Դպրեվանեան Ոգին Եւ Ցեղասպանութեան Յուշարձանին Դաստիարակութիւնը

ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ

Դաստիարակութիւնը տեղի կ՛ունենայ զանազան միջոցներով. այդ ձեւերէն մէկը` իր անուղղակի բնոյթով, կը վերաբերի այն պարագային, երբ առօրեայիդ մէջ յատուկ պատկեր մը դիտարկումիդ առարկան կը դառնայ գիտակից կամ անգիտակից կերպով: Այս մէկը աւելի ազդու կը դառնայ, երբ մանաւանդ այդ պատկերը, անկախ իր գեղեցկագիտական արժէքէն, ինքնութեանդ եւ պատկանելիութեանդ ուղղուած ըսելիք ունի: Այդ պատկերին մէջ կը գտնես` քու պատմութիւնդ, ցաւերդ, անցեալդ, պայքարի կամքդ եւ յոյսիդ մարմնացումը: Այս տուեալներով բնորոշուող դաստիարակչական պատկեր մը կը գտնենք դպրեվանքի շրջափակին մէջ. անիկա սէգ կանգնած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած նշանաւոր յուշարձանն է` լիբանանահայ մեծանուն արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեանի ստեղծագործութեամբ:

Յուշարձանը կանգնեցուած է Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակին առիթով, Խորէն Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ (թէեւ պայմաններու բերումով բացումը տեղի ունեցած է 55-ամեակին): Պղնձեայ այս յուշարձանը, որ կը ներկայացնէ անձ մը` կէս ծունկի, որ կը փորձէ վեր կանգնիլ իր աղօթքի վիճակէն` ձեռքերը դէպի վեր բարձրացնելով: Բնականաբար սոյն յուշարձանը կը խորհրդանշէ հայը, որ իր ցեղասպանուած եւ աղաչական վիճակէն կը փորձէ յառնել, ոտքի կանգնիլ եւ ինքզինք վերագտնել:

Հայկական սփիւռքին ճակատագրէն տարբեր չէ եղած: Հակառակ իր այս վեր բարձրանալու ճիգին, 1978-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին «յարձակումի ենթարկուած է» եւ պայթեցուած է անարգ ձեռքերով: Սակայն վերանորոգուած ու շարունակած է մնալ հարազատ պատկերը հայու կեանքի ուղղութեան, կամքին եւ նկարագիրին:

Այս յուշարձանը, անկախ իր համազգային տարողութեամբ Ցեղասպանութեան խորհրդանիշ ըլլալէն, եղած է դպրեվանեցիին սիրելի վայրերէն մէկը. շատեր անոր շուքին տակ գիրք կը կարդան, ուրիշներ անոր հովանիին տակ պահուըտած են եւ կամ զայն առանձնանալու լաւագոյն տեղը նկատած են: Սակայն, կրնա՞ք երեւակայել, թէ ի՛նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ նման կառոյց մը աշակերտի մը համար, երբ ամէն օր ան իր աչքերը կը բանայ ու կը փակէ այս վիթխարի արձանին դիմաց: Անոր մնայուն շուքին տակ ըլլալ եւ անկէ բխող պատմութիւնը շնչել` կը նշանակէ Հայոց ցեղասպանութեան պայքարի վճռակամութիւնը եւ հայ ժողովուրդի յարուցեալ ոգին իւրացնել: Ի վերայ ամենայնի, անոր ընդմէջէն աշակերտը կը սորվի թէ՛ աղօթել եւ թէ՛ միաժամանակ կանգնելու ճիգին մէջ ըլլալ` մի՛շտ աչքերը երկինք պահելով, որովհետեւ մեր հաւաքական ճամբան ընդմիշտ վերելք է եւ ո՛չ վայրէջք:

Դպրեվանեան կեանքի ծիլը արձակուեցաւ մեր տարագիր հայ ժողովուրդի գաղթական հողին մէջ: Այդ ծիլը դրին Ցեղասպանութիւնը վերապրած Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսն ու իրեն պէս յուսալի այլ հոգեւորականներ: Այլ խօսքով, դպրեվանքը գոյատեւման պայքարի ամէնէն շօշափելի արձագանգներէն մէկն է: Առաւել եւս, իր շրջափակէն ներս ունենալով լռութեան մէջ պատմութիւն ներկայացնող ու դաստիարակող Ցեղասպանութեան այս յուշարձանը, դպրեվանքը կը կերտէ այնպիսի սերունդներ, որոնց մէջ պատկանելիութեան ոգին, ցեղասպանուած ժողովուրդին ձայնը, մարտիրոսական սրբութիւն եւ արդարութեան հասնելու պայքարի ոգին միշտ ներկայ է, բոլոր ժամանակներուն:

Ուրեմն, երբ դպրեվանեան ոգիին մասին կը խօսինք, անոր արմատներուն մէջ Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն արձագանգը եւ արդարութեան պահանջին կրակը կը գտնենք: Այն ոգին, որ կը քանդակէ դպրեվանեցին ու անոր ինքնութիւնը, նոյնինքն այս յուշարձանին լուռ քերիչին, դուրին եւ մուրճին գործն է նաեւ, որ երկար ժամանակի վրայ անձայն կ՛աշխատի ու կը պատրաստէ ապագայ գլխագիր մարդը: Ահա թէ ուրկէ՛ կու գայ ցեղասպանուած կարգավիճակէ դէպի յարութիւն տանող դպրեվանեան ոգին…

 

 

Leave a Comment