Հայոց Ցեղասպանութիւնը Անժամանցելի Ոճիր Է

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Շրջանառութեան մէջ դրուած է տեղեկութիւն, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը մշակեն որոշման ծրագիր մը Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման մասին: Օրէնքի նախագիծը կը նպատակադրէ ամբողջութեամբ չեղարկել Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան նուիրուած հանրային նախաձեռնութիւններու կազմակերպումը: Ցեղասպանութեան յուշակոթողը կը դառնայ սոսկական յուշարձան մը, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը կը փոխակերպուի Հայոց պատմութեան թանգարանի: Հայոց ցեղասպանութիւնը կը վերածուի Հայոց պատմութեան բազմաթիւ պատահարներէն մէկուն եւ կը յիշուի, օրինակի համար, սելճուքեան արշաւանքի ժամանակ կատարուած խժդժութիւններու նմանողութեամբ:

Նիկոլ Փաշինեան դիտել կու տայ, որ Կովկասի մէջ բոլորը բոլորին կը մեղադրեն ցեղասպանութիւն կատարելու մէջ. ան այսպիսով հաւասարութեան նշան կը դնէ ազրպէյճանական կեղծարարութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ: Այս հարցին կապուած դիմակայութիւնը կը խանգարէ խաղաղութեան քաղաքականութիւնը, ուրեմն` Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը, կ՛ըսէ Նիկոլ Փաշինեան, չի մտներ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն մէջ:

Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ նման վերաբերումը կը հակասէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն: Սահմանադրութեան նախաբանին մաս կազմող Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակագիրի նախավերջին` 11-րդ յօդուածը կը հրամանագրէ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար է կանգնում 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիայում եւ Արեւմտեան Հայաստանում Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին»: 23 օգոստոս 2023-ին Նիկոլ Փաշինեան վկայած էր, որ` «Անկախութեան հռչակագիրը շրջադարձային փաստաթուղթ է, որով հիմք դրուեց մեր այսօրուան պետականութեանը»: Այն օրէն, որ շրջագայութեան մէջ դրուեցաւ «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարը, անցեալը հռչակուեցաւ ինքնիշխանութեան բացակայութեան ժամանակաշրջան, որուն հիման վրայ նոյն Նիկոլ Փաշինեանը 19 մարտ 2026-ին յայտարարեց. «Անկախութեան հռչակագիրը կոնֆլիկտի (բախումի) հռչակագիր է եւ արդիւնքում կախուածութեան հռչակագիր է»: «Կախուածութենէն» ձերբազատելու համար, անկախութեան,- այսինքն` ոչ կախուածութեան-, հռչակագիրը, ըստ անոր, պէտք է հեռացուի սահմանադրութենէն: Սա կարելի է համարել անհեթեթութեան բարձրակէտ:

Եթէ Հայոց ցեղասպանութիւնը անցեալի դէպք է, հինցած ու մոռացութեան արժանի, ինչպէ՞ս պիտի վերաբերինք Արցախի մէջ գործադրուած ցեղային զտման գործողութեան հետ: Ցեղային զտումը ցեղասպանական արարք է` ըստ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան կողմէ 9 դեկտեմբեր 1948-ին որդեգրուած օրէնքին` «Հռչակագիր ցեղասպանական ոճիրի կանխարգելման եւ զսպումի մասին»: Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնը կը հրամանագրէ. Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը կանխարգելէ Արցախի ազգաբնակչութեան բռնագաղթեցման ցանկացած նոր փորձ: Նոյն ռազմավարութեան մէջ կը կարդանք. «Ցեղասպանութեան կանխարգելումը միջազգային ասպարէզում մեզ համար ոչ միայն իրաւական, այլեւ բարոյական պարտաւորութիւն է: Որպէս 20-րդ դարի առաջին ցեղասպանութեան ժառանգորդ, հայ ժողովուրդը եւ նրա կողմից ստեղծուած պետութիւնը յանձնառու են ազգային, կրօնական, էթնիկ (ազգագրական), ռասայական (ցեղային) խմբերի եւ նրանց անդամների կեանքի իրաւունքի պաշտպանութեանը»: Այս ռազմավարութեան հիման վրայ է, որ 26 օգոստոս 2021-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովը որոշած է. «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը պիտի ծառայի Հայաստանի անվտանգութեան երաշխիքների համակարգի ամրապնդմանը եւ սա լինելու է կառավարութեան առաջնահերթութիւնների շարքում»:

Կարիք չկայ բացայայտելու օրէնքներու եւ վարուող քաղաքականութեան հակասութիւնը: Քառասունչորսօրեայ պատերազմի ողբերգական պարտութենէն ետք, Հայաստանի իշխանաւորները փորձեցին ամէն սկզբունք ու իրաւունք գլխիվայր շրջել եւ տպաւորութիւն ձեւաւորել, որ Հայաստանն ու հայութիւնը ստեղծուած են միայն իրենց օրով: Պատասխանատուութենէն խուսափելու այս մոլուցքը մղեց զիրենք դրժելու հայութեան ինքնութիւնը սահմանող ամէն ազդակ, նոյնիսկ այն համոզումները, որոնց իրենք իսկ տարբեր առիթներով դաւանած էին:

Ցեղասպանութեան ոճիրը անժամանցելի է: Անոր ժխտումը առիթ կը ստեղծէ նոր ոճիրներու գործուելուն: Ինչպէս հայաստանեան օրէնքը կ՛ըսէ, ցեղասպանութեան ոճիրի դատապարտումը կանխարգելիչ բնոյթ ունի նոր ոճիրներու գործադրութեան նկատմամբ: Հայաստանի անկախ պետականութիւնը, իր իսկ ապահովութեան նկատառումով, ստիպուած է տէր կանգնելու իր պատմական պարտաւորութեան եւ պահանջելու Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, դատապարտումը եւ արդար հատուցումը: Ոչ մէկ կառավարութիւն կրնայ ցեղասպանութեան ճանաչումը չհամարել արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւն: Հակառակը պիտի նշանակէր համամտութիւն կրկնուող ցեղասպանական արարքներուն:

Անցնող շաբթուան ընթացքին, իր հայ ազգաբնակչութենէն դատարկուած Ստեփանակերտի մէջ երկու եկեղեցիներ հիմնայատակ կործանեցան: Հայութեան հետքերը ջնջող այս արարքները կը հանդիսանան բռնի տեղահանութեամբ ցեղային զտումի շարունակուող ոճիրներ: Վերադարձը մերժող այս բարբարոսութիւններուն առիթով, Հայաստանի իշխանութիւնները ծպտուն չհանեցին: Համաձա՞յն են կատարուածին: Դժուար է հաւատալ, որ հայկական իշխանութիւն մը իր լռութեամբ սատար կանգնի թշնամիի շարունակական ոճիրներուն: Սակայն, վա՜յ մեզ, այդ չէ՞ իրականութիւնը:

 

 

Leave a Comment