պնդեն` պահանջատիրութիւնը կը խոչընդոտէ պետութեան «իրատեսական» արտաքին քաղաքականութիւնը…
Ստեղծուած հակադրութիւնը յաճախ կը յայտնուի հեգնական մթնոլորտներու մէջ, ուր մտքերու բախումը կը կորսնցնէ իր բովանդակային լրջութիւնը եւ կը վերածուի փոխադարձ ծաղրի: Ոմանք նոյնիսկ կը նսեմացման ցարդ կատարուած աշխատանքը: Ուրիշներ «անցեալի բարդոյթով տառապողներու» պիտակ կու տան պատմական արդարութիւնը հետապնդող մեր կառոյցներուն: Քննադատութեան նիզակ արձակող հոսանքները չեն նկատեր, որ նման մօտեցումները արջի ծառայութիւն կը մատուցեն մեր դարաւոր թշնամիին, միաժամանակ կը վտանգեն հաւաքական յիշողութեան անխզելի շղթան:
Երբ պատմական արդարութեան պահանջը կը մղուի լուսանցքային հարթութիւն, բնականաբար կը ծագի մտահոգութիւն` ի՞նչ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ մեր ժողովուրդին ազգային քաղաքական մտածողութիւնը:
Հարցը պարզ ընտրութիւն մը չէ անցեալի եւ ապագայի միջեւ: Հարցադրումը հետեւեալն է` ինչպէ՞ս կրնանք անցեալը շարժիչ ուժի վերածել ապագայի համար:
Պատմական արդարութիւնը պէտք չէ դառնայ քաղաքական ժամանակաւոր շահերու ծառայ, ո՛չ ալ դուրս մղուի պետական մտածողութեան շրջանակէն:
Ժողովուրդ մը, որուն պատմական յիշողութիւնը հիմնուած է ծանր կորուստներու վրայ, որքա՜ն միամիտ պիտի ըլլայ հաւատալու յանուն խաղաղ ապագայի մոռացութեան յորդորներուն: Բայց միաժամանակ նոյնքան կարեւոր է, որ մեր մեր յիշողութիւնը դառնայ իմաստաւորուած ուժ եւ ապագայի ներշնչման աղբիւր:
Արդեօ՞ք կարելի է հետապնդել արդարութեան պահանջը, մեր ձայնը լսելի դարձնել աշխարհին եւ զուգահեռաբար խուսափիլ մեկուսացումէ:
Այս բարակ գիծին վրայ է, որ կ՛որոշուի ոչ միայն պատմական արդարութեան ճակատագիրը, այլ նաեւ` ժողովուրդի մը ապագայի քաղաքական դիմագիծը:
Այսօր կեղծ խաղաղութեան եւ իրապաշտութեան անունով կը փորձուի ծածկել պատմական ճշմարտութիւնը, հրաժարիլ պահանջատիրութենէն, մոռացութեան մատնել Արցախը: Ժողովուրդ մը, որ կը լռէ իր պատմութիւնը աղճատողներուն առջեւ, անգիտակցաբար կը մասնակցի իր ինքնութեան կորուստին:
Այսպիսի իրավիճակի մէջ հայ ժողովուրդը պէտք է նախ ըմբռնէ, որ ո՛չ մէկ իշխանութիւն, որքան ալ` օրինական, կրնայ սեփականութիւն համարել հազարամեակներու պատմութիւնը կամ սերունդներու յիշողութիւնը: Պետութիւնները կրնան փոխուիլ, իշխանութիւնները կրնան իրարու յաջորդել, բայց ազգային իրաւունքը չի ջնջուիր վարչական որոշումներով:
Առաջին անհրաժեշտ քայլը` ինքնաժխտումը, միայն ժամանակաւոր լռութիւն կը ստեղծէ նոր ցաւերու սերմերով: Հետեւաբար պէտք է մերժել եւ հրաժարիլ այն քարոզչութենէն, թէ պատմական արդարութիւնը վերականգնելու պահանջը պատերազմի կոչ է: Ընդհակառակը, խաղաղութեան հիմնաքարն է:
Երկրորդը քայլը` այսուհետեւ աւելի լուրջ համախմբուածութիւն կը պահանջուի սփիւռքէն: Ժամանակն է, թերեւս ալ` ուշացած, որ սփիւռքը դուրս գայ զգացական արձագանգի սահմաններէն եւ ձեւաւորէ ազգային յստակ ռազմավարութիւն: Ամէնուրեք զօրացնէ պահանջատիրութեան քարոզչութիւնը: Միջազգային իրաւական հարթակներու վրայ շարունակ հետապնդէ Հայոց ցեղասպանութենէն յառաջացած հետեւանքները վերացնելու քայլերը, արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը, արցախահայութեան տունդարձը: Յստակացնէ, որ հայ ժողովուրդին պահանջատիրութիւնը արդարութեան հարց է, ոչ` ատելութեան:
Երրորդ քայլը մշակութային դիմադրութիւնն է: Երբ իշխանութիւն մը կ՛արգիլէ կամ կը նսեմացնէ ժողովուրդի մը ազգային խորհրդանիշները, մենք աւելի վճռականօրէն զանոնք պիտի պահպանենք:
Հայ ժողովուրդը իր տարբեր շերտերով` քաղաքական, հոգեւոր, մշակութային կառոյցներով, մտաւորականներով եւ համայնքային կեանքով, պիտի դառնայ պատմական յիշողութեան կենդանի պահապանը: Մենք պիտի շարունակենք սերունդէ սերունդ փոխանցել մեր պատմութիւնը, աւանդութիւնները, նոյնիսկ երբ իշխանութիւնը յանցագործութիւն նկատէ զանոնք:
Չորրորդ քայլը` նոր մտաւոր դասակարգի ձեւաւորումը խիստ անհրաժեշտ դարձած է այսօր հայ իրականութեան մէջ: Հայութիւնը կարիք ունի գիտակցուած եւ նպատակային` գործօն անհատներու, իրաւաբաններու, պատմաբաններու, դիւանագէտներու եւ արհեստավարժ նուիրեալներու: Մարդիկ, որոնք կը ղեկավարեն կամ կը ձեւաւորեն հասարակութեան մտածողութիւնը եւ արժէքային համակարգը:
Այս գիտակցութեամբ է, որ սփիւռքն ու հայրենի ժողովուրդը պէտք է գործեն` վճռական կամքով, յստակ տեսլականով եւ նախապէս ծրագրաւորուած, հետեւողական աշխատանքային ընթացքով:
Պատմական Հայաստան, Արցախ, Հայոց ցեղասպանութիւն` անցեալի էջեր չեն սոսկ, ո՛չ ալ զգացական յուշեր: Անոնք մեր ինքնութեան հիմքն են, մեր հաւաքական յիշողութեան ողնաշարը, մեր իրաւունքի եւ պահանջատիրութեան աղբիւրը:
Ինքնութեան նահանջով կառուցուած խաղաղութիւնը իր մէջ կը կրէ իր քայքայման սերմերը: Ան չի կրնար յարատեւել, որովհետեւ զուրկ է արժանապատուութեան եւ վստահութեան հիմքերէն: Հետեւաբար անխուսափելիօրէն կը վերածուի անցողիկ իրողութեան:
Պատմական արդարութիւնը հետապնդելը ընտրութիւն չէ միայն, այլ` գոյութեան շարունակական պատասխանատուութիւն:
Ցեղասպանութեան նահատակները մեր պատմութեան լուռ վկաները չեն միայն, այլ` անխօս պատգամաբերները ճշմարտութեան. անոնք մեզի կը յիշեցնեն, որ արդարութիւնը պէտք է պահանջել, ո՛չ թէ մոռնալ:
Նահատակներու արիւնը կոչ մըն է` մնալու հաւատարիմ մեր պատմութեան, մեր ինքնութեան եւ մեր արդար պահանջներուն:
Անոնց յիշատակը պիտի մնայ վերանորոգման աղբիւր, ուժի եւ միասնութեան ներշնչում: Այդ սուրբ յիշողութիւնը պիտի շարունակէ մեզ առաջնորդել դէպի ճշմարտութիւն, արդարութիւն եւ արժանապատիւ ապագայ: