ԼՈՒԹԵՐ
Ապրիլ 24-ը` Սրբազան Ուխտի Եւ Պայքարի Օր
Մեծ եղեռնի արհաւիրքները ապրած, հարազատներ, սիրելիներ ու հայրենի բնօրրան կորսնցուցած եւ գաղթական դարձած հայութեան համար ապրիլ 24-ը յատկապէս Ցեղասպանութեան յաջորդած տասնամեակներուն սուգի, շիւանի եւ լաց ու կոծի օր էր:
«Ազդակ» իր առաջին տարուան` 1927-ի 23 ապրիլի թիւին մէջ կը գրէր, որ ապրիլ 24-ը սրբազան ուխտի, նորոգուելու, չընկճուելու, ինչպէս նաեւ մեր նախնիներէն մեզի մնացած աւանդը նոր սերունդին փոխանցելու օր է:
«Ազդակ» կը շեշտէր գիտակից հայ յեղափոխական ըլլալու, երկաթէ կամք ու հաւատք ունենալու հրամայականը` խորտակելու համար թշնամիին լպիրշ հեգնանքը: Ապրիլ 24-ը սուգի, բայց ոչ լացի օր, եւ առաւել` պահանջատիրութեան օր պիտի ըլլար:
Ստորեւ` առաջին էջի հիմնական գրութիւնը:
Ուխտի Օր Է Ապրիլ 24-ը
Պատմութեան սեփականութիւնը չէ դարձած դեռ Ապրիլ 24 թուականը: Սերունդը, որ ապրեցաւ այդ թուականին կապուած սարսափները, դեռ կ՛ապրի: Իւրաքանչիւր հայ, որ անցած է զուլումի եւ նախճիրի անապատներէն, պատմութիւն մըն է ինքնին` անգիր, բայց խօսուն եւ ընթեռնլի: Ու այսօր, երբ տասներկու տարիներ են անցեր այդ սեւ օրէն, դէպքերը կը պատկերանան նոյնչափ կենդանի:
Անզօր ճիգ մըն է մեր օրերուն ներկայացնել թուղթի վրայ այն զուլումը, որ տեսաւ հայ ժողովուրդը ընդհանուր պատերազմի անիծեալ տարիներուն: Մարդկային միտքը անընդունակ պիտի մնայ միշտ նկարագրելու համար` մահերը կաթնկեր մանուկներու, սարսափը` եօթանասունամեայ ծերերու, եւ տանջանքը անծայրածիր այն կարաւաններուն, որոնք մտրակուեցան լեռնէ լեռ, ձորէ ձոր, գերեզմաններ կանաչ մրրիկի մը նման:
Զարհուրելի է բանալ վարագոյրները անցած այդ օրերուն: Բայց անհրաժեշտ պահանջ մըն է այդ: Տարին մէկ օր է միայն, մէկ օր ծնրադրելու միլիոն մը նահատակներու յիշատակին առջեւ. մէկ օր իր ժողովուրդի եղերական վախճանին բաղդակից հայ մտաւորականութեան ներշնչումով ապրելու եւ ուխտի կենալու, սրբազան ուխտ մը նորոգելու տարուէ տարի անընդհատ, որպէսզի մեր հոգիները չընկճուին կեանքի պայքարին մէջ եւ անդարձ մեկնողներու իտէալը պսակուի յաջողութեամբ:
Խոր է սրբազան Ապրիլ 24-ի տուած խորհուրդը: Սուգի օր է, բայց ոչ` լացի օր: Հայ մարդը` վերյիշելով այդ օրերը, պիտի պրկուի իր կարողութեան մէջ, որ կը թուի անզօր եւ անհետեւանք:
Յանուն հասնող սերունդին պիտի ըլլան մեր ապրումներն ու քայլերը. փոխանցել բոլոր այն գանձերը, որոնք աւանդ են մնացած մեզ, մեռելներու խորհուրդը ներշնչել այդ սերունդին ու պատրաստել զանոնք այն սրբազան օրուան, որ պիտի գայ անխուսափելի կերպով` իրականացնելու մէկ միլիոն նահատակներու վերջին հծծիւններն ու ուխտը: Այդ օրը արժեցնելու, լուսաւոր այդ ապագային համար, պէտք է տօնել Ապրիլ 24-ի մեծ սգատօնը: Այս օրուան մեռելական թափօրներուն եղերամայրերը չեն, որ պիտի արձագանգեն, այլ գիտակից, կշռուած հայ յեղափոխականն է` որ կուլ տալով իր կրակէ արցունքները, պիտի կանգնի աննուաճ` նորոգելու իր ուխտը, ամբարելու քիչ մը աւելի թոյն իր սրտին մէջ եւ արծուային հայեացքը մխրճելու դէպի այն հորիզոնները` ուր կը բարձրանայ ժողովուրդի մը Գողգոթան:
Ինչ հոգ, թէ դահիճները կը ցնծան այսօր իրենց ժամանակաւոր յաղթութեան վրայ եւ հայու վաթանը գերեզմանոց մըն է անծայրածիր, ուր գայլերը կը ճառակեն: Կը բաւէ երկաթէ կամք ու հաւատք` խորտակելու համար թշնամիին լպիրշ հեգնանքը եւ հասնելու համար ցանկալի օրուան: Կը բաւէ ուղղել քայլերը նոր սերունդին, որ գիտցաւ պատուհասել մեծ նախճիրին հեղինակները` թալէաթներն ու պէհաէտտին շաքիրները: Կը բաւէ տարին մէկ օր ապրիլ մեռելներու մտերմութեան մէջ, հաղորդակից անոնց մտածումին եւ անոնց գուրգուրանքին:
Հեգնութիւն եւ արհամարհանք մոռացումի գիծ քաշելու խորհրդատու բոլոր ասպետներուն: Տակաւին կ՛ապրին հայ կոյսերը, որոնց ճակատին եւ շրթներուն անջնջելի մուրն է դրոշմուած, եւ մանուկներ, որոնք թրքական որջերէն ազատած նոր կը թոթովեն հայ լեզուն:
Ուխտի օր է Ապրիլ 24-ը:
Վերապրող հայութիւնը ծունկի պիտի գայ այսօր, դէմքը ուղղուած Տէր Զօրի անապատներուն:
Ու այս կերպով, լուռ ու խորհրդաւոր, անշշուկ ու անձայն, ամէն տարի պիտի նորոգուի մեր ազգային ուխտը, որ իր կրակը պիտի պոռթկայ օր մը, այն ճամբաներուն վրայ` ուրկէ անցան Ապրիլ 24-ին բոլոր մեռելական թափօրները: